ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՀԱԿԱՄԱՐՏ ՈՒԺԵՐԸ ԹԻՒԵՐՈՎ


 

 

Հելեն Լաւուա «Ռետանալիսիս» կայքէջին վրայ զետեղուած իր «Սուրիական պատերազմի դաշտին վրայ ուժերու գնահատումը» յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Սուրիոյ մէջ ռազմական կացութեան մասին պատկերացում մը ունենալու համար պատերազմող ուժերուն մասին գաղափար մը ունենալը կենսական է եւ այդ մէկը կատարելու համար բազմաթիւ ազդակներ պէտք է նկատի ունենալ, սակայն կարեւորագոյնը զինեալներն են։

 

ՄԻԱՑԵԱԼ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ (ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ) ԶԻՆԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ Ի՞ՆՉ Է

Լաւուա կը գրէ, որ այդ մէկը ճշդելը շատ դժուար է։ Տէյվիտ Իկնասիուս «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին մէջ 3 ապրիլ 2013-ին լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ այդ թիւը 50 հազարով կը գնահատէ, Արմատականացումի ուսումնասիրութեան միջազգային կեդրոնը ապրիլ 2013-ին այդ թիւը կը գնահատէ 60 հազար, իսկ ԱՖՓ-ի 13 ապրիլ 2013-ին յօդուածին համաձայն, Սուրիոյ ազատ բանակի զինեալներուն թիւը 140 հազար է։

 

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԷՆ ԴԱՍԱԼԻՔ ԵՂԱԾՆԵՐՈՒՆ Ի՞ՆՉ ՊԱՏԱՀԵՑԱՒ

Պատերազմին սկիզբը (2011-ին եւ 2012-ի մէկ բաժինը) լուսարձակները կեդրոնացած էին սուրիական բանակէ դասալիք դարձած բանակայիններուն վրայ, որոնք 23 սեպտեմբեր 2011-ին գնդ. Ռիատ Մուսա Ասաատի ղեկավարութեամբ ստեղծեցին Սուրիական ազատ բանակը։ Բոլոր դասալիքները՝ սպաներ եւ զինուորներ այդ բանակին մաս պիտի կազմէին, սակայն այդ սպաներէն ոմանք Թուրքիոյ մէջ «սպաներու ճամբար»-ի մը մէջ պահուեցան՝ պատերազմի դաշտէն հեռու, իսկ ուրիշներ գետնի վրայ գոյութիւն ունեցող ուժերու միացան։ 27 հոկտեմբեր 2011-ին, «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի մէջ լոյս տեսած Լիամ Սթաքի յօդուածին մէջ գնդ. Ասաատ յայտնեց, որ դասալիք սպաներու եւ զինուորներու թիւը աւելի քան 10 հազար է, սակայն 1 դեկտեմբեր 2011-ին յայտարարեց, որ Սուրիական ազատ բանակի զինեալներուն թիւը 20 հազարի բարձրացած է (Սաֆաք Թիմուր, ԱՖՓ), իսկ 2 դեկտեմբեր 2011-ին «Ժազիրա»-ի կայքէջին վրայ զետեղուած յօդուած մը այդ թիւը հազարէն 25 հազարի միջեւ կը նշէր։

Ինչ որ ալ էր անոնց թիւը՝ դասալիքները շատ հաւանաբար ոչ միայն Սուրիական ազատ բանակին կամ Միացեալ ռազմավարական խորհուրդին միացան, այլ նաեւ ընտանեկան, աշխարհագրական կամ կրօնական հիմքերով անջատ խումբեր կազմեցին։

 

ԱՍԱՏԻ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ՀԱՐՈՂ ՈՒԺԵՐ 

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐ

Ասատամէտ ուժերը կազմուած են Սուրիոյ կանոնաւոր բանակէն, նախագահական պահակագունդէն եւ միլիսներէ (ալեւի կամ սիւննի, քրիստոնեայ եւ տիւրզի անդամներէ կազմուած)։ Անոնց կողքին կը կանգնին նաեւ ապահովական եւ ոստիկանական ուժերը։

Ըստ Ժոզեֆ Հոլիտէյի մարտ 2013-ին լոյս ընծայած յօդուածին, Ասատի վարչակարգի հաւատարիմ ուժերը 65-էն 75 հազար կը հաշուեն, իսկ բանակին ընդհանուր թիւը՝ ներառեալ օդուժի եւ հակաօդային համակարգի անձնակազմը 300 հազար է, որմէ պէտք է զեղջուի դեկտեմբեր 2012-ի վերջաւորութեան տուեալներով՝ 7620 զոհերն ու 30500 վիրաւորները։

