Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեան նախակրթարանի եւ Բաստրմաճեան երկրորդականի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւններ

 

Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեան նախակրթարանի եւ Բաստրմաճեան երկրորդականի 2012-2013 տարեշրջանի վկայականներու բաշխման հանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 23 Յունիս, 2013-ին, ժամը 2:00-ին նախակրթարանի Զ. կարգի աշակերտներուն համար եւ ժամը 4:00-ին՝ երկրոդականի Ե. կարգի շրջանաւարտներուն համար, վարժարանիս Բաստրմաճեան թատերասրահէն ներս:

Հանդիսութեան ներկայ էին բազմաթիւ յարգարժան հիւրեր՝ Գերաշնորհ Սուրէն Սրբազան Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեան, վարժարանի Ազգային բարերարներ, Կիլիկեան իշխանուհի Տիկին Տիանա Հաճէթեան՝ ներկայացուցիչ Բաստրմաճեան ֆոնտի, Օտրի եւ Նաթալի Ջուխաճեաններ՝ ներկայացուցիչներ Ջուխաճեան ֆոնտին, Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանակիրներ՝ տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Աննա Պուլկարեաններ, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Կրթական գործադիրմարմնի ներկայացուցիչներ, Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանայինի, Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, Ս. Յակոբ վարժարաններու տնօրէնութեան անդամներ, ուսուցչական կազմ, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալ հիւրեր եւ ծնողներ:

Յայտագիրը սկսաւ Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներով, որոնց յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր մը: Նախակրթարանի բաժնին մէջ աշակերտներու երգչախումբը ներկայացուց «Այբուբէն հայոց» (խօսք՝ Ղարիպեան, երաժշտ.՝ Զարեհ Եպս. Ազնաւորեան) եւ «Հայ արի զինուոր» (Խօսք՝ Ս. Մուրաղեան, երաժշտ.՝ Արեգ Լուսինեան) երգերը, ղեկավարութեամբ տիկ. Դալար Հարպոյեանի: Ապա բեմ բարձրանալու կարգն էր դպրոցի ջութակահարներուն, որոնք կատարեցին Վիվալտիի «Չորս եղանակները» եւ Ա.Գէորգեանի «Արցախ» երաժշտական կտորները ղեկավարութեամբ տիկ. Կարինէ Թովմասեանի: Նախակրթարանի աւարտական դասարանի տաղանդաւոր երաժիշտներն էին՝ Արսէնեան Արիանա, Պուտաղեան Մալվինա, Քէսէյեան-Թովմասեան Միրիամ, Սապա Գէորգ, ՏէրՄկրտիչեան Լիանա եւ Սապա Նայիրի:

Երկրորդականի բաժնի հանդիսավարը՝ պրն. Մհեր Գարագաշեան, բեմ հրաւիրեց երկրորդականի Գ. եւ Դ. կարգերու աշակերտները, որոնք յանձն առած էին գեղարուեստական յայտագիրը: Այսպէս, դաշնակի վրայ յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Դ. կարգէն Կորիւն Գոյունեան, որ նուագեց «Ուզունտարա» եւ «Ղարաբաղի եղնիկներ» կտորները, Դ. կարգէն Շողիկ Թէհինեան, որ ասմունքեց Ս. Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն», եւ Գ. կարգէն Ռիթա Մամիրոյեան, որ կատարեց «Հայաստան» երգը: Գեղարուեստական զոյգ յայտագիրները արժանացան ներկաներուն գնահատանքին:

Նախակրթարանի վկայականաց բաշխման աւարտին, վարժարանի ընդհանուր տնօրէնուհին տիկին Լենա Գատեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի բարերարներուն եւ ծնողաց իրենց ներկայութեան համար, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւններ Ծնողական յանձնախումբին՝ իրենց զոհողութեան եւ նուիրումին համար: Խօսքը ուղղելով աշակերտներուն, տիկ. Գատեան յատկապէս շեշտեց հետեւեալը. «Երկրորդականի նոր կեանքի սեմին, կարեւոր է նաեւ գիտնաք, որ անձնական եւ հայկական վարժարան յաճախելը բախտաւորութիւն մըն է եւ փաստը բազմաթիւ զոհողութիւններու, թէ՛ ձեր ծնողաց եւ թէ՛ ընդհանուր համայնքին կողմէ: Սակայն այս բախտաւորութեան հետ ալ կու գայ պատասխանատուութիւն մը, առ ի երախտագիտութիւն ձեր ծնողաց, որոնք ընտրեցին հայեցի դաստիարակութիւն ապահովող վարժարան մը ձեզի համար, ձեր դպրոցին եւ անոր թիկունք կանգնող մարմիններուն հանդէպ: Պատասխանատուութիւն մը՝ վառ պահելու հայկական ոգին»: Ան շնորհաւորեց նաեւ իրենց վկայականը ըսելով. «Շնորհաւոր ըլլայ ձեր 6-րդ կարգի վկայականը: Հպարտ ենք ձեզմով եւ գուրգուրանքով ու անհամբեր կը սպասենք ձեր վերադարձին»:

