ՍԹՐԱԹՖՈՐ ԿԸ ԳՈՎԵՐԳԷ ԱՄՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՌԱԶՄԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ


 

 

ՀՈՐԻԶՈՆ.- Ամերիկայի կեդրոնական հետախուզական գոծակալութեան (CIA) անպաշտօն վերլուծողական հիմնարկը հանդիսացող Stratfor կայքէջը վերջերս հրատարակեց Stratfor-ի հիմնադիր եւ տնօրէն Ճորճ Ֆրիտմընի  «Ատրպէյճան եւ Ամերիկա» խորագիրով յօդուածը, որուն մէջ ցայտուն կերպով զգալի են ատրպէյճանամէտ մօտեցումներն ու ռազմաքաղաքական վերլուծումները: 

Ճորճ Ֆրիտմըն «Ատրպէյճան եւ Ամերիկա» խորագիրով յօդուածին մէջ կը գրէ, թէ Կովկասը այն կէտն է, ուր երեք մեծ տէրութիւններ՝ Ռուսիան, Թուրքիան եւ Պարսկաստանը զիրար կը խաչաձեւեն։ Ներկայիս այդ խաչաձեւման կէտը Ատրպէյճանն է. իրողութիւն մը, որ այդ երկիրը անոնց միջեւ «պատերազմի դաշտի» վերածած է, որովհետեւ նշեալ երեք երկիրներուն սահմանակից է։ Ատրպէյճան ժամանակին խորհրդային կայսրութեան գանձն էր, սակայն այսօր աշխարհագրական շատ վտանգաւոր դիրքի մը վրայ գտնուող անկախ պետութիւն մըն է։

Ֆրիտմըն կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մասնագէտները երկու խումբի կը բաժնուին։ Առաջինը իրապաշտներն են, որոնք կը հաւատան, թէ Միացեալ Նահանգներ պէտք է իրենց ազգային շահերը պաշտպանեն։ Ինչ որ տրամաբանական կը թուի, մինչեւ անոնց հարց տրուի, թէ ազգային շահ ինչ կը նշանակէ։ Երկրորդ խմբակը կազմուած է գաղափարապաշտներէ, որոնք կ՚ուզեն ամերիկեան ուժը օգտագործել բարիք գործելու համար, ինչպէս ժողովրդավարութիւն հաստատելու կամ մարդկային իրաւանց բռնաբարումները կասեցնելու, ինչ որ լաւ գաղափար մըն է, մինչեւ իրենց հարց տրուի, թէ այդ մէկը ինչպէ՞ս կը մտածեն իրագործել։ Ընդհանրապէս պատասխանը այն է, որ պէտք է միջամտել, սակայն միայն վատ մարդիկը սպաննել։ Բայցեւայնպէս, այդպիսի պարագաներու ընթացքին վատերն ու բարիները իրարմէ զատորոշելը շատ դժուար է։

Վերադառնալով Ատրպէյճանի նիւթին Ֆրիտմըն կը գրէ, որ Ատրպէյճան Ռուսիոյ Տաղստան շրջանին սահմանակից է, իսկ Իրանի հիւսիսի ատրպէյճանական շրջանին կամ Ատրպատականին: Ատրպէյճանցիներու մեծամասնութիւնը կ՚ապրի Իրանի մէջ, ուր անոնք երկրին մեծագոյն ազգային փոքրամասնութիւնն են (Այաթոլլա Ալի Խամենէին ազրպէյճանցի է)։ Ատրպէյճան աշխարհիկ երկիր մըն է եւ ինքզինք իրանեան շիի ահաբեկչութենէն եւ հիւսիսի սիւննի ահաբեկչութենէն վտանգուած կը զգայ։ Ատրպէյճան, 1990ական թուականներուն Լեռնային Ղարաբաղի հարցով, ռուսերուն աջակցութիւնը վայելող Հայաստանի դէմ պատերազմ մը մղեց եւ կորսնցուց։ Այժմ Հայաստանի մէջ ռուսական ուժեր տեղակայուած են։ Ռուսիոյ հետ սերտ կապեր ունեցող կառավարութիւն մը կը թուի փոխարինած ըլլալ Վրաստանի ամերիկամէտ կառավարութիւնը։ Ատրպէյճան ինքզինք դժուար կացութեան մէջ կը գտնէ, եւ երկրին Ռուսիոյ ու Իրանին միջեւ գտնուիլը կացութիւնը վտանգաւոր կը դարձնէ։ Այս շրջանին մէջ թէ՛ Իրանին եւ թէ՛ Ռուսիոյ հակադրուած աշխարհիկ պետութիւն մը ըլլալը սովորական երեւոյթ մը չէ։

