ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԻՒՆԸ


 

 

Տրդատ Տիրիթատեան վերոնշեալ խորագիրը կրող իր պլոկին մէջ կը գրէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, թէ ինք Ստեփանակերտի նորակառոյց օդակայանին մէջ էջք կատարող առաջին օդանաւին առաջին ճամբորդը պիտի ըլլայ։ Սակայն Ազրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի օդային տարածքը իրը կը համարէ եւ կը սպառնայ վար առնել որեւէ օդանաւ, որ այդ տարածքը կը բռնաբարէ։ Երկիրի մը նախագահին դէմ որեւէ յարձակում պատերազմի յայտարարութիւն կը նշանակէ, ուստի պէտք է հասկնալ, թէ հայկական ուժերը որքան լաւ կը վերահսկեն այդ օդային տարածքին, իսկ ազրպէյճանական ուժերը ինչպէ՞ս կրնան Հայաստանի նախագահը փոխադրող օդանաւը վար առնել։

 Ազրպէյճան կրնայ օգտագործել իր 2Քէյ11 Քրակ (Էս-4 ԿԱՆԵՖ) հակաօդային համակարգը, որուն համար ճամբորդատար օդանաւ մը դիւրին թիրախ մըն է եւ այս պարագային Ազրպէյճան դէպքը իբրեւ արկած կրնայ ներկայացնել։ Սակայն տարածաշրջանի լեռնային բնոյթը 1Էս32-ի (ՓԱԹ ՀԱՆՏ (ռատարի օգտագործումը անհաւանական կը դարձնէ։

 Ազրպէյճանական կողմին երկրորդ ընտրանքը Միկ-29էս (ՖՈՒԼՔՐՈՒՄ-ՍԻ) կործանիչներ օգտագործելով օդէ-օդ հրթիռի արձակումն է։ Ըստ կարգ մը աղբիւրներու ազրպէյճական կողմը իր զինանոցին մէջ ունի»Առ-27«(Էյ.Էյ.-10 ԱԼԱՄՕ) հրթիռներ, որոնք կրնան այդ տիպի կործանիչներէ արձակուիլ։

 Հայկական լաւագոյն ընտրանքը 90 քիլոմեթր հասողութիւն ունեցող »Էս-300Փի.Էս.« համակարգ մը Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ տեղակայումն է։ Այդ համակարգը իր պարտականութիւնը կատարեալ ձեւով պիտի կատարէ, եթէ պայմանները յարմար ըլլան։ Ազրպէյճանական կործանիչներու օդ բարձրանալէն անմիապէս ետք, Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը կրնայ անմիջապէս զգուշացնել նախագահը փոխադրող օդանաւը, որպէսզի ճամբան փոխէ կամ անմիջապէս էջք կատարէ, սակայն ասիկա ռիսք մըն է, եթէ ազրպէյճանական կործանիչները արդէն արձակած ըլլան իրենց հրթիռները։ Այստեղ է, որ Էս-300-ները կրնան գործի լծուիլ։

 Հայաստանի լաւագոյն գրաւը պիտի ըլլայ թշնամիին ռատարները խանգարելու արհեստագիտութիւն ապահովելը, ինչ որ աղէտ մը եւ տարածաշրջանին մէջ լայնամաշտապ պատերազմ մը պիտի կանխարգիլէ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.