 

ԱՍԱՏԱԿԱՆ ՄԻԼԻՍՆԵՐԸ

1- «Շապպիհա»-ները, որոնք մեծ մասամբ կազմուած են ալեւի մաքսանենգներէ, որոնց ղեկավարները բազմանդամ Ասատ ընտանիքի անդամներ են։ Ալեւի բնակչութիւն չունեցող շրջաններու մէջ այդ խմբակները կազմուած են այլ ազգային փոքրամասնութիւններու անդամներէ։

2- «Ժողովրդային յանձնախումբեր»-ը որոնք վերածուեցան Ազգային պաշտպանութեան ուժերու։ Անոնք կազմուած են Սուրիոյ փոքրամասնութիւններու անդամներէ։

3- «Ժողովրդային բանակ», որ գոյութիւն ունեցած է 1980-ական թուականներէն ի վեր։ Անիկա կազմուած է նախորդ երկու խմբակներու լաւագոյն եւ ամէնէն հաւատարիմ զինեալներէն։

 

ԱՍԱՏԻ ԶՕՐԱԿՑՈՂ ՕՏԱՐ ՈՒԺԵՐ 

ՀԸԶՊԱԼԼԱ

Ըստ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան, Մայիս 2013-ի վերջաւորութեան Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի զինեալները 3-4 հազարով կը գնահատուին, իսկ ըստ Սուրիական ազատ բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Իտրիսի անոնց թիւը 7 հազար է։ Ըստ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր ԺահԺահի, այդ թիւը 5 հազարէն աւելի չէ։ Իրանի պետական ձայնասփիւռի անգլերէն ծառայութեան համաձայն, «Հըզպալլա 65 հազար զինուորներէ բաղկացած բանակ մը ունի, որուն դէմ ճակատիլը դժուար է»։

 

ԻՐԱՆԵԱՆ ՈՒԺԵՐ

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի Քուտս ջոկատի անդամները 2011-էն ի վեր կը մարզեն «Ժողովրդային ուժերը» եւ շատ հաւանաբար նաեւ սուրիական բանակին խորհրդատուական պարտականութիւն կը կատարեն։ Ըստ Ռապըրթ Ֆիսքի յունիս 2013-ի կէսերուն Իրան որոշած է Յեղափոխական պահակագունդի 4 հազար անդամներ Սուրիա ուղարկել նախագահ Պաշշար Ասատի ուժերուն օժանդակելու համար։

 

ԱՊՈՒԼՖԱՏԸԼ ԱԼ-ԱՊՊԱՍ ՋՈԿԱՏ

Ըստ Մոնա Մահմուտի եւ Մարթին Չուլովի, այդ զինեալ խմբաւորումը կազմուած է 10 հազար շիի կամաւորներէ, որոնցմէ շատերը արտասահմանէն եկած են։

Անոնց կողքին գոյութիւն ունին նաեւ Իրաքի շիի միլիսներու Քաթայիպ Հըզպալլայի եւ Մահտիի բանակի անդամներ, սակայն անոնց թիւերը յայտնի չեն։

 

ՍՈՒՐԻՈՅ ՔՐՏԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐ

Սուրիոյ քիւրտերու Ժողովուրդի պաշտպանութեան կոմիտէն (PYG) կը բաղկանայ 10 հազար զինեալներէ։

 

ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՀԱՍՏԱՏԵԼ ՈՒԶՈՂ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՍԻՒՆՆԻ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ

Սուրիա ազատագրութեան ճակատը, որ նաեւ ծանօթ է Սուրիական իսլամական ազատագրութեան ճակատ անունով, ըստ կարգ մը տուեալներու, 37 հազար զինեալներ ունի, ըստ ուրիշներու՝ 10-էն 30 հազար զինեալներ։

 

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԺԻՀԱՏԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՀԵՏԵՒՈՂ ՍԻՒՆՆԻ ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆ ԽՄԲԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐ

 

Տէյվիտ Իկնասիուս նոյեմբեր 2012-ին «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ՝ օգտագործելով սուրիական ազատ բանակի աղբիւրները կը գրէր, որ Ժապհաթ Նուսրան 6-էն 10 հազարի միջեւ զինեալներ ունի։ Այս խմբակին կողքին կը գործէ նաեւ Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն կազմակերպութիւնը։ Այս երկու խմբակները իրենց շրջանային բաժանմունքները ունին, Տէր Զօրի, Ռաքքայի եւ Տարաայի մէջ։ Դժբախտաբար այս ուժերուն թիւին մասին որեւէ գնահատական գոյութիւն չունի։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.