Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին 500 հազար տոլարի պարտք ունի


 

Տիարպէքիրի թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըք եւ խորհուրդի անդամ՝ Փէլին Այըք վերջերս Իսթանպուլի մէջ հանհիպում ունեցան «Ակօս»ի խմբագրութեան հետ եւ անոնց փոխանցեցին վերջին Տիարպէքիրի վերակառո.ւցուած Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւններ։

Ըստ անոնց, Տիարպէքիրի քաղաքապետութիւնը քաղաքի պատմական շէնքերէն՝ Ճէմիլ Փաշայի ապարանքին մէջ կը ձեռնարկէ քաղաքի թանգարանի մը կառուցման։ Այդ շրջագծով նախատեսուած է թանգարանի հայկական նիւթերու յաւելեալ մէկ մասն ալ տեղադրել Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ յարակից շէնքերուն մէջ։

Այս մասին քաղաքապետարանը եւ թաղականութիւնը արդէն իսկ կնքած են համացայնութիւն մը, ըստ որու , քաղաքապետարանը ստանցնած պիտի ըլլայ թանգարանի յարդարումի, ջեռուցման եւ լուսաւորման ծախսերը եւ եկեղեցւոյ անվտանգութիւնը  ապահովող պահակներու վճարումը։

«Քաղաքի թանգարանին եկեղեցւոյ բաժնին մէջ ցուցադրուելիք նիւթերը աւելի շատ պիտի ցոլացնեն քաղաքի հայ ինքնութիւնը», յայտնած է Վարդգէս Այըք, ու աւելցուցած, որ թաղականութենէն արտօնութիւն առնելու պայմանաւ եկեղեցւոյ եւ շրջափակին մէջ պիտի կազմակերպուին բանախօսութիւններու, ցուցահանդէսներու եւ համերգներու նման մշակութային եւ գեղարուեստական միջոցառումներ։

«Այս առումով, կոչ կ՚ուղղենք բոլոր նախկին Տիգրանակերտի հայերուն, որոնք իրենց մօտ կրնան ունենալ պատմական արժէք ներկայացնող լուսանկարներ, առօրեայ կամ կենցաղային իրեր, փաստաթուղթեր եւ այլ նիւթեր տրամադրեն նորահաստատ թանգարանին», ըսաւ ատենապետը։

1 միլիոն լիրա պարտական

Վարդգէս Էրկիւն Այըք եւ ի անդամ՝ Փէլին Այըք յայտնեցին, որ եկեղեցւոյ վերակառուցումը մեծ ուրախութիւն պատճառած է աշխարհի բոլոր տիարպէքիրցի հայերուն, սակայն դժբախտաբար, վերակառուցման համար գոյացած ծախսը դեռ ամբողջովին չէ վճառուած։ Վերանորոգման ընդհանուր հաշիւը 5 միլիոն 900 հազար լիրա եղած է։ թաղականութիւնը դեռ պարտական է 1 միլիոն 20 հազար լիրա (512 հազար ԱՄՆ տոլար)։

Անոնք կը յայտնեն, որ եկեղեցին իր սեփական պայմաններով կարողութիւն չունի այդ գումարը ապահովելու։ Ուստի յառաջիկայ շրջանին համար կը նախատեսուի Նիւ Եորքի եւ Իսթանպուլի մէջ դրամահաւաքի կարգ մը միջոցարումներու։

17 կալուածներ վերադարձուած

             Եկեղեցւոյ վարչականները համոզուած են նաեւ, որ եթէ Իսթանպուլի Պատրիարքարանը հոգեւորական մը պաշտօնակոչէ Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիին,  այդ քայլը իր ներգործօն ազդեցութիւնը պիտի ունենայ յատկապէս շրջանի կրօնափոխ իսլամացած հայերը իրենց մայր կրօնքին վերադարձնելու գծով:

            Վարդգէս Էրկիւն Այըք եւ Փէլին Այըք թը յայտնեն նաեւ, որ վերջերս Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան որոշումով 17 կալուածներ եւս գրանցուեած են եկեղեցւոյ տոմարին եւ թէ այդ կալուածներու վաճառքով կրնան փակել եկեղեցւոյ պարտքերը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.