Ներկաներու միասնական «Հայր մեր» աղօթքով փակուեցաւ նախակրթարանի 2012-2013 տարեշրջանի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը:

Այս տարի վկայականներու կողքին՝ նախակրթարանի. Զ. եւ երկրորդական Ե. կարգերու շրջանաւարտները ստացան նաեւ վկայագրեր (MլRITAS) հետեւեալ մարզերուն մէջ. ուսումնական գերազանցում (մէկ կամ աւելի նիւթի մէջ), դպրոցի արժէքներուն դրօշակիր, լաւագոյն մարզիկ-մարզիկուհի եւ զգալի բարելաւում:

Իբր պարգեւներ, բոլոր աշակերտները ստացան Հոգաբարձութեան, Կրթական գործադիր մարմնի եւ Հոգեւոր քոյրերու կողմէ գրիչներ, Նոր կտակարաններ, Նարեկներ, ինչպէս նաեւ շնորհաւորագրեր St- Laurent Cartierville ընտրաշրջանի դաշնակցային խորհրդարանի երեսփոխան պրն. Stephane Dion-ի կողմէ: Վերջապէս անոնք ստացան նաեւ Տէր Արմէն քհնյ. Իշխանեանի կողմէ՝ «Կեանքէն էջեր» գիրքը եւ տիկ. Անի Սերոբեանի «Armenian Holiday Traditions» գիրքը:

Հանդէսի ընթացքին տրուեցան նաեւ զանազան մրցանակներ հետեւեալ աշակերտ աշակերտուհիներուն. Նախակրթարանի Զ. կարգերէն՝

Ալինա Սեփեթճեան, Պոլսահայ միութեան կողմէ ֆրանսերէնի մէջ բարձրագոյն միջինը ապահոված ըլլալուն համար:

Ալինա Սեփեթճեան եւ Նատիա Սիուֆի, ՀՕՄ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի կողմէ, հայերէնի մէջ բարձրագոյն միջինը ապահոված ըլլալուն համար:

Ալինա Սեփեթճեան եւ Դանիէլ Սաղըրեան, Հայ Կաթողիկէ վարժարաններու նախկին սանուց Դանիէլ Վարուժան միութեան կողմէ, թուաբանութեան մէջ բարձրագոյն միջինը ապահոված ըլլալուն համար:

ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան «Մհեր Ջուլհաճեան» ֆոնտին կողմէ պարգեւատրուեցաւ Նատիա Սիուֆի իր ուսումնական առարկաներուն մէջ գնահատելի արդիւնք ապահոված ըլլալուն համար, իր գործօն մասնակցութիւնը բերած ըլլալուն ՀՅԴ ԳՊՄ-եան աշխատանքներուն, եւ իր ուսումը շարունակելուն համար Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան երկրորդականէն ներս:

ՀՄԸՄ-Կամք մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ Նայիրի Սապա իր ուսումնական առարկաներուն մէջ գնահատելի արդիւնք ապահոված ըլլալուն համար, եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած ըլլալուն ՀՄԸՄ-Կամքի միութենական աշխատանքներուն, եւ իր ուսումը շարունակելուն համար Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան Երկրորդականէն ներս:

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի կողմէ Նատիա Սիուֆի «Մեսրոպ Մաշտոց» մրցանակը իր դպրոցական աշխատանքներու կողքին իր մասնակութիւնը բերած ըլլալուն՝ պատանեկան, եկեղեցական, մարզական ու մշակութային միութիւններու ակմբային աշխատանքներուն, եւ ամբողջացնելուն համար իր ուսումը Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան Երկրորդականէն ներս շարունակելու պայմանը:

Անդրանիկ Նասոյեան ոսկեայ խաչ մը ստացաւ, որպէս գնահատանքի նուէր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանին կողմէ: Նուիրատու՝ պրն. Արամ Նշանեան:

Սեւան Տօնապետեան պարգեւատրուեցաւ, որպէս նախակրթարանէն շրջանաւարտ այն աշակերտը, որ 6-րդ դասարաններու բարձրագոյն միջինը ապահոված է գիտութեան մէջ եւ որ իր իր ուսումը պիտի շարունակէ Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան երկրորդականէն ներս: Պարգեւը տրամադրուած էր տէր եւ տիկ. Մանուկ Չուխաճեանի կողմէ:

Երկրորդական Ե. կարգերէն՝

Սեւակ Թաշճեան եւ Գրիգոր Պալապանեան պարգեւատրուեցան Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կողմէ՝ ֆրանսերէնի մէջ բարձրագոյն միջին ապահոված ըլլալնուն համար:

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ յուշանուէրներ ստացան Գրիգոր Պալապանեան եւ Առէն Պապիկեան հայերէնի մէջ բարձրագոյն միջին ապահոված ըլլալնուն համար:

Գանատայի հայ առեւտրականներու խորհուրդի կողմէ պարգեւատրուեցան Առէն Պապիկեան եւ Լորըն Մանուկեան անգլերէնի մէջ բարձրագոյն միջին ապահոված ըլլալնուն համար: Իսկ նոյն միութեան կոմէ պարգեւատրուեցաւ Լէօնարտօ Թորոսեան գործարարութեան (entrepreneuriat) նիւթին մէջ բարձրագոյն միջին ապահոված ըլլալուն համար

Լախոյեան Րաֆֆի պարգեւատրուեցաւ որպէս այն աշակերտը, որ գնահատելի միջին ապահոված է գործարարութեան (entrepreneuriat) նիւթին մէջ եւ որու ծրագիրը արդէն իսկ գործնական ձեւով յաջողութիւն գտած է շուկայի վրայ: Նուիրատու՝ պրն.Շանթ Թոպի (G2S Equipment):

Գրիգոր Պալապանեան պարգեւատրուեցաւ որպէս այն աշակերտը, որ բարձրագոյն միջին ապահոված է թուաբանութեան մէջ: Նուիրատուներ՝ տէր եւ տիկին Սերժ եւ Ալիս Րավարի:

ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ Լէօնարտօ Թորոսեան, որ գնահատելի միջին ապահոված է ընդհանուր նիւթերուն մէջ, գործօն մասնակից եղած է ՀՅԴ ԳԵՄ-ի եւ ընդհանրապէս ակմբային կեանքի աշխատանքներուն, եւ որ իր ուսումը պիտի շարունակէ Քեպէգի բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններէն մէկուն մէջ:

Գրիգոր Պալապանեան կրթաթոշակի յատկացում ստացաւ ՄաքԿիլ համալսարանին կողմէ, որպէս այն աշակերտը որ բարձրագոյն միջին ապահոված է գիտական առարկաներու՝ քիմիագիտութեան եւ բնագիտութեան մէջ:

ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի «Մեսրոպ Մաշտոց» մրցանակը ստացաւ Սերոբ Թաշճեան իր դպրոցական աշխատանքներու կողքին իր մասնակութիւնը բերած ըլլալուն համար պատանեկան, եկեղեցական, մարզական ու մշակութային միութիւններու ակմբային աշխատանքներուն համար:

ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի նուէրը ստացաւ Սերոբ Թաշճեան գնահատելի ընդհանուր միջին ապահոված ըլլալուն համար:

Առէն Պապիկեան ոսկեայ խաչ մը ստացաւ, որպէս գնահատանքի նուէր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանին կողմէ: Նուիրատու՝ պրն.Արամ Նշանեան:

ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան կողմէ պարգեւատրուեցան Սերոբ Թաշճեան, Լէօնարտօ Թորոսեան եւ Սեւակ Թաշճեան Հայոց պատմութեան եւ միջազգային պատմութեան նիւթերու մէջ բարձրագոյն միջիններ ապահոված ըլլալնուն համար:

Սեւակ Թաշճեան ստացաւ տէր եւ տիկին Փիէռ Ասլանեանի կողմէ իրենց հայանուէր մեծ մօր յիշատակին «Վիքթորիա Աբգարեան»ի տարեկան պարգեւը: Պարգեւը կը տրամադրուի այն աշակերտին, որ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարան յաճախած բոլոր տարիներուն կարողացած է ապահովել բարձրագոյն միջին եւ ստանալ արժանեաց վկայագիր: Նաեւ՝ վերջին երեք տարիներու ապահոված է իր կարգին բարձրագոյն ընդհանուր միջինը:

