«Ուիքիլիքս». Ռոպերթ Քոչարեանի Նամակը՝ Ուղղուած Էրտողանին

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Ուիքիլիքս» կայքը հրապարակած է 2005ի Ապրիլ 25ին, Հայաստանի այն ժամանակուան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պատասխան նամակը, որ ուղղուած էր Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ վարչապետը առաջարկած էր պատմաբաններու յանձնաժողով մը ստեղծել՝ ուսումնասիրելու համար 1915ի իրադարձութիւնները: Հայաստանի պատասխանը ընդհանուր առմամբ ներկայացուած էր, սակայն նամակին բնագիրը չէր բացայայտուած:

«Ուիքիլիքս»ը Օգոստոս 25ին հրապարակած է Քոչարեանին նամակը, ինչպէս նաեւ այդ ժամանակ Հայաստանի մօտ ԱՄՆի դեսպան Ճոն Էվանսի մեկնաբանութիւնները:

Հայաստանի նախագահը գրած է.

«Յարգելի վարչապետ,

Ես ստացել եմ Ձեր նամակը: Որպէս երկու հարեւաններ՝ մենք պէտք է աշխատենք միասին ներդաշնակ ապրելու համար ուղիներ փնտռելու ուղղութեամբ: Ահա թէ ինչո՛ւ առաջին օրուանից Ձեզ պարզեցինք մեր ձեռքը՝ յարաբերութիւններ հաստատելու, սահմանը բացելու եւ երկու երկրների եւ ժողովուրդների միջեւ երկխօսութիւն սկսելու համար:

«Կան հարեւան երկրներ, յատկապէս՝ Եւրոպական մայրցամաքում, որոնք դժուարին անցեալ են ունեցել եւ որի հետ կապուած նրանք տարաձայնութիւններ ունեն: Այդուհանդերձ, դա չի խանգարել նրանց ունենալ բաց սահմաններ, հաստատել նորմալ յարաբերութիւններ, դիւանագիտական կապեր, նոյնիսկ եթէ նրանք շարունակել են քննարկել միմեանց բաժանող խնդիրները»:

«Անցեալը լուծելու ձեր առաջարկը չի կարող արդիւնաւէտ լինել, եթէ այն խուսափում է ներկայի ու ապագայի խնդիրների լուծումից», գրած էր Քոչարեան իր նամակին մէջ, ընդգծելով, որ «օգտակար երկխօսութիւնում ընդգրկուելու համար, հարկաւոր է ստեղծել պատշաճ եւ նպաստաւոր քաղաքական միջավայր»:

«Կառավարութիւնների պատասխանատուութիւնն է զարգացնել երկկողմ յարաբերութիւնները, եւ մենք իրաւունք չունենք այդ պատասխանատուութիւնը լիազօրելու պատմաբաններին: Ահա թէ ինչո՛ւ մենք առաջարկել եւ նորից առաջարկում ենք առանց նախապայմանների նորմալ յարաբերութիւններ հասատատել երկու երկրներին միջեւ: Այս համաթեքսթում միջկառավարական յանձնաժողովը կարող է քննարկել ցանկացած եւ բոլոր չլուծուած խնդիրները մեր երկու պետութիւնների միջեւ», նշած է Ռոպերթ Քոչարեան:

Այս փաստաթուղթին, Հայաստանի մօտ այն ժամանակուան Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Էվանս կցած է իր մեկնաբանութիւնները: Ան նշած էր, որ Էրտողանի առաջարկը նորութիւն չէ. 1915ի դէպքերը պատմաբաններու կողմէ քննարկելու կոչեր հնչած են Թուրքիոյ իւրաքանչիւր վարչակազմի կողմէ՝ հակազդելու համար ցեղասպանութեան ճանաչման, յատկապէս, երբ միջազգային հանրութեան հետաքրքրութիւնը եւ ուշադրութիւնը կը զօրանար այդ հարցին նկատմամբ:

«Բայց առաջին անգամն է, որ նման առաջարկ կը կատարուի գրաւոր եւ ամենաբարձր մակարդակով», նշած էր Էվանս, այնուհանդերձ մտահոգութիւն յայտնելով անոնց լրջութեան եւ անկեղծութեան առնչութեամբ:

Իր մտահոգութիւնները ապացուցելու համար, դեսպանը նախ նշած էր, որ մինչ Երեւան հասնիլը, նամակը յայտնուած էր թրքական մամուլին մէջ: Երկրորդ՝ նամակը անյապաղ տարածուած էր ԱՄՆի Քոնկրեսին մէջ, ցոյց տալու համար, որ մերձեցման եւ հաշտեցման գործընթաց կ՛ընթանայ, ուստի եւ ԱՄՆի կողմէ որեւէ գործողութեան կամ Քոնկրեսին կողմէ որեւէ բանաձեւի անհրաժեշտութիւնը չկայ:

Էվանս նշած էր նաեւ, որ Քոչարեանի նամակը կը վերահաստատէ հայկական կողմին դիրքորոշումը. Հայաստան պատրաստ է քննարկելու որեւէ հարց՝ միջկառավարական յանձնաժողովի մակարդակով:

Իր մեկնաբանութեան աւարտին, Հայաստանի մօտ ԱՄՆի նախկին դեսպան Ճոն Էվանս գրած էր, թէ մեծ յոյս ունի, որ վարչապետ Էրտողան դրական կերպով կ՛արձագանգէ նախագահ Քոչարեանի՝ յարաբերութիւններու բարելաւման առաջարկին:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.