104-Ամեակ Փետրուարեան Ապստամբութեան. Փետրուարեան Հակաբոլշեւիկեան Հերոսական Ապստամբութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Փետրուարեան ապստամբութիւնը համաժողովրդային արդար ցասումի արտայայտութիւն էր:

Արդարեւ, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 1920 դեկտեմբերին, բոլշեւիկեան յեղկոմը` Սարգիս Կասեանի գլխաւորութեամբ եւ զինուորական գործերու ժողովրդական կոմիսար Աւիս Նուրիջանեանի ու Չեկայի (արտակարգ յանձնաժողով) նախագահ Գէորգ Աթարբէկեանի անմիջական ղեկավարութեամբ, ձեռնարկեցին բռնութիւններու` «Կեցցէ քաղաքացիական կռիւը» եւ «Պէտք է գլխատել Դաշնակցութիւնը» կարգախօսներով:

Ժողովուրդին թալանը եւ պաշտօնական կողոպուտը կ՛իրականացուէին «Բուրժուազիային պէտք է սեփականազրկել ունեցուածքից» կարգախօսով:

Հայկական բանակի բոլոր սպաները հրաւիրուեցան ցուցակագրուելու: Անոնցմէ շուրջ 1400 հոգի «վերադաստիարակելու» նպատակով հեռացուցին Հայաստանէն, Ռուսիա աքսորեցին կամ մեկուսացուցին Պաքուի բանտերուն մէջ: Անոնց մէկ մասը ճամբան ցուրտէն մահացաւ, քաի մը հոգին անձնասպան եղան չդիմանալով նուաստացումներուն, կարգ մը սպաներ ալ յաջողեցան փախուստ տալ շոգեկառքէն:

Բոլշեւիկեան կուսակցութեան Կովկասեան Բիւրոն Հայաստանի յեղկոմէն պահանջեց պայքարիլ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Հայաստանէն ջնջելու ուղղութեամբ: Բանտարկուեցան Յովհաննէս Քաջազնունի, Համօ Օհանջանեան, Նիկոլ Աղբալեան, Ռուբէն Դարբինեան, Համազասպ Սրուանձտեան, Լեւոն Շանթ, Աւետիք Սահակեան, Վահան Նաւասարդեան եւ ուրիշներ:

***

Կոտայքի Զառ գիւղին մէջ 13 փետրուար 1921-ին տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն եւ որոշուեցաւ ապստամբութիւն բարձրացնել եւ տապալել բոլշեւիկեան անտանելի լուծը: Ապստամբ ուժերու պետ նշանակուեցաւ Կուռօ Թարխանեան:

Ապստամբութիւնը սկսաւ տարերայնօրէն` ընդգրկելով Կոտայքը, Բաշ Գառնին, Դարալագեազը, Բաշ Ապարանը եւ այլ շրջաններ: Փետրուար 18-ին ապստամբ ուժերը մտան Երեւան: Ստեղծուեցաւ Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ` Սիմոն Վրացեանի գլխաւորութեամբ:

Ապստամբները Երեւանի բանտէն ազատեցին բազմաթիւ մտաւորականներ, պետական եւ քաղաքական գործիչներ: Նաեւ դուրս բերին կացինահարուածներու` Համազասպ Սրւանձտեանի, Նիկոլայ Ղորղանեանի, Հրանդ Տէր Մարգարեանի, Երանոս Թարվերդեանի եւ այլոց դիակները:

***

Հայաստանէն պարտուած դուրս ելած բոլշեւիկեան ուժերը համախմբուեցան եւ տասնմէկերորդ կարմիր բանակին հետ միասին արշաւեցին Երեւանի վրայ:

Ուժերու յարաբերակցութեան պայմաններուն տակ, դիմադրութիւնը հեռանկար չունէր: Յաւելեալ արիւնահեղութենէ խուսափելու համար ապստամբները նահանջեցին դէպի Զանգեզուր: Կարմիր բանակը 2 ապրիլ 1921-ին մտաւ Երեւան: Խորհրդային իշխանութիւնը վերահաստատուեցաւ Հայաստանի մէջ: