Թրքական նոր խարդաւանանք Գանատայի մէջ


 

 

Հեթըր Իպոթսըն գանատական «Պրանթֆըրտ Էքսփոզիթըր» օրաթերթի 2 Օգոստոսի թիւին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը հաղորդէ, որ Պրքանթֆըրտ քաղաքի «Մաունթ Հոփ» գերեզմանատան մէջ յուշատախտակ մը կամ յուշակոթող մը կանգնեցնելու ծրագիր մը յառաջացուցած է վէճ մը, որ Պրանթֆըրտի սահմաններէն դուրս եկած է։

Յուշատախտակի զետեղումը կը հետապնդէ երկու նպատակ. Օնթարիոյի մէջ իսլամական հին գերեզմանի մը վայրը նշել եւ Համաշխարհային առաջին պատերազմի ընթացքին՝ 1914 թուականին, շուրջ 100 այսպէս կոչուած «թշնամի օտարականներու» ձերբակալման պատմութիւնը պատմել։

Քննադատները կը յայտնեն, որ այս երկուքը իրարու կցելը ուշադրութիւնը շեղելու կը ծառայէ՝ աւելցնելով, որ Թորոնթոյի մէջ թրքական հիւպատոսարանէն ներկայացուցիչներու քաղաքապետ Քրիս Ֆրիլի կատարած այցելութիւնը քաղաքական օրակարգի մը մասին կը վկայէ։

Քաղաքապետ Ֆրիլ այս շաբաթ յայտնեց, որ յուշատախտակի ծրագիրը «առկախուած է» մինչեւ որ տեղական պաշտօնատարներ դաշնակցային կառավարութենէն պաշտօնատարներու հետ հանդիպում ունենան՝ աւելցնելով, որ հարցը միջազգային միջադէպի վերածելու որեւէ փափաք կամ շահ գոյութիւն չունի։

Իպոթսըն կը նշէ, որ Պրանթֆորտի երեսփոխան Ֆիլ ՄքՔոլմընի հետ կարելի չէ եղած կապ հաստատել, իսկ Թորոնթոյի մէջ թրքական հիւպատոսարանին կատարած իր հեռախօսազանգը մնացած է անպատասխան։

Իսլամական փոքր հողաշերտը ստեղծուած է 1912-ին՝ «Մաունթ Հոփ» գերեզմանատան հիւսիսարեւելեան բաժինին մէջ եւ տարիներէ ի վեր անոր կ՚ակնարկուէր իբրեւ «թրքական հողաշերտը», թէեւ, ըստ տեղացի հետազօտող Պիլ Տարֆլըրի, այդտեղ թաղուած անձերը կը թուին թուրքեր չըլլալ։ Ան կը նշէ, որ մէկ դար առաջ մարդիկ, որոնց թուրք անունը կը տրուէր անպայման ներկայիս մեր հասկցած թուրքերը չեն։

Տարֆլըր կը յայտնէ, որ հողաշերտին մէջ թաղուած 16 անձերու մեծամասնութեան անունները մտածել կու տան, թէ անոնք ալեւիներ են։ Հողաշերտին մէջ 1912-ին տեղի ունեցած թաղումը «Տը Էքսփոզիթըր»-ի կողմէ նշուած էր իբրեւ «այս քաղաքին մէջ առաջին մահմետական յուղարկաւորութիւնը»։

Արձանագրութիւնները ցոյց կու տան, որ հողաշերտին մէջ յարաբերաբար նոր եղող երկու դամբանաքարեր ունի (1941 եւ 1963), իսկ մնացեալ 14-ը 1912-էն 1918 երկարող եւ արձանագրութիւն չունեցող գերեզմաններ են, իսկ 1939-ին իսլամական երկու յուղարկաւորութիւն տեղի ունեցած է։

 

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՔԸ

Նոյեբեր 1914-ին, Բրիտանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ պատերազմի յայտարարութենէն օրէր ետք, Պրանթֆըրտի ոստիկանութիւնը Օթթաուայէն հրաման կը ստանայ ձերբակալելու տեղւոյն բոլոր թուրքերը (մեծամասնութեամբ գործարաններու մէջ բանուորներ)։ Շուրջ 100 անձեր կարճ ժամանակ մը բանտին մէջ կ՚արգելափակուին, ապա զիրենք շոգեկառքով քաղաքէն դուրս կը փոխադրեն եւ Քափուքէյսինկի մէջ ճամբարի մը մէջ կ՚արգելափակեն։

