1991 թուականի անկախութենէն ի վեր Հայաստանի ղեկավարները դժկամ էին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին այլ պահանջներ ներկայացնելու Թուրքիային


Յարութ Սասունեան

Հայ պաշտօնատարները միայն վերջին տարիներուն սկսած են խօսիլ “ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման մասին”` առանց նշելու “հետեւանքները” եւ անոնց “վերացման” միջոցները:

Սակայն այս ամսուայ սկիզբը լուրջ տեղաշարժ յայտարարուեցաւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ Թուրքիոյ առնչութեամբ, երբ գլխաւոր դատախազ Աղվան Յովսէփեան իրաւաբաններու համահայկական միջազգային համաժողովին կոչ ըրաւ վերադարձնելու հայկական պատմական տարածքները:

Սա առաջին անգամն է, որ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը հանդէս կու գայ հրապարակային նման պահանջով Թուրքիայէն:

Աղվան Յովսէփեան իր ծաւալուն եւ համապարփակ ելոյթի ընթացքին յայտարարեց, որ տարբեր պետութիւններու կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը “յուզական-բարոյական” հարց է: Գլխաւոր դատախազը կոչ ընելով անցում կատարել դէպի “իրաւական դաշտ”, նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքները վերացնելու համար «ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգները պէտք է նիւթական փոխհատուցում ստանան, Հայ Եկեղեցիին պէտք է վերադարձուին Թուրքիոյ տարածքին հրաշքով կանգուն մնացած եկեղեցիներն ու եկեղեցապատկան հողերը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ստանայ իր կորսնցուցած տարածքները”:

Գլխաւոր դատախազ Յովսէփեան պնդեց, որ եթէ հայերը այս աւելի համարձակ մօտեցումը չորդեգրեն` յաջորդ հարիւրամեակին շօշափելի որեւէ արդիւնքի չեն հասնիր, ինչպէս որ չեն հասած վերջին հարիւր տարուան ընթացքին: Ան առաջարկեց վերանայիլ Հայաստան-թուրքիա յարաբերութիւնները կարգաւորող բոլոր միջազգային պայմանագիրները` սկսած Պեռլինի 1878 թուականի Քոնկրէսէն մինչեւ 2009 թուականի ստորագրուած, բայց չվաւերացուած արձանագրութիւնները: Ան նաեւ Նախիջեւանի շրջանը յայտարարեց “Հայաստանի անբաժանելի մաս, բայց բռնագրաւուած Ատրպէյճանի կողմէ: Յովսէփեան կոչ ըրաւ աշխարհի չորս կողմէն հաւաքուած հայ իրաւաբաններուն պատրաստելու իրաւական փաթեթ Ատրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն տարածքային պահանջներու մասին եւ զայն ներկայացնել Հայաստանի կառավարութեան` յետագային Արդարադատութեան միջազգային դատարան դիմելու համար:

Սովորաբար, որեւէ երկրի գլխաւոր դատախազի յայտարարութիւնները մեծ կշիռ չեն ունենար միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, եթէ չ’ըլլար այն հանգամանքը, որ  շարք մը  բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ, ինչպէս` նախագահ Սերժ Սարգսեան, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեան, ինչպէս նաեւ Արցախի արդարադատութեան նախարար Արարատ Դանիէլեան, նոյնպէս իրաւաբաններու համաժողովին ելոյթներ ունեցան արդարութեան վերականգնման մասին: Ակնյայտ էր, որ Գլխաւոր դատախազը նշանակուած էր իբրեւ Հայաստանի կառավարութեան խօսնակ` Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրէին Թուրքիոյ հանդէպ անոր աւելի կոշտ դիրքորոշումը արտայայտելու համար:

Նախագահ Սարգսեան աւելի շրջահայեաց լեզու օգտագործելով, քան թէ Գլխաւոր դատախազը, իրաւաբաններու համաժողովին ըսաւ. “Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, դատապարտումը եւ անոր հետեւանքներու վերացումը մշտապէս արդիական պիտի ըլլան: Քանի դեռ գոյութիւն ունի Հայոց պետութիւնը` անյաջողութեան պիտի մատնուին այս պատմական իրողութիւնը ուրանալու եւ մոռացութեան տալու բոլոր փորձերը: Մարդկութեան դէմ գործուած այս մեծագոյն յանցագործութիւնը պէտք է մէկընդմիշտ ճանչցուի եւ դատապարտուի` առաջին հերթին նոյն Թուրքիոյի կողմէն”:

Ըստ կառավարութեան նոր քաղաքականութեան ուղղուածութեան` Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան յայտարարեց, որ պիտի ստեղծուի յատուկ յանձնախումբ` Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջներուն հետամուտ ըլլալու համար անհրաժեշտ իրաւական թղթածրար պատրաստելու նպատակով:

Աւարտին, համաժողովի մասնակիցները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ, պնդելով, որ “հայ իրաւաբաններու առաջնահերթ խնդիրը ոչ թէ  Ցեղասպանութեան ակնյայտ իրողութիւնը փաստելն է, այլ` հետեւանքներու յաղթահարման առումով իրաւական հիմնաւոր ու ամբողջական թղթածրարի պատրաստումը”:

Սա ողջունելի իրադարձութիւն է Հայաստանի կառավարութեան եւ Սփիւռքի միջեւ համախոհութիւն ստեղծելու առումով` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի շեմին միասնական նպատակներ իրագործելու համար:

Սակայն, զուտ յուզական ոգեշունչ յայտարարութեան շրջանակներէն ելլելու համար Հայաստանի ղեկավարները պէտք է ձեռնարկեն հետեւեալ երկու անյապաղ քայլերը.

1.Ետ կանչել Հայաստանի կառարավարութեան ստորագրութիւնը անարդիւնաւէտ հայ-թրքական արձանագրութիւններէն: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրէին անիմաստ է առաջնորդուիլ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու ապարդիւն ջանքերով` միաժամանակ դատական հայցադիմում պատրաստելով փոխհատուցման համար:

2. Ստեղծել միջազգային իրաւունքի մասնագէտներու խումբ մը` Թուրքիոյ դէմ Միջազգային դատարանի եւ/կամ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի մէջ դատական գործի կազմակերպումը սկսելու համար:

Թէպէտ թերահաւատները կրնան լրջօրէն չընդունիլ Հայաստանի իշխանութիւններու վերջին քաղաքական յայտարարութիւնները` Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարութիւնը նման կասկածներ չունի: Նախորդ շաբաթ Անգարան դատապարտեց Հայաստանի տարածքային պահանջները` զայրացած յայտարարելով, որ «ոչ ոք չի համարձակիր տարածքներ պահանջելու Թուրքիայէն»:

Թարգմանութիւնը` Ռուզաննա Աւագեանի

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.