Համազգայինի լուսաճաճանչ «Հայ Աստղեր»ը

 

Հոգեկան բազմատեսակ ապրումներու ամբողջութիւն մըն էր Ապրիլ ամիսը, մանաւանդ՝ այս տարի: Մեծ Եղեռնի հանդիսաւոր ոգեկոչումներէն անդին՝ մշակութային ձեռնարկներու տարափ մը, որ սակայն օրհնութեան պէս տեղաց Թորոնթոյի գաղութին վրայ: Վերջինը՝ մեր գաղութի մատղաշ սերունդին կողմէ մատուցուած, առաւել եւս բազմապատկեց վերապրումի, հպարտութեան ու յոյսի զգացումները:

Պայծառ Կիրակի մըն է. 28 Ապրիլ, 2013: Թորոնթոյի Հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին դրան առջեւ ծնողներ, մեծ հայրիկներ, մեծ մայրիկներ, փոքրիկներ, մշակոյթի սիրահարներ, խանդավառ շարքի կեցած են: Սրահին դուռը կը բացուի ու անհամբեր ամբոխը ներս կը խուժէ: Մեզ կը դիմաւորէ պատշաճօրէն յարդարուած, փայփլուն, աստղալից բեմը. գործը՝ Յարութ եւ Թամար Մաթոսեանի: Ձախին, սեւ փայլուն դաշնամուրը իր տիրական տեղը գրաւած է: Քիչ անց, բեմահարթակին վրայ կÿերեւի օրուան հանդիսավարը՝ Էօժենի Բարսեղեան: Բարի գալուստի հակիրճ խօսքէն ետք, ան բեմ կը հրաւիրէ Համազգայինի «ադամանդեայ» «Հայ Աստղեր»ը:

Ահա, բուռն ծափերուն ընդմէջէն, համրաքայլ իրարու յաջորդելով, մէկը շիկնոտ միւսին նայելով, միւսը ինքնավստահ սրահը քննելով, ժպտուն ու կենսուրախ՝ 4-7 տարեկան փոքրիկները իրենց յատուկ տեղերը կը գրաւեն, արդէն իսկ բոլորին սրտերը գրաւելով: Սրահ կը մտնեն խմբավար՝ Հռիփսիմէ Տէմիրճեանն ու դաշնակահար Վանիկ Յովհաննէսեանը ու դաշնամուրի ձայնով ծայր կÿառնէ հանդէսը:  Իրենց աչքերը սեւեռած ղեկավարին՝ հայ «աստղիկ»ները կը ներկայացնեն «Շաքար»ը, որուն կը յաջորդեն «արուն», «Մեր սիրելի հայրենիք» եւ «Ուրախ առաւօտ» երգերը: Տրամադրութիւնները բարձր են, ժպիտներն ու ծափերը՝ անպակաս:

Փոքրիկներուն կը յաջորդէ 8-13 տարեկան պատանիներուն խումբը: Երգացանկը հայրենաշունչ երգերէ կազմուած է.- «Հայաստան»էն կը փոխադրուինք «Բարձրիկ Հայաստան», ապա՝ «Երգ Մասիսի»ն ու կը սաւառնինք «Կապոյտ երկինք»էն ուրկէ երկրէ երկիր թափառող հայոց «Կռունկ»ը մեզ իր թեւերուն մէջ առած կը վերադարձնէ հայրենիք: «Իմ Երեւան»ին մենակատարներն են Անի Խաչատրեանն ու Էրիքա Խուդեանը. ինքնավստահ ու ամենայն ճշգրտութեամբ կը ներկայացնեն իրենց բաժինը ու կÿանցնինք «Կարօտ»ին, որուն մենակատարն է Մինէ Ծատուրեան: Մինէ իր թովիչ ձայնով կը մեկնաբանէ իրեն սահմանուած բաժինը, որմէ ետք խումբը կը ներկայացնէ «Հովեր հովեր»ը հմայիչ մենակատարութեամբ՝ Վանի Եագուպեանի: «Հրաժեշտ»ին պահը կը հասնի, մենակատարն է Լիսա Սարգսեան. Լիսա եւս, կը տպաւորէ հանդիսատեսը իր մեկնաբանութեամբ: Յետոյ, կը վերադառնանք «Հայաստան աշխարհ» որուն մենակատարներն են Մինէ Ծատուրեանն ու Դուին աթրճեանը. Մինէ եւ Դուին իրենց ձայներու իւրայատկութեամբ կը յաջողին գրաւել հանդիսատեսը: «Իմ անունը Հայաստան է» խմբային կատարումին կը մասնակցին Մելանիա Շամահեան, Էրիքա Խուդեան եւ Մինէ Ծատուրեան. բոլորը կÿարժանանան հանդիսատեսի բուռն գնահատանքին:

