ՀԱԼԷՊԻ ՍՈՎԱՀԱՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԼՈԼԻԿ ԿԸ ԲԱԺՆԵՆ


 

 

ՀԱԼԷՊԻ ՍՈՎԱՀԱՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԼՈԼԻԿ ԿԸ ԲԱԺՆԵՆ

 

Աւելի ճիշդ՝ լոլիկ բաժնելու տպաւորութիւնը կþուզեն ստեղծել։ Դէպքը պատահած է Ուրբաթ օր, 13 Յուլիսին, Հալէպի ամէնէն հայահոծ թաղամասին՝ Սիւլէյմանիէի մէջ։Տասը օրէ իվեր քաղաքը կþապրի սննդամթերքի շատ սուր տագնապ մը։ Հացին հետ միասին, շուկայէն ամբողջովին անհետացած են միսն ու հաւկիթը, կաթն ու մածունը, նաեւ կանաչեղէնի այն բոլոր տեսակները, որոնք անհրաժեշտ են մարդոց սեղանին վրայ։ տնուելու պարագային՝ այս տարրական սննդանիւթերուն համար կը պահանջուին արտասովոր սուղ գիներ, առասպելական գումարներ։

 Խեղճ հալէպցիք շուարած վիճակ մը ունին եւ անգործութեան ու անապահովութեան ճնշող մթնոլորտին զուգահեռ՝ հիմա ալ ամէն առտու պէտք է մտածեն օրուան չոր հացը ապահովելու ձեւերուն մասին, քիչ մը լոլիկ, քիչ մը գետնախնձոր կամ քանի մը վարունգ ճարելու միջոցներուն մասին։

 Ահա յանկարծ լուր կը տարածուի, թէ Հալէպի նահանգապետութեան կողմէ լոլիկ պիտի բաշխուի ժողովուդին։ Սիւլէյմանիէի ժողովուրդը (ջախջախիչ մեծամասնութեամբ հայ եւ քրիստոնեայ) ակնդէտ կը սպասէ խոստացուած լոլիկը։ Ոմանք պատշգամը կանգնած են, ուրիշներ փողոց իջած՝ պայուսակները իրենց ձեռքին։

 Լոլիկը կþուշանայ սակայն։Ի վերջոյ, փրկութեան լաստը կþերեւի։    Նահանգապետարանին կողմէ վարձուած բեռնատար հսկայ մեքենայ մը կու գայ կը կանգնի հայահոծ Սիւլէյմանիէի մայր պողոտային ճիշդ կեդրոնը, հայկական «Կիլիկիա» գրատան դիմաց։

 Խուճապ մը եւ իրարանցում կը ստեղծուի։

Հուռռա՜, լոլիկ եկած է, լոլի՜կ…Տասը  օրէ ժողովուրդը լոլիկին կարօտը կը քաշէր։ Ահա հիմա, կշտանալու չափ լոլիկ բերուած է իրեն։ Բեռնատար մեքենան բերնէ բերան լեցուն է կաս-կարմիր լոլիկներու բազմահարիւր սնտուկներով։

 Ոմանք հարց կու տան արդէն, թէ այս հսկայ քանակը ո՞ւրկէ մուտք գործեց։ Չէ՞ որ քաղաքը շրջափակուած է «զինեալ ահաբեկիչներ»ու կողմէ, չէ՞ որ կþըսուէր թէ քաղաք առաջնորդող մուտքի բոլոր անցքերը «միւսներ»ուն ձեռքն անցած են։Այս խորհրդաւոր հարցումներուն պատասխանը ոչ ոք պիտի գիտնայ։ Բայց հոգ չէ։ Կարեւորն այն է, որ պետութիւն եւ նահանգապետութիւն իրենց ճարպիկութեամբ ձե՛ւ մը գտեր են լոլիկը հասցնելու սովահար ժողովուրդին։ Փա՜ռք Ալլահին։

 Բայց բաշխումը կþուշանայ։ Հազարաւոր թաղեցիներ խռնուած են արդէն բեռնատար  մեքենային շուրջ-բոլորը, զիրար կը հրմշտկեն՝ լոլիկ ձեռք ձգելու համար։ Մինչ յայտնօրէն, բաշխումի «պատասխանատու»ները (զինեալ երիտասարդներ) անտարբեր են զանգուածին նկատմամբ, նոյնիսկ՝ կը սաստեն զանոնք, վիրաւորական խօսքերով կþարհամարհեն զիրենք…

 Ճիշդ այդ պահուն՝ դէպքին վայրը կը ժամանեն պետ. հեռատեսիլի թղթակիցները։ ործի կը լծուին՝ իրենց արդիական քամերաներով եւ կը նկարահանեն լոլիկի բեռնատարն ու հաւաքուած ժողովուրդը։ Երեկոյեան, տեղական լուրերու յայտագրին մէջ՝ արար-աշխարհին պիտի ծանուցեն որ լոլի՜կ բաժնուեցաւ ժողովուրդին, լոլի՜կ։Նկարահանումը վերջ կը գտնէ։ Ու անոր հետ՝ վե՛րջ կը գտնէ նաեւ «բաշխում»ի բեմադրութիւնը։Նահանգապետարանի բեռնատար մեքենան, առանց լոլիկները բաժնելու՝ կը ճեղքէ սովահար մարդոց խուռներամ բազմութիւնը եւ կը սուրայ դէպի ա՛յլ թաղամաս մը, հո՛ն եւս շարունակելու համար այս ողբերգա-կատակերգական սուրիական դիպաշարին Բ. արարը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.