Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Դատարան Կը Դիմէ՝ «Սանասարեան Խան»ը Վարձու Տալու Քայլը Կասեցնելու
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանը յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ իրաւական գետնի վրայ իր պայքարը Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան դէմ, որ պատրիարքարանին պատկանող Սիրքեճիի «Սանասարեան խան»ին համար վարձակալի նշանակում կատարելու գործընթացին դիմած է։
Հայոց պատրիարքարանը դատարան դիմած է՝ պահանջելով, որ անիկա անմիջապէս արգելք դնէ խանին նոր վարձակալ նշանակելու որոշումին դիմաց։ Պատրիարքարանին կողմէ այս յայտարարութիւնը կատարուեցաւ փաստաբան Ալի Էլպէյօղլուի կողմէ, որ նշեց, թէ շէնքը ներկայիս դատարկ է եւ աճուրդի հանուած է։
Յայտարարութեան մէջ հետեւեալը ըսուեցաւ. ««Սանասարեան խան»ը, որ երկար ատեն ծառայեց իր հիմնարկութեան նպատակին, 1935ին առնուեցաւ պատրիարքարանի ձեռքէն եւ սկսաւ գործածուելու իր նպատակէն դուրս միջոցներու համար։ Այս կալուածը Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ ապօրինի ձեւով սեփականացուեցաւ եւ Պատրիարքարանի ձեռքը գտնուած կալուածաթուղթը ջնջուեցաւ։ Ներկայիս, այս կալուածը պատրիարքարանին վերադարձնելու նպատակով, Պոլսոյ 13րդ դատարանին մօտ դիմում կատարուած է եւ դատարանը արգելքի որոշում հռչակած է՝ կալուածի փոխանցումն ու վաճառքը կանխելու համար»։