Ծափերուն ընդմէջէն փոքրիկներու խումբը դարձեալ կը յայտնուի բեմահարթակին վրայ ու միանալով պատանիներուն միատեղ կը ներկայացնէ վերջին երգը՝ «Հայ Հայ», որուն մէջ մենակատարի բաժինով կը ներկայանան Կարէն Տէմիրճեան, Անուշ Յարութիւնեան, Լիա Յարութիւնեանց,  Անի Խաչատրեան, Հայկ Յարութիւնեան, Մելանիա Շամահեան, Նորա Պօղոսեան, Մինէ Ծատուրեան, Էրիքա Խուդեան. գեղեցկօրէն ներկայացուած այս երգը, տպաւորիչ մենակատարումներով մեծապէս կը յուզէ 300-է աւելի ներկաները:

«լաձոր» մասնաճիւղի ատենապետ եւ երգչախումբի յանձնախումբի վարչական ներկայացուցիչ՝ Լորիկ աթրճեան, գնահատանքի խօսք կÿուղղէ  յանձնախումբի անդամներուն, ծնողներուն, ղեկավար Հռիփսիմէ Տէմիրճեանին, դաշնակահար Վանիկ Յովհաննէսեանին, նաեւ այն  վարչութեան (ատենապետ՝ Մեղեդի Էթիեմեզեան) եւ պատկան յանձնախումբին, որոնք հիմը դրին Համազգայինի մանկապատանեկան երգչախումբին 2010-ին. ան յատկապէս կը նշէ երգչախումբի յանձնախումբի ու վարչութեան նախկին անդամներէն տաղանդաւոր ջութակահար Սոնա ալթակեանի, ինչպէս նաեւ երգչախումբի եւ վարչութեան նախկին անդամներէն ոհար Եագուպեանի անունները: Աւարտին, ծաղկեփունջերով կը պարգեւատրուին ղեկավար Հռիփսիմէ Տէմիրճեանն ու դաշնակահար Վանիկ Յովհաննէսեանը:

Այո, քայլերը դանդաղ սկսան, խումբի անդամներու թիւը քիչ էր, սակայն կային եւ կան առաքելութեան հաւատացող անդրդուելի Համազգայնականներ, որոնց շնորհիւ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին, բուռ մը փոքրիկներով սկսած խումբը՝ այսօր դարձած է 55 «Հայ Աստղեր»է կազմուած խոստմնալից երգչախումբի: Յոյժ գնահատելի է երգչախումբի յանձնախումբին տարած լուրջ աշխատանքը, նաեւ՝ ծնողներուն կողմէ ցուցաբերուած համագործակցութեան ոգին: Տաղանդաւոր դաշնակահար՝ Վանիկ Յովհաննէսեան իր անհերքելի դերակատարութիւնը ունի խումբին արձանագրած յառաջխաղացքին մէջ: Ղեկավար Հռիփսիմէ Տէմիրճեան իր տեսակէտը կը բաժնէ այս առնչութեամբ. «Պրն. Վանիկի ներկայութիւնը այս տարի նոր երանգ տուաւ խումբին. թէ որպէս անձ, թէ որպէս երաժիշտ՝ հաճոյք է հետը գործակցիլը: Նուագակցող եւ ղեկավար՝ իրարու շատ լաւ հասկցանք եւ այս համագործակցութիւնը մեծապէս օժանդակեց խումբին:»

Վերջապէս, ինչպէ՞ս կարելի է գովասանքով չարտայայտուիլ վաստակաւոր ղեկավար Հռիփսիմէ Տէմիրճեանին հանդէպ, որուն բծախնդիր ու արհեստավարժ մօտեցումը զգալիօրէն կը բացայայտուի ամէն կատարումի ընդմէջէն: Սա ապացոյց է այն համոզումին, որ Հռիփսիմէ Տէմիրճեան քանիցս բաժնած է մեզի հետ. «հայ ազգը եթէ ուզենք պահել, կը նշանակէ առաջին հերթին պէտք է պահենք հայ մշակոյթը»: Հայ մշակոյթին ջահը բարձր բռնած՝ 85-ամեայ Համազգայինը իր լուսաճաճանչ «Հայ Աստղեր»ով յաջողած է յուսադրել ու ջերմացնել բոլորին սրտերը:

 Թամար Տօնապետեան-ուզուեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.