76 քուէի տարբերութեամբ ՀՅԴ թեկնածուն կորսնցուց ընտրութիւնը
1630
0
Պռօշեանի մէջ Յուլիս 15-ին կայացած ընտրութիւններուն գիւղապետ ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) թեկնածու Արթուր Մուրադեան:
Պռօշեանի 3991 ընտրողներէն գիւղապետի ընտրութեան մասնակցեցան 2799-ը: Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն ապահովեց 1317 ձայն: Առաջադրուած միւս երկու թեկնածուներէն Վովա Սահակեան (ՀՅԴ) հաւաքեց 1241 ձայն, իսկ Ալեքսան Ալեքսանեան` 178 ձայն: Անվաւեր ճանչցուեցաւ 72 քուէաթերթիկ:
Թերթ կայքէջի հետ հարցազրոյցի ընթացքին Վովա Սահակեան յայտնած է, որ Համրապետականները իւրաքանչիւր քուէի համար, Արթուր Մուրադեանի օգտին քուէարկող գիւղացիներուն յանձնած է 10 հազար դրամ (25 տոլար)։