ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ՕՊԱՄԱՅԻ ՇՓՈԹԱՀԱՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ


 

 

Ամերիկեան «Պլումպըրկ» կայքէջը 16 յուլիսի իր խմբագրականին մէջ կը գրէ, որ արդէն յստակ դարձած է, թէ Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ հարցով «նոր» քաղաքականութիւնը տակաւին յստակ չէ։ Հարցն այն է, որ նախագահ Պարաք Օպամա այդ հարցով ի՞նչ կը մտածէ ընել։Վարչակազմը մէկ ամիս առաջ յայտարարեց, որ պիտի սկսի Սուրիոյ ընդդիմադիր զինեալներ մարզել ու զինել։

Այժմ ի յայտ կու գայ, թէ այդ օժանդակութիւնը տակաւին տեղ չէ հասած եւ խօսքը միայն անորոշ քանակով թեթեւ զէնքերու մասին է։Խմբագրականը կը նշէ, որ եթէ նպատակը Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազին մէջ նախագահ Պաշշար Ասատի կողքին կռուող եւ ճակատումը ի նպաստ անոր շրջած Հըզպալլան ու իրանեան ուժերը ետ մղելն է՝ այսպիսի փոքրաքանակ օժանդակութիւն մը որեւէ ազդեցութիւն պիտի չունենայ եւ արիւնահեղութեան դադրեցման, մարդասիրական օժանդակութեան քաղաքացիներուն մատակարարման, երկու կողմերը բանակցութեան մղելու կամ Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու պիտի չծառայէ։

Թերեւս նպատակը Հըզպալլան եւ իրանեան ուժերը արիւնաքամ ընելն է։ Սակայն այդ մէկը եւս այս ձեւով չիրագործուիր։Ամէնէն համոզիչ բացատրութիւնը այն է, որ Օպամայի Սուրիոյ հարցով քաղաքականութիւնը պարզապէս շփոթահար եւ անյուսալի կացութեան մը մէջ ժամանակ շահելու համար է։Օպամայի նկատմամբ արդար ըլլալու համար, Սուրիոյ վերաբերեալ բոլոր ընտրանքներն ալ ահաւոր են։ Սուրիական ազատ բանակը զինելու եւ մարզելու յաջողութեան հաւանականութիւնը այսօր աւելի նուազ է քան մէկ տարի առաջ, երբ Օպամայի վարչակազմի ապահովական մարզի պաշտօնատարները զայն առաջարկեցին։ Արմատական իսլամականներ, որոնք մէկ տարի առաջ լուսանցքային դերակատարութիւն ունէին այսօր առանցքային դերակատարութեան տէր են եւ այն վտանգը գոյութիւն ունի, որ անոնք ամերիկեան արդիական զէնքերու կրնան տիրանալ։

Եթէ ամերիկեան ռազմավարութիւնը տագնապին մէջ ներքաշուիլէն զգուշանալն է, ապա Օպամա այդ մէկը պէտք է ըսէ։Սուրիոյ մէջ զարգացումներու ներկայ ընթացքով հաւանական երկու աւարտներ գոյութիւն ունին։ Առաջինը այն է, որ Ասատ իշխանութիւնը կը պահէ եւ Սուրիոյ վրայ իր վերահսկողութիւնը կը վերահաստատէ։

Միւս հաւանական աւարտը այն է, որ այդ երկիրը կը մասնատուի եւ անոր մէկ մասին կը տիրեն «Ժապհաթ Նուսրա»-ի նման «Քայիտա»-ի առնչուած կազմակերպութիւններ։ Երկրորդ պարագային՝ այդպիսի կազմակերպութիւններ դիւրութեամբ կրնան Սուրիոյ քիմիական, հակաօդային եւ այլ արդիական զէնքերուն տիրանալ։Այս դիպաշարերէն ոչ մէկը Միացեալ Նահանգներուն շահերուն կամ արժէքներուն կը ծառայեն։

Ուստի Օպամայի Սուրիոյ հարցով ո՛չ ամբողջապէս անտեսելու, ո՛չ ալ ամբողջապէս առնչուելու քաղաքականութիւնը փափաքելի կամ նոյնիսկ կարելի է։ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը ինչ ալ ըլլայ, անբաւարար եւ պարագայական պիտի ըլլայ։Պիտի գայ այն օրը, երբ «Սուրիական ազատ բանակը» կազմակերպելն ու զինելը շատ ուշ պիտի ըլլայ։ Առայժմ, պատերազմի դաշտին վրայ ուժերու հաւասարակշռութիւնը շրջելու եւ Ասատը բանակցութեան սեղան մղելու իսկական ջանք մը այժմէական նպատակ մը կը շարունակէ մնալ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.