Սթիւ Ճապզի Խորթ Մայրը Հայուհի Մըն Է


Աշխարհի արհեստագիտական ամենահարուստ ընկերութեան՝ «Էփըլ»ի, ղեկավար Սթիւ Ճապզ, որ Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24ին հրաժարականը ներկայացուց՝ լքելով գործադիր տնօրէնի իր պաշտօնը, ունի հետաքրքրական կենսագրական տուեալներ։

Ան ծնած է 1955ին: Իր մանկութիւնն ու պատանութիւնը անցուցած է Փօլ եւ Քլարա Ճապզ ամուսիններու ընտանիքին հետ, Քալիֆորնիոյ Մաունթըն Վիու քաղաքին մէջ: Սթիւ որդեգրուած է, երբ միայն մէկ շաբաթական էր: Ի դէպ, Քլարա Ճապզ հայուհի մըն է, որուն աղջկութեան մականունը Յակոբեան է։

Ճապզի կենսաբանական ծնողները՝ Ճոան Քերըլ Շիպլէն եւ սուրիացի Ապտուլֆաթթահ Ճան Ճանտալին էին:

Սթիւի մօտիկ աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ ան կը մերժէ Փօլ եւ Քլարա Ճապզը իր որդեգիր ծնողները կոչել՝ զանոնք նկատելով իր իսկական ծնողքը:

Սթիւ Ճապզ 1976ին եղած է «Էփըլ»ի համահիմնադիրներէն մէկը: 1985ին, ան տնօրէններու խորհուրդին հետ տարակարծութեանց պատճառով հեռացաւ ընկերութենէն, որ անկում մը ապրեցաւ: 1997ին, ան վերադարձաւ «Էփըլ» ու «iPod»ի, «iPhone»ի եւ «iPad» նման գործիքներու արտադրութեամբ, ընկերութիւնը վերածեց աշխարհի ամենահարուստ ընկերութիւններէն մէկուն: Սթիւ Ճապզ նաեւ «Տիզնի»ի տնօրէններու խորհուրդի անդամ է ու կը մնայ «Էփըլ»ի տնօրէնը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.