ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ «ՑԵՂԱՅԻՆ ԳԱՂՏՆԱԹԻՒ»ԵՐ ԿԸ ՏՐՈՒԻՆ ԵՂԵՐ


 

 

Իսթանպուլի Կրթական Տնօրէնութեան կողմէ գրի առնուած պաշտօնական գրութիւն մը յանկարծ երեւան հանեց որ այս երկրին մէջ Հայ, Յոյն ու Հրեայ հայրենակիցներուն համար Հանրապետութեան հիմնումի օրերէն ի վեր կը գործածուին եղեր «Ցեղային գաղտնաթիւ»եր։ Այսպէս, Յոյներուն ցեղային գաղտնաթիւը 1 է, Հայերունը 2 եւ հրեաներունը 3։Հակառակ որ այսքան երկար ժամանակէ ի վեր կը գործադրուի, շատեր այսպիսի դրութեան մը գոյութենէն լուր չունէին։ Այս խնդիրը մէջտեղ ելաւ երբ Հայկական ինքնութեան վերադարձած ընտանիք մը ուզեց իր զաւակը արձանագրել տալ Հայկական վարժարան մը։ Այն ատեն վարժարանը պահանջեց Կրթական Տնօրէնութեան հաւանութիւնը։ Կրթական Տնօրէնութիւնն ալ յանձնեց նամակ մը, որուն մէջ գրուած է որ դպրոցը կրնայ այդ մանուկը ընդունիլ եթէ անոր ծնողներուն անձնագիրներուն մէջ արձանագրուած է «2 ցեղային գաղտնաթիւը։Այս լուրը հրապարակուեցաւ «Ակօս»ի աշխատակիցներէն Ֆէրտա Պալանճարի կողմէ եւ «Րատիքալ» եւ ուրիշ աղբիւրներ արձագանգ հանդիսացան ասիկա ընդունելով որպէս գայթակղութիւն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.