«Բժիշկին Բ. խօսքը» գիրքը նուիրուեցաւ եւ հեղինակի բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի ձեռամբ բաշխուեցաւ գիտութեան մէջ 90-էն բարձր նիշ ապահոված հետեւեալ աշակերտներուն՝ Համբարձումեան Արէգ, Պապիկեան Առէն, Պալապանեան Գրիգոր, Գալողլեան Ճորճ, Թաշճեան Սեւակ եւ Վարժապետեան Արի:

Վարժարանիս տնօրէնութեան կողմէ պարգեւատրուեցան Հուրի Զոհրապեան եւ Սեւանա Օլիվիէ, որոնք գնահատելի նիշերով աւարտելու կողքին տարեշրջանի ընթացքին ցոյց տուին դպրոցի արժէքներուն վայել վարուելակերպ եւ վառ պահեցին դպրոցական կեանքի ոգին:

Արամ Պարթեւեան պարգեւատրուեցաւ, որպէս երկրորդական Դ. կարգի աշակերտը, որ բարձրագոյն միջինը ապահոված է գիտութեան մէջ: Պարգեւը տրամադրուած էր տէր եւ տիկ. Մանուկ Ջուխաճեանի կողմէ:

Համազգայինի Շրջանային եւ Մոնթրէալի «Սանահին« մասնաճիւղի զոյգ վարչութիւնները Հայաստանի ճանապարհածախս նուիրեցին 2011-2012 տարեշրջանի Երկրորդականի Ե. կարգի այն 2 աշակերտներուն, որոնք հայերէնի մէջ տարեկան բարձրագոյն միջինները ապահոված են: Պարգեւը ստացան Նարէ-Կասիա Թօփուզեան եւ Անիք Փլէզանս:

Որպէս բարձրագոյն ընդհանուր միջինը ապահոված աշակերտ, Գանատայի Ընդհանուր կառավարիչի (Gouverneur Gռnռral) մրցանակին արժանացաւ Սեւակ Թաշճեան:

Մրցանակներու բաշխումէն ետք վարժարանիս Ընդհանուր տնօրէնուհին հետեւեալ սրտի խօսքը փոխանցեց շրջանաւարտներուն յատկապէս նշելով հետեւեալը. «Թող ձեր բերնէն ելած խօսքը ըլլայ մաքուր եւ ստանձնած ձեռնարկները՝ պատուաւոր: Ճիշդ այս արժէքներուն համար է որ յաճախեցիք ազգային վարժարան եւ ստացաք հայեցի կրթութիւն եւ ընտանեկան սրբութիւն: Այս է պատգամը ձեր տնօրէնութեան, անկասկած նաեւ ձեր ծնողներուն եւ համայնքի ղեկավարներուն: Ապա թէ ոչ ինչու այսքան զոհողութիւն եւ պայքար բաց պահելու հայկական դպրոցի դռները: Հայեցի դաստիարակութիւնը եւ քրիստոնէական կրթութիւնը, որ ունեցաք թող ըլլան ձեր յառաջդիմութեան միջոցը չափահաս կեանքի սեմին»:

Վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխման աւարտին, Երկրդ. Ե. կարգի շրջանաւարտներու անունով ուղերձներ կարդացին Հուրի Զոհրապեան (հայերէն լեզուով), Դուին Տօնապետեան (անգլերէն լեզուով), իսկ ֆրանսերէն լեզուով ուղերձը փոխանցեց Սեւակ Թաշճեանը: Իր խօսքի աւարտին Սեւակ Թաշճեան տնօրէնութեան ուղղուած իր շնորհակալական խօսքը արտասանելէ ետք նուիրեց վարժարանի ընդհանուր տնօրէնուհիին՝ տիկին Գատեանին յուշանուէր մը բոլոր շրջանաւարտներուն կողմէ:

Փակման խօսք կատարեց Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեան, հոգեւոր տեսուչ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ, որ ընդգծեց Ս. Յակոբ վարժարանի առաքելութիւնը ու հայ շունչ ու ոգի փոխանցելու կարեւորութիւնը: Ան իր օրհնութիւնը եւ շնորհաւորութիւնները ուղղեց նաեւ մեր դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն:

Աւելի ուշ, շրջանաւարտները իրենց ծնողներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն հետ միատեղ Լաւալի «Փալաս» շքեղ ճաշասրահներուն մէջ հաւաքուեցան, ուր մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը զուարճացան:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.