Թանէր Ագչամ Կը Խօսի 1915-էն Վերջ Հայերու Լքեալ Գոյքերուն Ճակատագրին Մասին


 

 

Թրքական «Թարաֆ» թերթի լրագրող Թուղպա Թէքէրէքի Յուլիս 23-ին պատմաբան Թանէր Ագչամի հետ կատարած է  հարցազրոյց մը, ուր յայտնի պատմաբանը կը բացատրէ, թէ ինչպէս 1915-ին տեղահանուած Հայերուն գոյքերը երբեք չվերադարձուեցան, հակառակ որ միշտ ի զօրու կը մնար օրէնք մը, ըստ որու, աքսորուած Հայերու լքեալ գոյքերուն փոխարժէքը անոնց պիտի վճարուէր իրենց գացած նոր տեղը, կամ վերադարձող Հայերուն ինչքերը պիտի վերադարձուէին, եւայլն։ Այս օրէնքը երբեք չգործադրուցեաւ։

ԱԳչամ կը պատմէ, որ Յունուար 1920 թուակակիր հրամանագիր մը կայ, ուր ըսուած է, որ հայերուն ինչքերը առանց պայմանի պիտի վերադարձուին իրենց։ Եթէ սեփականատէրը սպաննուած է, պիտի յանձնուի անոր ժառանգորդներուն։ Այս յօդուածը աւելի վերջ տեղ գտաւ նաեւ Սեւրի համաձայնութեան մէջ։ Ասիկա տեւեց մինչեւ 1922։ 1922ի Սեպտեմբերին փոփոխութիւն մը կատարուեցաւ եւ այս կանոնագրութիւնը վերցուեցաւ։

Թանէր Ագչամի համաձայն սխալ է այն պնդումը, ըստ որու Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը տարբեր պետութիւն մըն է Օսմանեան կայսրութենէն, ուստի Թուրքիա չի կրնար պատասխանատու բռնուիլ հայկական ցեղասպանութենէն եւ յարակից գործադրութիւններէն։ Այս տեսակէտը սխալ է թէ՛ քաղաքական, թէ իրաւական տեսակէտէ, որովհետեւ Հանրապետական շրջանին ընդունուած որոշ օրէնքներ եւս շարունակութիւնը կը նկատուին Իթթահատական շրջանին ընդունուած օրէնքներուն։ Լոզանի դաշնագրէն վերջ Թուրքիա իբրեւ թէ ընդունեց հայերու ինչքերը վերադարձնել։ Այս ուղղութեամբ 1924էն սկսեալ օրէնքներ ընդունուեցան։ Ըսուեցաւ որ 6 Օգոստոս 1924էն սկսեալ ո՛ր հայը որ իր ապրանքին գլուխն է, դարձեալ պիտի տիրանայ իր ապրանքին։ Խումբ մը ամերիկահայեր, երբ լսեցին այս որոշումը, 1923 Օգոստոսին շատ օրինաւոր անցագրով եւ վիզաներով Իսթանպուլ եկան։ Բայց այն վայրկեանին երբ Իսթանպուլ եկան, տակաւին նաւահանգիստի վրայ ձերբակալուեցան եւ բանտարկուեցան։ Որեւէ օրինաւոր արդարացում չկար այդ ձերբակալութիւններուն համար։ Ատիկա եղաւ որպէսզի պարզապէս ապրանքները չվերադարձուին։ Այն ատեն Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի միջեւ դիւանագիտական տագնապ ստեղծուեցաւ։ Ձերբակալուածները, Ամերիկացիներու ճնշումով ազատ արձակուեցան, բայց Թուրքիա Ամերիկային ապսպրեց որ այսուհետեւ հայերու անցագիր եւլն. չտրուի։ Ամերիկա դժուարացաւ ընդունելու այս պայմանը, ըսաւ որ շատ շատ պիտի կարենայ յանձնարարել որ հայերը Թուրքիա չերթան։ Արդէն հայերը սկսած էին վախնալ որ կը ձերբակալուէին, ուստի հրաժարեցան Թուրքիա գալէ։ Այսինքն Թուրքիոյ ամէն կողմը պատ մը բարձրացաւ որպէսզի հայերը չգան։

Թանէր Ագչամ տակաւին բազմաթիւ օրինակներ կուտայ, բացատրելու համար որ երբ հայերու ինչքերը խնդրոյ առարկայ կը դառնային, միշտ օրէնքները չէին գործադրուեր։ Ինչպէս կարսեցիները կ՚ըսեն եղեր «քանի որ հայ ես, պիտի տաս»։ Հանրապետական շրջանի մտայնութիւնն ալ քրիստոնեաներու մշակութային եւ նիւթական գոյութեան վերջ տալու գաղափարին վրայ հիմնուած է։

Եթէ հարցուի թէ մինչեւ ե՞րբ Թուրքիա մերժեց արտասահմանցի հայերը ընդունիլ, Թանէր Ագչամ կ՚ըսէ որ լաւ չի յիշեր, սակայն 1950-60 թուականներուն Լիբանանէն կամ Սուրիայէն Թուրքիա գալ եւ Թուրքիա այցելել ուզող հայերուն Թուրքիոյ Հիւպատոսարանները թուղթ մը ստորագրել կուտային. «Երբ Թուրքիա երթամ որեւէ իրաւունք պիտի չպնդեմ իմ ապրանքներուս մասին»։

Թանէր Ագչամ դարձեալ խօսքը չի խնայեր երբ կ՚անդրադառնայ Հայերու ինչքերուն մասին «թափու»ի առկայ արձանագրութիւններուն։ Ան, այսպէս, կը յիշեցնէ թէ այսօրուան պայմաններուն մէջ եթէ հայ մը ելլէ եւ ըսէ որ «Դուն իմ ապրանքս 70-80 տարի գործածեցիր, բայց ես հիմա տոկոսն ալ չեմ ուզեր, միայն ապրանքս վերադարձուր», ասոր դէմ «ո՛չ» ըսելու իրաւունք տուող որեւէ օրէնք չկայ։ Այս պատճառաւ «թափու»ի եւ «գատասթարօ»ի տնօրէնութիւնը 1983ին եւ 2001ին հրամանագիրներ ղրկեց իր տարածքաշրջաններուն եւ հրահանգեց. «Եթէ ոեւէ մէկը 1915ի իր ապրանքներուն մասին ձեզմէ տեղեկութիւն ուզէ, չըլլայ որ այդ տեղեկութիւնը տաք անոր»։ Իսկապէս «թափու»ի արձանագրութիւնները Թուրքիոյ գաղտնիքն են։ Թուրքիոյ բարոյական խղճմտանքը հոն է որ պառկած է։ Որովհետեւ ի վերջոյ կրնաս արտասահմանին բացատրել թէ հայերը աքսորեցիր երկրին ապահովութեան համար, բայց չես կրնար բացատրել թէ ինչո՞ւ նստար աքսորուած այդ հայերուն ինչքերուն վրայ։ Վերը Աստուած կայ, «գող» կ՚ըսեն քեզի։ Թուրքիա հիմա այսպիսի խղճմտանքի յանցանքի մը տակ կը ճզմուի եւ այդ պատճառաւ ալ կը պոռայ։ Կը մտածէ որ եթէ պոռայ, կրնայ թաքցնել իր յանցանքը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.