Լոյս Տեսաւ Տարօն-Տուրուբերանի Յուշամատեանը


 

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական հսկողութեամբն ու հետեւողութեամբը Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Տպարանէն կը շարունակուին լոյս տեսնել 20-րդ դարու սկիզբին Հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, գիւղերուն եւ շրջաններուն նուիրուած յուշամատեաններու վերահրատարակութեան աշխատանքները։

Արդարեւ, Յուշամատեաններու շարքին առաջինն էր «Ատանայի Հայոց Պատմութիւն» հատորը։ Երկրորդը՝ «Պատմութիւն Տարօն Աշխարհի», որ առաջին անգամ լոյս տեսած է 1956-57 թուականներուն, խմբագրութեամբ Կարօ Սասունիի։ Ներկայ հրատարակութեան խմբագիրն է բանասէր, նախկին տնօրէն եւ «Կամար» գրական պարբերաթերթի խմբագիր Պրն. Ժիրայր Դանիէլեան։

Հատորը իր մէջ կը պարունակէ Տարօն-Տուրուբերան աշխարհի, Մշոյ Դաշտի, Սասունի եւ շրջակայքի աւանդութիւնները, բարքերը, սովորութիւնները, դիւցազնապատումն ու եղեռնապատումը, ինչպէս նաեւ «վերակենդանացումի ճիգերը եւ անոնց տխուր ու ողբերգական կորուստը»։ Յարգելի Խմբագիրը կատարած է լեզուական։ շարահիւսական եւ կէտադրական սրբագրութիւններ։ Տեղանուններու եւ անձնանուններու պարագային միատեսակութիւն որդեգրուած է, եւ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ ամբողջացուած են տեղանուններու, անձնանուններու, նկարներու եւ քարտէսներու ցանկերը։

Յայտնենք, որ Անթիլիասի Տպարանէն յաջորդաբար հրատարակութեան պիտի տրուին «Պատմութիւն Անթէպի Հայոց» (2 հատոր), «Հաճընի Ընդհանուր Պատմութիւնը»,«Վասպուրական», «Մարաշ կամ Գերմանիկ», «Պատմագիրք Կիւրինի» Յուշամատեանները։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.