«Ուիքիլիքս»ը Հայաստանի Մասին 92 Փաստաթուղթեր Կը Հրապարակէ

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- «Ուիքիլիքս»ը Օգոստոս 25ին հրապարակած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան պատկանող 92 փաստաթուղթ, որոնց մեծ մասը կը վերաբերի Հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, կ՛անդրադառնայ Հայաստանի նախկին պաշտօնեաներու ոչ պաշտօնական տեսակէտներուն եւ քաղաքական գործիչներու յայտարարութիւններուն: Մասնաւորապէս, անոնցմէ մէկը կը մանրամասնէ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի ելոյթը՝ Դաշնակցութեան 29րդ Ընդհանուր ժողովին, ուր վերջինս կը խօսի հայ-թրքական յարաբերութիւններու եւ Ջաւախքի մասին:

Անդրադարձ կայ նաեւ ՀՀ արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանի, որ 2006ին ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու նոր խորհուրդին մէջ Իրանի անդամակցութեան յայտին չաջակցելու որոշումը կայացուցած էր՝ գտնուելով ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարէն ստացած նամակին ազդեցութեան տակ:

Այս մասին կը խօսուի «Ուիքիլիքս»ի գաղտնազերծած՝ Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպան Ճոն Էվանսի նամակին մէջ:

Հրապարակումներուն մէջ ներկայացուած են նաեւ Երեւանի մէջ առաքելութիւն իրականացնող դիւանագէտներու հետ, 2005ի Ապրիլ 24ի նախօրեակին ՀՀ ԱԳ նախարար Վարդան Օսկանեանի հանդիպման մանրամասնութիւնները:

ԱԳ նախկին նախարարը ներկայացուցած է միջազգային եզրով՝ «non paper», որ կը նշանակէ պաշտօնական տեսակէտ՝ ոչ պաշտօնական փաստաթուղթի տեսքով: Այնտեղ առանձնացուած են Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հիմնական հարցերը.

– Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն

– 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւն

– Տարածքային խնդիրներ

Այդ հարցերուն մէջ, Վարդան Օսկանեան շատ կարեւոր համարած է նաեւ սահմանին բացումը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.