ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ՕՐԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ՄԻԱՑԵԱԼ «ՔԻՒՐՏԻՍՏԱՆԻ ՀԱՐՑ»-Ը


 

 

Հիւսիսային Սուրիան անցած է քիւրտերու վերահսկողութեան տակ, ուր «Քրտական ժողովրդավարական միութիւն» կուսակցութիւնը (ՔԺՄ) տարածքը «Ան-Նուսրայի» վարձկաններէն ձերբազատելով կը պատրաստուի ինքնավարութեան։ Այս մասին կը գրէ Ազգ էերթի վերլուծաբան Յակոբ Չաքրեան:

ՔԺՄ-ի գլխաւորութեամբ Հիւսիսային Սուրիոյ շուրջ 2 միլիոնի հասնող քիւրտերու ինքնավարութիւն հռչակելու պատրաստակամութեան մասին հաղորդուած էր թրքական մամուլին մէջ։ Քրտական այս պատրաստակամութեան 23 յուլիսին արձագանքած էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ի դէմս բանբեր Ճեն Փսաքիի, այդ մէկը վերագրելով քիւրտերու անկախութեան ձգտումներուն։ Ատոնց առնչութեամբ բանբերը յայտարարած էր. «Մտահոգութեամբ կը հետեւինք Սուրիոյ մէջ անկախ քրտական շրջան հռչակելու վերաբերեալ մամուլին մէջ տարածուող լուրերուն։ Ատիկա պիտի սրէ արաբներու եւ քիւրտերու միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը եւ առիթէն օգտուելու հնարաւորութիւն պիտի տայ ծայրայեղականներուն»։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը միաժամանակ նշած է, որ իրենք ուշադիր կը հետեւին «Իրաք-Սուրիայի իսլամական պետութիւն» խմբաւորման եւ Սուրիոյ քիւրտերու բախումներուն։ Այս խմբաւորումը սկիզբը կը կրէր «Իրաքի իսլամական պետութիւն» անունը, որ ենթակայ էր Քայիտային։ Հետագային խմբաւորման իրաքեան թեւին միացած է «Ան Նուսրայի» գլխաւորած սուրիական թեւը, եւ խմբաւորումը ստացած է «Իրաք-Սուրիայի իսլամական պետութիւն» անունը։

Անկախ անունէն, ենթադրուող այս պետութեան սահմանները Իրաքով եւ Սուրիայով չեն սահմանափակուիր, այլ կ՚երկարին Թուրքիայէն, Արաբական ծով, այսինքն ատոնք կը ներառեն նաեւ Սէուտական Արաբիան ու Արաբական ծոցի երկիրները։ «Քայիտա»-ն ու «Ան-Նուսրա»-ն պիտի յաջողի՞ն սիւննի արաբներու միացեալ պետութիւն ձեւաւորել անծայրայծիր այս տարածքին մէջ, հազիւ թէ։ Բայց, ակնայայտ է, որ ստեղծման նախաձեռնութիւնը շահագրգիռ միջազգային ուժերուն հնարաւորութիւն պիտի տայ Միջին Արեւելքի քաղաքական քարտեսը ձեւաւորելու։

Համենայն դէպս, նախորդ օրը Սուրիական ազատ բանակի հրամանատարներէն Պաշար ալ-Զողպի յայտարարած է, որ Սուրիոյ հարաւային շրջանները մինչեւ ամսուան վերջը անկախութիւն պիտի հռչակեն։ Եթէ այս յայտարարութիւնը համադրենք Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավարութիւն կամ անկախութիւն հռչակելու ՔԺՄ-ի պատրաստակամութեան հետ, ապա տարածաշրջանին մէջ ընթացող քաղաքական զարգացումներու պատկերը յստակ կը դառնայ։

Մանաւանդ որ Իրաքը ներքաշուած է շիի-սիւննի միջյարանուանական հակամարտութեան մէջ, երկիրի հիւսիսի մէջ ձեւաւորուած «Քիւրտիստան» շրջանը իրողապէս անկախացած է, ատոր օրինակով ու անմիջական հարեւանութեամբ այդպիսի շրջան մը կը ստեղծուի նաեւ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, աւելին, «Քիւրտիստան» շրջանի նախագահ Մասուտ Պարզանի քիւրտերու անկախութեան մասին արտայայտուած ատեն, ինչպէս արտայայտուած էր 22 յուլիսին Էրպիլի մէջ գումարուած համազգային քրտական համագումարի նախապատրաստական նիստին ընթացքին, քիւրտերէն պահանջած է համախմբում ու միասնութիւն, իսկ քիւրտ բնակչութիւն ունեցող Իրանին, Իրաքին, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սպառնացած, թէ այլեւս ոչ ոք կրնայ զէնքի ուժով ճնշել քիւրտերու ազատագրական պայքարը։

Այլ խօսքով՝ տարածաշրջանի խնդիրը «Քայիտայի» եւ «Ան-Նուսրայի» արաբական միացեալ պետութիւնը չէ, այլ քրտական անկախ պետականութեան ստեղծման համար Արեւելեան, Արեւմտեան, Հարաւային եւ Հիւսիսային «Քիւրտիստանի» միաւորումը ըստ երեւոյթին ՔԱԿ-ի առաջնորդութեամբ։ Ինչո՞ւ, որովեհետեւ աւելի քան 30 տարի Թուրքիոյ մէջ զինեալ պայքար մղող այս կազմակերպութիւնը հենակէտներ ունի Հիւսիսային Իրաքի «Քիւրտիստան» շրջանին մէջ նաեւ ռազմական կառոյցներ Սուրիոյ մէջ ու Իրանի մէջ։

Այսինքն, ՔԱԿ-ը բացի Թուրքիայէն, նաեւ Սուրիոյ եւ Իրանի մէջ քիւրտերը կը ղեկավարէ՝ պայքարելով այս երկիրներուն մէջ պետական իշխանութիւններու դէմ։ Այդ պայքարը, սակայն, կը ծառայէ միացեալ «Քիւրտիստանի» նախադրեալներու ստեղծման, այլ ոչ թէ միասնական քրտական պետութեան կազմաւորման այն առումով, որ հակամարտութիւններուն մէջ ամէնէն անլուծելին գերիշխանութեան եւ հողային խնդիրներն են։ Ատոր վառ օրինակը 1948-ին սկզբնաւորուած արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնն էր։

Սակայն անկախ անլուծելիութեան հանգամանքէն, միացեալ «քիւրտիստանի» կազմաւորման նախադրեալներու ստեղծումն անգամ սպառնալիքի տակ կը դնէ թէ՛ Իրաքի ու Սուրիոյ, թէ՛ Իրանի եւ Թուրքիոյ միութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։ Այս առումով, քիւրտ բնակչութիւն ունեցող այս երկիրներէն որեւէ մէկուն մէջ տեղի ունեցող ամէն մէկ զարգացում փոխներգործութիւն կ՚ունենայ միւսին վրայ։ Թերեւս այդ առումով պատահական չէր Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ընթացող զարգացումներուն արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի բուռն արձագանքը.«Թուրքիան քրտական որեւէ նախաձեռնութիւն պիտի չհանդուրժէ՝ դիմելով անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.