Ատրպէյճան, ամերիկեան տեսանկիւնէն, ունի նաեւ մէկ այլ ռազմավարական յատկութիւն մը՝ ուժանիւթը։ Ռուսիա եւրոպական երկիրներուն ռուսական ուժանիւթէն կախեալ ըլլալու վիճակը պահպանելու եւ խորացնելու ռազմավարութիւնը որդեգրած է, մեկնելով այն տեսութենէն, թէ այդ մէկը իր ազդեցութիւնը պիտի աճեցնէ եւ ռուսական ազգային ապահովութեան դէմ վտանգները նուազեցնէ։ Այս ռազմավարութեան երկրորդ հանգրուանը եւրոպացիներուն, ներառեալ Թուրքիոյ այլընտրանքները սահմանափակելն է։

Այնպիսի պահու մը, երբ Եւրոպան տկար ու անկազմակերպ է, արեւմտամետ պետութիւնները կայունացնելու համար՝ շրջապատին վրայ Ռուսիոյ ունեցած ազդեցութիւնը սահմանափակելը ամերիկեան շահերէն կը բխի։ Իրանեան ազդեցութեան սահմանափակումն ու Իրանի մէջ ազրպէյճանցի բնակչութեան ազդելու բեմահարթակ մը պահելը եւս Միացեալ Նահանգներու շահերէն կը բխի։ Սակայն ամերիկեան ուժն ու շահերը իրենց սահմանը ունին։ Միացեալ Նահանգներ պատերազմի չեն կրնար դիմել եւ կրնան աջակցիլ միայն այն երկիրներուն, որոնք իրենց ազգային ապահովութեան գլխաւոր պատասխանատուութիւնը կը ստանձնեն։ Միացեալ Նահանգներ այդ անվտանգութեան ապահովման գլխաւոր աղբիւրը չեն կրնար ըլլալ։

Այս իրողութիւնը Ատրպէյճանի հետ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները հետաքրքրական կը դարձնէ։ Ատրպէյճան Միացեալ Նահանգներու հակադրուած երկու երկիրներու՝ Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ ռազմավարական դիրքի մը վրայ կը գտնուի։ Ատրպէյճան դէպի Աֆղանիստան մատակարարումներու իբրեւ գլխաւոր ուղի ծառայած է։ Ատրպէյճան կ՚ուզէ Միացեալ Նահանգներէն զէնք գնելու կարելիութիւնն ունենալ։ Ընդհանուր առմամբ Միացեալ Նահանգներ մերժած են այդ խնդրանքը, ուստի ազրպէյճանցիները դիմած են իսրայէլացիներուն, որոնց հետ սերտ կապեր ունին։

Ատրպէյճան Ամերիկայի ամբողջական դաշնակիցի մը բոլոր յատկութիւններն ունի. ռազմավարական դիրք ունի, ինչպէս նաեւ Իրանի մէջ իրադարձութեանց ազդելու եւ ուժանիւթի այլընտրանք մը տրամադրելով Եւրոպայի մէջ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը սահմանափակելու հնարաւորութիւն կ՚ընծայէ։ Իր աշխարհագրական դիրքին պատճառով ան պէտք ունի զէնքերու, որոնց համար պատրաստակամ է վճարելու։ Սակայն Միացեալ Նահանգներ անոր զէնքի մատակարարումը կը սահմանափակեն՝ երկու պատճառով. առաջինը Միացեալ Նահանգներու ցեղագրական քաղաքականութիւնն է։ Ամերիկայի ուժեղ հայ համայնքը Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին շուրջ վէճին պատճառով Ատրպէյճանի դէմ է։ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ատրպէյճանական լոպին չէ կրցած հայկական լոպիին ազդեցութեան հետ մրցիլ։ Ուստի Քոնկրեսի մէջ դէպի Ատրպէյճան զէնքի առաքումները արգելակելու ճնշում գոյութիւն ունի եւ նոյնիսկ դեսպան մը նշանակելը դժուար է։

