Թուրքիոյ Ոչ Իսլամներէն Բռնագրաւուած Գոյքերու Հարցը՝ Դարձեալ Օրակարգի Վրայ


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուղպա Թեքերեք, որ «Թարաֆ» թերթին մէջ հայերու լքեալ գոյքերուն մասին երկար հարցազրոյց վարած էր պատմաբան Թաներ Աքչամի հետ, թերթին Յուլիս 24ի թիւին մէջ նոյն նիւթին շուրջ նոր հարցազրոյց մը ունէր, այս անգամ՝ պատմաբան Այհան Ագթարի հետ. պատմաբան մը, որ նմանապէս իր մարդասիրական հայեացքը ձգած է այս ցաւոտ խնդիրին վրայ։ Ագթար, պատասխանելով հարցումներուն՝ կը պատմէ այն քաղաքականութիւնը, որ հանրապետութեան շրջանին գործադրուեցաւ ոչ իսլամներու դէմ եւ որով իրականացան իթթիհատականներուն բոլոր երազները։
Ագթար կը պատմէ, որ հանրապետական շրջանին ալ տիրած է այն մտայնութիւնը, թէ՝ «լաւ կ՛ըլլար որ ոչ իսլամները մէջտեղէն վերանային»։
Օսմանեան շրջանին, 1906ի տուեալներուն համաձայն՝ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ մնացած նահանգներու քսան տոկոսը ոչ իսլամներու բնակավայրեր էին։ Քսան տարի ետք, այս համեմատութիւնը իջաւ 2.5 տոկոսի։ Նախապէս, եթէ հինգ քաղաքացիէն մէկը ոչ իսլամ էր, ապա 1927ին՝ 40էն մէկը ոչ իսլամ էր։ Ասիկա ահաւոր «մաքրագործում» մըն էր, որ կանգ չառաւ 1927ին:
Հանրապետական շրջանը կերպով մը իթթիհատականներու շարունակութիւնն էր, որովհետեւ իթթիհատականներու ղեկավարները, թէեւ հեռացան երկիրէն, բայց անոնց վարին խաւերու գործակատարները մնացին պաշտօններու գլուխ։ Շիւքրիւ Սարաճօղլու, որ ունեւորութեան տուրքի հեղինակն էր, դռնփակ նիստի մը ընթացքին ըսած է հետեւեալը. «Մենք անկախութեան մեծ պատերազմը շահեցանք, Լօզանի մէջ ալ դիւանագիտական յաղթանակ տարինք, բայց տնտեսական յաղթանակ չկրցանք արձանագրել։ Ուստի, այս հրապարակը ոչ իսլամներէն մաքրելը, մեզի համար գլխաւոր նպատակ էր»։
Լա՛ւ, բայց յաջողեցա՞ն։ Այհան Ագթար շատ հետաքրքրական պատասխան մը կու տայ այս հարցումին։ «Եթէ իթթիհատական մը 1926ին 40 տարուան քունի մը մէջ մտնէր եւ եթէ 1966ին արթննար, պիտի տեսնէր, որ իր բոլոր երազները իրականացեր են»։
Ագթար կը յիշեցնէ ունեւորութեան տուրքը եւ տակաւին ուրիշ պատահարներ։ Ան կը յիշէ այդ շրջանի յայտնի դէմքերէն Բարսեղ Կեւրէկեանի օրինակը։ Կեւրէկեան ատաղձավաճառ էր, բայց այնպիսի շրջանի մը, երբ մէկ բեռնակառք ատաղձը 25 լիրա էր. անոր պարտադրուեցաւ 150 հազար լիրա տուրք։ «Եթէ ամբողջ ունեցածս ծախեմ, դարձեալ չեմ կրնար վճարել այս գումարը», կ՛ըսէր ան՝ աւելցնելով, թէ տակաւին իրեն համար ճշդուած իսկական տուրքը ասոր կրկնապատիկն էր. բարեկամի մը շնորհիւ՝ անիկա կիսով զեղչուած էր։
Որպէս ուրիշ օրինակ մը կը յիշուի նաեւ Վահրամ Կեսարեանի օրինակը։ Կեսարեան, որ «Սահիպին Սեսի» հաստատութեան տէրն էր, Պէյօղլուի մէջ ունէր հսկայ շէնք մը, զոր ունեւորութեան տուրքի ընթացքին կորսնցուց. այդ շէնքը դարձաւ «Սիւմերպանք»ի շէնքը։ Մէկ միլիոն տուրք ճշդուած էր Կեսարեանի համար, ուստի Կեսարեան այդ խանը ծախեց «Սիւմերպանք»ին։ «Ճումհուրիյէթ» թերթը այս լուրը յաղթանակի մը ձեւով փոխանցեց՝ գրելով. «Այս կերպով շէնք մը եւս թրքացաւ»։
Ագթարի հետ հարցազրոյցը լեցուն էր այլ օրինակներով, որոնք ցոյց կու տան, թէ հանրապետական շրջանին եւս ամէն միջոցի դիմուած է, որպէսզի ոչ իսլամները «հրապարակէն սրբուին»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.