Տարֆլըր քանի մը տարի առաջ նիւթական նպաստ մը ստացաւ այս պատմական դէպքին ու անոր արդիւնքին մասին տեղեկութիւն հաւաքելու համար։ Այդ ծրագիրին շուրջ անոր կատարած աշխատանքը, ի վերջոյ, գրաւեց թուրքերու ուշադրութիւնը։

 

2013-ին, Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոս Ալի Ռիզա Կիւնէյ այցելեց «Մաունթ Հոփ» գերեզմանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ Ֆրիլի հետ։ Տարֆլըր, որ Թուրքիոյ հիւպատոսին գերեզմանատուն այցելութեան ընթացքին ներկայ էր, յայտնեց, որ թրքական կառավարութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ թուրքերու ճակատագրով հետաքրքրուած էր։ Արդիւնքը այն եղաւ, որ հողաշերտին մէջ թաղուած անձերուն անունները թուող եւ 1914-ին ձերբակալուած անձերուն պատմութիւնը ներկայացնող տապանաքար մը զետեղելու առաջարկը կատարուեցաւ։

 

Գլխաւոր հարցը այն էր, որ անկարելի էր փաստել, թէ 1914-ին ձերբակալուած անձերէն որեւէ մէկը այդտեղ թաղուած է։ Տարֆլըր կ՚ըսէ, որ իրողութեան մէջ հաստատ է, որ այդտեղ թաղուած եօթը այր մարդիկ կապ չունին 1914-ի դէպքին հետ, որովհետեւ այդ թուականէն առաջ մահացած են։

Այս բոլորին վրայ կ՚աւելնայ այն, որ գանատահայ համայնքը մտահոգ է, թէ Պրանթֆըրտ գերեզմանատան երկար ատենէ ի վեր մոռցուած բաժինին նկատմամբ թրքական կառավարութեան այս անակնկալ հետաքրքրութիւնը՝ պարզապէս քաղաքական դրդապատճառներ ունի։

Հարաւային Օնթարիոյի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ, Թորոնթոյի բնակիչ Սամ Մանուկեան կը յայտնէ, որ հողաշերտը պատշաճ կերպով իբրեւ իսլամական գերեզմանատուն նշող յուշատախտակ մը շատ պատշաճ պիտի ըլլայ, սակայն գերեզմանատունը, առանց որեւէ փաստի, Համաշխարհային առաջին պատերազմի ընթացքին արգելափակման դէպքին կապելը չափազանցութիւն մըն է։

 

Մանուկեան նաեւ նշած է, որ այդտեղ թաղուած անձերը Թուրքիոյ եւ թրքական կառավարութեան առնչող յուշատախտակ մը կամ յուշակոթող մը զետեղելը անարդարութիւն պիտի ըլլայ՝ աւելցնելով, որ այդ մէկը շատոնց մահացած ալեւիներուն եւ ուրիշներու կարգին՝ հալածանքներու պատճառով Թուրքիայէն փախուստ տուած հայերու հասած ապտակի մը համազօր պիտի ըլլայ։

Մանուկեան յայտնած է, որ թրքական կառավարութեան զօրակցութիւնը վայելող եւ ալեւիները իբրեւ թուրք ներկայացնող յուշակոթող մը ունենալու գաղափարը «իսկական անարդարութիւն» մըն է, ինչպէս նաեւ սխալ նկարագրութիւն մը։

Ծրագիրին դէմ եղողները keghart.com կայքէջին վրայ զետեղած են «Կեղծ յուշակոթողին արգելք հանդիսացէք» խորագիրով խնդրագիր մը, որ կը դատապարտէ Թուրքիոյ դեսպանին Գանատայի ներքին հարցերուն միջամտութիւնը, ինչպէս նաեւ ոչ թուրք արգելափակեալներուն յիշատակը Անգարայի քարոզչական նպատակներուն համար չարաշահումը։ Անոնք նաեւ կոչ կ՚ուղղեն «կեղծ յուշակոթողի» ծրագիրը չեղեալ նկատել։

Նկարը՝ հետազօտող Պիլ Տարֆլըր Պրանթֆըրտի գերեզմանատան մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.