ԹՈՒՐՔԻԱ-ՔԱԿ ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍԿԱՊԷՍ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԻ ՄԷ՞Ջ Է


 

 

Ալ-Մոնիթըր 19 յուլիսին իր կայքէջին վրայ զետեղեց Ֆուաթ Քէյմանի թրքական Միլլիյէթ օրաթերթի մէջ լոյս տեսած եւ վերոնշեալ խորագիրը կրող յօդուածը, որուն մէջ հեղինակը հարց կու տայ, թէ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցի լուծման հոլովոյթը դէպի ո՞ւր կ՚ուղղուի, նշեալ հոլովոյթին մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներ նախատեսող »երկրորդ հանգրուան«-ի մը անցում պիտի կատարուի՞, թէ՞ տակաւին «առաջին հանգրուան»-ին մէջ ենք, ՔԱԿ-ի բարձրագոյն ղեկավարութեան մէջ կատարուած փոփոխութեան իմաստը ի՞նչ է։

Ան կը նշէ, որ այս հարցումները կու տայ, որովհետեւ թէեւ քրտական հարցի լուծման հոլովոյթը թրքական հասարակութեան մէջ մեծ զօրակցութիւն կը վայելէ, հոլովոյթին յառաջընթաց արձանագրելուն ու յաջողութեան վերաբերեալ կասկածները հետզհետէ կ՚աւելնան։

Քէյման կը յիշեցնէ, որ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցի լուծման հոլովոյթը կը նշանակէ »տագնապը բանակցութեանց ճամբով լուծել« եւ իրարու կապուած երկու նպատակներ ունի. առաջին նպատակը այն է, որ ՔԱԿ իր զէնքերը վար դնէ եւ անոր զինեալները Թուրքիայէն հեռանան։ Այս նպատակը իրագործուած է։

Հարցի լուծումը նաեւ »պետական ծրագիր« մըն է։ Անոր երկրորդ նպատակը կ՚առնչուի Թուրքիոյ դիմագրաւած ապահովական նոր կացութեան։ Հիւսիսային Ափրիկէի ու Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները, Սուրիոյ տագնապը, Իրաքի մէջ յարանուանական պատերազմներու հաւանականութիւնը, Իրանի հարցը, պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը եւ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումը՝ այս բոլորն ալ ապահովական վտանգներ են, որոնք կը պահանջեն ապահովական նոր սկզբունք մը, որ կրնայ կոչուիլ »Թուրքիոյ եւ քիւրտերու միջեւ համագործակցութիւն«։ Թուրք-քրտական համագործակցութեան վրայ հիմնուած լուծումի հոլովոյթը իսկութեան մէջ շրջանային եւ համաշխարհային փոփոխութեանց հակազդեցութիւն մըն է։

Քրտական հարցի լուծումը զէնքերու կիրարկման ու տագնապի աւարտը նշանակելուն կողքին նաեւ կը նշանակէ, թէ երկու կողմերը տնտեսական գետնի վրայ պիտի հարստանան եւ աւելի ապահով դառնան։ Ապտալլա Օճալանի ղեկավարութեամբ քիւրտ անձնաւորութիւնները կը գիտակցին, թէ լուծումը ի շահ իրենց պիտի ըլլայ եւ ատոր կը զօրակցին, սակայն արդեօք այսօր նոյնը կրնա՞նք ըսել Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կառավարութեան մասին։

Երբ նշեալ հոլովոյթը 2012-ի վերջաւորութեան ընթացք առաւ՝ քրտական հարցը լուծելու նկատմամբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կառավարութեան վճռակամութեան ու կարողութեան նկատմամբ ներքին ու արտաքին վստահութիւնը կը գտնուէր իր բարձրագոյն մակարդակին վրայ։ Ներքին գետնի վրայ այդ վստահութեան աղբիւրներն էին Թուրքիոյ նոր սահմանադրութեան որդեգրման հոլովոյթը եւ տնտեսական աշխուժութիւնը, իսկ արտաքին գետնի վրայ՝ բնորդի կամ ներշնչման աղբիւրի վերածուելու ձգտող աշխուժ քաղաքականութիւնը։ Այսօր բոլոր նշեալներուն մէջ հարցեր գոյութիւն ունին։

Տնտեսապէս Թուրքիա վտանգաւոր հանգրուանի մը մէջ կը գտնուի։ Սուրիոյ տագնապն ու եգիպտական յեղաշրջումը հաւանաբար մեծ ճնշումի ենթարկեն Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը։ Եւրոպայի, Եւրոպական Միութեան եւ Արեւմուտքին հետ յարաբերութիւնները խանգարուելու եզրին կը գտնուին։

Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը միջազգային համակարգին հետ հարց ունեցող եւ այդ պատճառով ներամփոփուողի վարկ կը ստանայ։ Կուսակցութիւնը պիտի կարենա՞յ իր վարկը բարելաւել։ Պիտի կարողանա՞յ նոր սահմանադրութիւն մը որդեգրել եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներ կատարել, ինչպէս նաեւ արտաքին ճակատի վրայ համաշխարհայնացման հոլովոյթին աշխուժ մասնակից դառնալ եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացը յառաջ մղել։

Աշխարհի ուշադրութիւնը անգամ մը եւս կեդրոնացած են Էրտողանի ու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան վրայ։ Վերջինս, աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր, Թուրքիան աշխարհին »բացող« կարեւոր ազդակ մը եղաւ, սակայն այսօր, առաջին անգամ ըլլալով՝ կը թուի, թէ միջազգային ընտանիքին, համաշխարհայնացման եւ իր տարածաշրջանին հետ հարցեր ունի։

Ահա թէ ինչու «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ի՞նչ պիտի ընէ» հարցումը գերակշիռ ներկայութիւն է՝ Թուրքիոյ մէջ, թէ դուրս։ Այդ հարցումին պատասխանը պիտի ճշդէ, թէ քրտական հարցի լուծումը յառաջ պիտի ընթանա՞յ, թէ՞ ոչ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.