Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչները պատուհասած «Նեմեսիս» գործողութեան մասին գիրքի ներկայացում Մոնթրէալի մէջ

Ահարոն Սաչաքլեան

1919-ին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 9-րդ ընդհանուր ժողովին կողմէ յղացուած «Նեմեսիս» գործողութեան նպատակն էր արդար վրէժը լուծել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն՝ ահաբեկեկելով Մեծ Եղեռնը ծրագրած թուրք ղեկավարները: Այս պատմական իրադարձութեան մասին նոր գիրք մը հրատարակուած է վերջերս, որուն հեղինակն է ամերիկահայ գրականագէտ դոկտ. Մարիան Մեսրոպեան ՄէքՔըրտի։

Գրքին իւրայատկութինն այն է, որ հեղինակը առաջին անգամ ըլլալով հրապարակած է «Նեմեսիս»ի պատասխանատուներուն միջեւ  փոխանակուած նամակները, որոնք մեզի կը փոխանցեն այդ օրերուն տիրող յեղափոխական մթնոլորտը, հայ մտաւորականներուն ամրակուռ կեցուածքը, եւ վերջապէս «Նեմեսիս»ի կազմակերպական աշխատանքներուն ձգած ազդեցութիւնը անոր առաջնորդներուն անձնական, ընտանեկան եւ ընկերային կեանքին վրայ: Նամակները կը պատկանին հեղինակին՝ Մարիան ՄէքՔըրտիի մեծ հօր՝ Ահարոն Սաչաքլեանին, որ ստանձնած էր «Նեմեսիս» գործողութեան հաշուապահութիւնը:

Գիրքի ներկայացման ներկայ պիտի ըլլայ հեղինակը։ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած շնորհահանդէսի թուականն է՝ Հինգշաբթի 15 Մարտ, երեկոյեան ժամը 7:30, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Ահարոնեան սրահ։

Ահարոն Սաչաքլեան եւ «Նեմեսիս» գործողութեան ղեկավարներէն Արմէն Գարօ

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.