ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՇԱՌԱԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ՎԱՏԹԱՐԱՑԱԾ Է, Կ’ԸՍԷ ԹՐԵՆՍՓԵՐԸՆՍԻ ԻՆԹԷՐՆԷՇԸՆԸԼ


 

 

Կաշառակերութեան դէմ պայքարի Թրենսփերընսի Ինթէրնէշընըլ կեդրոնը հրապարակած է իր տարեկան՝ «Կաշառակերութեան համաշխարհային ճնշաչափերը», որ ցոյց կու տայ, թէ աշխարհի 107 երկիրներու մէջ մարդիկ ի՞նչպէս կը գնահատեն ապականութեան եւ կաշառակերութեան մակարդակը, նաեւ՝ այդ երեւոյթներուն դէմ իրենց երկրին մէջ տարուող պայքարը, ո՞րոնք են ամենէն աւելի ապականած ոլորտները:

Ըստ այդ տեղեկագրին` 107 երկիրներէն 83ին, ներառեալ՝ Հայաստանի մէջ, հարցապնդուածները յայտնած են այն կարծիքը, թէ կաշառակերութեան իրավիճակը վատթարացած է. 13 երկրի մէջ փոփոխութիւն չեն արձանագրած, եւ միայն 11 երկրի մէջ հարցապնդուածները պատասխանած են, որ ընդհակառակն` իրենց երկրին մէջ կաշառակերութիւնը յետադիմած է: Այդ 11 երկիրներուն մէջ են նաեւ Հայաստանի երկու դրացիները` Ազէրպայճան եւ Վրաստան:

Հայաստանի մէջ հարցապնդուածներուն 18 տոկոսը յայտնած է, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին կաշառք տուած է, Վրաստանի մէջ այդ տոկոսը 4% է: Բայց Ատրպայճանի պարագան իւրայատուկ է: Յայտնի չէ, թէ հարցապնդուածներուն քանի՞ տոկոսը ըսած է, որ կաշառք տուած է: Տեղեկագրին մէջ այդ մասը կը բացակայի: Միայն, տողատակին բացատրուած է, որ կաշառք տալու վերաբերեալ քանի մը երկիրներու, ներառեալ՝ Ազէրպայճանի տրամադրած տուեալներուն տեղ չէ տրուած տեղեկագրին մէջ, քանի որ անոնց հաւաստի բնոյթը կասկածելի է:

Ինչ կը վերաբերի առաւելագոյնս ապականած բնագաւառին, մարդիկ ամենէն շատ գանգատած են արդարադատութենէն: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.