ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄ՝ ՆՈՐ ԲՆԱԿԱՆԸ – ՀՈՂԱՅԻՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄՆԵՐԸ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ԿԱՄ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐՈՒ ՅԱՌԱՋԽԱՂԱՑՔՆԵՐԷՆ ԱՆԿԱԽ ԿԸ ԽՈՐԱՆԱՆ


 

 

Տի Էքոնոմիսթ պարբերաթերթը 27 յուլիսին իր վերոնշեալ խորագիրով թղթակցութեան մէջ կը հաղորդէ, որ Զիատ, Ամմար եւ Զաքարիյա սուրիացիներ են, սակայն 29 ամիսէ ի վեր շարունակուող քաղաքացիական պատերազմին պատճառով՝ ատենոք իրարու նման եղող իրենց ծննդավայրերը այժմ երեք տարբեր երկիրներու պատկանող քաղաքներու երեւոյթ ունին։ Զիատ հիւսիսարեւմտեան Սուրիոյ Թարթուս ծովեզերեայ քաղաքէն է, ուր նախագահ Պաշշար Ասատի նկարը ցուցադրող պաստարները առատ են։ Ամմարի ծննդավայրը Արեւելեան Սուրիոյ Տեր Զօր նահանգն է, որ կը գտնուի ըմբոստներու վերահսկողութեան տակ։ Իսկ Զաքարիայի ծննդավայրը հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ մէջ է, ուր դպրոցականները կը սորվին մինչեւ վերջերս արգիլուած քրտերէնը, փոխան երկրին պետական լեզու՝ արաբերէնին։

Սուրիա քայլ առ քայլ երեք մասի կը բաժնուի։ Ասատի հաւատարիմ ուժերը վերջերս նախաձեռնութիւնը իրենց ձեռքը առին, սակայն չեն կրնար ընդդիմութիւնը պարտութեան մատնել եւ փոխարենը երկրին արեւմտեան ողնասիւնին վրայ իրենց վերահսկողութիւնը կ՚ամրապնդեն։ Դամասկոսէն Հոմս, Համա եւ Լաթաքիա՝ վարչակարգը ծովեզերեայ պետութիւն մը կը ստեղծէ, իսկ ըմբոստները նոյնը կ՚ընեն՝ Թուրքիոյ սահմանին մօտ Եփրատի հովիտէն մինչեւ բաց անապատին ճամբով Իրաք։ 22 յուլիսին անոնք գրաւեցին հիւսիսային մասնատուած քաղաք՝ Հալէպին մօտ գտնուող Խան ալ-Ասալ քաղաքը։ Մինչ ըմբոստներու շարքին գտնուող ծայրայեղ իսլամականները հետզհետէ կը զօրանան՝ գոյութիւն ունին տարաձայնութիւններ, թէ Քայիտայի առնչակից խմբաւորումներ իսլամական պետութիւն մը պիտի յայտարարեն։ Անոնք արդէն իսկ փոքր ամիրայութեան մէջ սեւ դրօշներ (Քայիտայի դրօշը «Հ») բարձրացուցած են։Արեւելքի մէջ, երկար ատեն հալածանքի ենթարկուած քրտական խմբաւորումները քաղաքացիական պատերազմի քաոսային վիճակը կ՚օգտագործեն ինքնավար շրջան մը ստեղծելու համար։

Անցեալ շաբաթ Քիւրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) սուրիական թեւ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը Ռոժաւայի կամ Արեւմտեան Քիւրտիստանի համար սահմանադրութիւն մը եւ շրջանը կառավարելու մարմին մը ընտրելու ծրագիր մը յայտարարեց։ Ճիշդ մէկ տարի առաջ անոնք շրջանին ապահովութեան վերահսկողութիւնը ստանձնեցին, իսկ յուլիսի սկիզբը սահմանային Ռասուլ Այն քաղաքէն վտարեցին ժիհատականները։Սահմանագծումները կ՚ամրապնդուին եւ նոյնիսկ ըմբոստներու շրջանները տակաւին վարչակարգին հսկողութեան տակ եղող քաղաքներ կը պարունակեն։ Իրողական գետնի վրայ երկրին եռամաս մասնատումը ընթացքի մէջ է։

Ըմոստներուն արտասահմանեան հովանաւորները՝ գլխաւորաբար Արաբական Ծոցի երկիրները կրնան Ասատի դաշնակիցներուն՝ Իրանի, Ռուսիոյ եւ Հըզպալլայի չափ առատաձեռն չըլլալ, սակայն ըմբոստները կը շարունակեն բուռն կերպով կռուիլ։ Անոնց զէնքերու մատակարարումը փոքր տարողութեամբ կը շարունակուի։ Վարչակարգը մեծ դժուարութիւն պիտի դիմագրաւէ ժիհատականներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն վերատիրանալու համար, թէեւ վիճելի շրջաններուն մէջ անոնց յարձակումները ետ մղելու մէջ հետզհետէ բարելաւում կ՚արձանագրէ։Սուրիան իբրեւ երկիր դադրած է գոյութիւն ունենալէ։ Անոր տարբեր բաժինները որդեգրած են տարատեսակ օրէնսդրական համակարգեր՝ հին ազգային օրէնքներ, իսլամական օրէնք կամ օրէնքի բացակայութիւն։ Տնտեսութիւնները տեղայնականացուած են եւ պատերազմին առնչուած գործառնութիւններուն վրայ հիմնուած։ Իրենց գոյութիւնը շարունակող վարչական շէնքերուն վրայ տարբեր դրօշներ կը ծածանին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.