Երկրորդ պատճառը աւելի նշանակալից է։ Մարդկային իրաւանց ջատագովներ, ներառեալ անոնք, որոնք արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կը գտնուին, յայտնած են, թէ ազրպէյճանական կառավարութիւնը բռնակալ եւ փտտած է։ Ուստի անոնք Ատրպէյճանի զէնք ծախելուն դէմ կանգնած են։

Երկիր մը 20 տարուայ ընթացքին Խորհրդային հանրապետութենէն մը փտածութենէ զուրկ կամ ազատական ժողովրդավար պետութեան չի վերածուիր, մանաւանդ երբ երեք կողմերէ Իրանի, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի նման թշնամական երկիրներով պաշարուած է։ Երբ նախկին խորհրդային հանրապետութիւնները աչքէ անցնենք կը տեսնենք, թէ Ատրպէյճան արտակարգ երեւոյթ մը չէ։ Եթէ Ատրպէյճան այս պատճառներով անտեսելի է, ապա նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ դժուար է գտնել երկիր մը, որուն հետ Միացեալ Նահանգներ կրնայ դաշնակցիլ։

Ֆրիտմըն կը գրէ, որ զինք կ՚անհանգստացնէ »Արաբական գարունի ախտը«՝ մարդկային իրաւանց ջատագովներուն այն ենթադրութիւնը, թէ բռնակալ վարչակարգին մը ընդդիմացող ամբոխը նուազ բռնակալ կառավարութիւն մը պիտի ստեղծէ։ Ան կը նշէ, որ 1979-ին Իրանի շահին դէմ տեղի ունեցած ցոյցերը այդ վարկածը կը ջրեն՝ աւելցնելով, որ նոյնը կարելի է ըսել Ատրպէյճանի պարագային։ Վարչակարգը, որքան ալ քննադատելի ըլլայ, դժուար է երեւակայել, թէ անոր այլընտրանքը աւելի ազատական կամ թափանցիկ պիտի ըլլայ։ Իրանեան հովանաւորութիւնը վայելող այլընտրանք մը Իրանի նման պիտի ըլլայ, իսկ Ռուսիոյ հովանաւորութիւնը վայելող այլընտրանք մը՝ Ռուսիոյ։

Ատրպէյճան Միացեալ Նահանգներու համար կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ոչ թէ իր բարոյական յատկութեան համար, այլ որովհետեւ Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ խրուած սեպ մըն է։ Ներկայ վարչակարգին յաջորդող որեւէ վարչակարգ հաւանաբար բարոյական գետնի վրայ աւելի վատ պիտի ըլլայ եւ թերեւս՝ Միացեալ Նահանգներու հակադրուած։ Ատրպէյճանական քարիւղը Ռուսիոյ եւ Իրանին ձեռքը անցնիլը Թուրքիոյ վրայ ճնշումը պիտի աճեցնէ եւ Ռուսիոյ սահմանամերձ երկիրներուն համար ուժանիւթի այլընտրանքները սահմանափակէ։

Փոխան չնախատեսուած տագնապներու հարցով անակնկալ ռազմական հակադարձութիւններու՝ Միացեալ Նահանգներ պէտք է ռազմավարական գործընկերներու աջակցելու երկարաշունջ եւ նուազագոյն վտանգ պարունակող ռազմավարութիւն մը որդեգրէ։ Անկախ Ատրպէյճան մը Ռուսիոյ եւ Իրանի կոկորդին մնացած ոսկոր մըն է, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ համար ուժանիւթի աղբիւր մը։ Աւելին, Ատրպէյճան դրամ կը վճարէ զէնքերու համար, որոնք ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ պիտի գործածուին եւ ոչ թէ ամերիկացիներու։

Ան կը գրէ, որ ներկայիս իրենց արտաքին քաղաքականութեան համար կայուն շրջագիծ մը ստեղծելու Միացեալ Նահանգներու կարողութիւնն է, որ Ատրպէյճանի մէջ քննութեան կ՚ենթարկուի։
Ֆրիտմըն իր երկարաշուջ յօդուածը կը փակէ նշելով, որ թէ՛ Հիթլեր, եւ թէ՛ Սթալին կը հասկնային, թէ Պաքուի վերահսկելը Եւրոասիոյ տարածքը վերահսկել կը նշանակէ։ Ուժանիւթի իրողութիւնները ներկայիս փոխուած են, սակայն Պաքու իր կենսական կարեւորութիւնը կը պահէ։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.