December 05, 2025
Թալիշի Մէջ Շուտով Պիտի Աւարտին Շինարարական Աշխատանքները
- (0)

Մօտ մէկ ամիսէն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը աւարտին պիտի հասցնէ Թալիշի մէջ անցած տարի սկսած շինարարական աշխատանքները: Բարերար Անդրանիկ Պաղտասարեանի (ԱՄՆ) աջակցութեամբ կը վերակառուցուին 17 տուներ, գիւղի համայնքային կեդրոնը, հանդիսութիւններու սրահը, հասարակական կեդրոնը, խմելու ջրագիծն ու կոյուղիի ցանցը: Սկսած են նաեւ գիւղի գլխաւոր փողոցի բարեկարգման աշխատանքները։