10 Ապրիլ 1992. Մարաղայի Կոտորածը. Ատրպէյճանական Եղեռնագործութեան Բարբարոսական Ահաւորութիւնը

Ն․

Ապ­րիլ 10ի այս օ­րը, 27 տա­րի ա­ռաջ, բար­բա­րո­սա­կան ա­հա­ւո­րու­թեամբ հա­կա­հայ սպանդ մը եւս գու­մա­րո­ւե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի ցե­ղաս­պա­նա­կան վար­քա­գի­ծին ա­րիւ­նոտ «վաս­տակ»ին վրայ։

Ար­ցա­խի ­Մար­տա­կերտ շրջա­նի հա­յաբ­նակ ­Մա­րա­ղա գիւ­ղը օր-ցե­րե­կով են­թար­կո­ւե­ցաւ պե­տա­կա­նօ­րէն ծրագ­րո­ւած ու գոր­ծադ­րո­ւած սպան­դի։

Ինչ­պէս որ տա­րի­ներ ա­ռաջ, ­Մա­րա­ղա­յի կո­տո­րա­ծի ո­գե­կոչ­ման նո­ւի­րո­ւած հրա­պա­րա­կու­մի մը մէջ, «Ազգ.am» կը վկա­յէր 10 Ապ­րիլ 2010ի իր հա­մա­րով՝
«­Մա­րա­ղա­յի ող­բեր­գու­թիւ­նից հրաշ­քով փրկո­ւած­նե­րից ­Վալ­յա ­Խա­չի­կեան հե­տա­գա­յում յի­շում էր, որ գիւ­ղի ռմբա­կո­ծու­թիւ­նը սկսո­ւեց Ապ­րի­լի 9ի ե­րե­կո­եան: «Ար­կե­րը պայ­թում էին գրե­թէ ա­մէն վայր­կեան: ­Գիւ­ղում 3000 արկ է պայ­թել: Այդ ժա­մա­նակ ես եւ ա­մու­սինս գտնւում էինք նկու­ղում, ուր ապ­րում էինք ար­դէն ե­րեք տա­րի: Ն­րանք, ով­քեր չկա­րո­ղա­ցան լքել գիւ­ղը, մոր­թո­ւե­ցին, այ­րո­ւե­ցին, գե­րե­վա­րո­ւե­ցին: Իսկ փախ­չող­նե­րին դժո­խա­յին ճա­նա­պարհ էր սպա­սում` ռմբա­կո­ծու­թիւն­նե­րի ներ­քոյ:
«­Սարգ­սեան ­Կա­րի­նէն պատ­մում էր, որ ­Մա­րա­ղա­յի ուղ­ղու­թեամբ ա­ռա­ջին կրա­կոց­նե­րը սկսո­ւել էին ­Յու­նո­ւա­րին: «Ապ­րի­լին այդ կրա­կոց­նե­րը շա­տա­ցան, ու մենք թաք­նո­ւե­ցինք նկու­ղում: ­Մի քա­նի օր անց տե­սանք, որ ադր­բե­ջան­ցի­նե­րը գիւ­ղում են: Ես լսում էի, թէ ինչ­պէ՛ս էր մի կին ա­ղա­չում, որ իր ե­րե­խա­նե­րին ձեռք չտան: Ն­րա գլխին հա­րո­ւա­ծե­ցին, եւ նա ու­շագ­նաց ըն­կաւ: ­Յե­տոյ ես ի­մա­ցայ նրա ա­նու­նը` ­Զա­բէլ: ­Պար­զո­ւեց, որ ե­րե­խա­նե­րի աչ­քի ա­ռաջ մայ­րը սպան­նո­ւել է տան­կի ա­նիւ­նե­րի տակ: Ն­րանք իմ ե­րե­խա­նե­րին էլ գո­ղա­ցան, ես կորց­րե­ցի ու էլ նրանց չտե­սայ: Ինձ գցե­ցին «­Ժի­գու­լի» մե­քե­նա­յի մէջ ու տա­րան ­Բար­դա: Զարթ­նե­ցի ­Բար­դա­յի ոս­տի­կա­նու­թեան շէն­քում… Էլ ո­չինչ չեմ յի­շում, յի­շում եմ մարդ­կանց լա­ցը, շա­տե­րը խե­լա­գա­րու­թիւ­նից ոռ­նում էին:

«Ք­րոջս ու նրա աղջ­կան մեր­կաց­րին, բեն­զին լցրե­ցին ու վա­ռե­ցին: ­Նոյն կերպ սպան­նե­ցին Փա­ռան­ձե­մին, ­Վար­դա­նու­շին, ­Բագ­րա­տին, ­Ժո­րա­յին: Այդ օ­րը ­Մա­րա­ղա­յում բազ­մա­թիւ ան­մեղ մար­դիկ մա­հա­ցան»,- յի­շում էր ­Նու­շիկ Ա­ղա­ջա­նեա­նը»:

Մա­րա­ղա­յի ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան մա­սին այ­սօ­րի­նակ շատ վկա­յու­թիւն­ներ կան։ Ա­ռանձ­նա­պէս ցնցիչ ու խա­րա­զա­նող է վկա­յու­թիւ­նը ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ ­Լոր­տե­րու ­Պա­լա­տին ե­րե­ւե­լի ան­դամ­նե­րէն ­Պա­րո­նու­հի ­Քա­րո­լի­նա ­Քոք­սի։ Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տի սեւ է­ջե­րուն մէջ իր ան­մո­ռա­նա­լի տե­ղը ու­նե­ցող ­Մա­րա­ղա­յի կո­տո­րա­ծին մա­սին, օ­րին, ­Լէյ­տի ­Քա­րո­լի­նա ­Քոքս հե­տե­ւեալ վկա­յու­թիւ­նը ներ­կա­ցուց ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ ­Լոր­տե­րու ­Պա­լա­տին մէջ.-
«Այն, ինչ որ մենք տե­սանք՝ նկա­րագ­րու­թեան են­թա­կայ չէ: ­Գիւ­ղը ամ­բող­ջո­վին ա­ւե­րո­ւած էր: Մար­դիկ թա­ղում էին զո­հո­ւած­նե­րին, ա­ւե­լի ճիշտ՝ այն, ինչ հնա­րա­ւոր էր թա­ղել — տան­ջա­մահ ա­րո­ւած, կեն­դա­նի այ­րո­ւած, կտրտո­ւած կամ սղո­ցո­ւած դիա­կի մա­սեր: ­Մի մա­սին թա­ղել էին նա­խորդ օ­րը՝ նկա­րա­հա­նե­լու հա­մար նրանց հա­նե­ցինք, թէեւ հաս­կա­նում էինք, թէ ինչ­քա՜ն ծանր է հա­յե­րի հա­մար: Այդ օ­րե­րին ­Մա­րա­ղա­յում նկա­րա­հա­նո­ւա­ծը փաս­տում է այդ­տեղ ի­րա­գոր­ծո­ւած սոս­կա­լի կո­տո­րա­ծի մա­սին՝ գլխա­տուած ու կտրտո­ւած դիակ­ներ, ե­րե­խա­նե­րի դիակ­ներ, ա­րիւ­նոտ հող եւ մարմ­նի մա­սեր, որ­տեղ սղո­ցել էին նրանց: ­Մենք տե­սանք ա­րիւ­նո­տո­ւած ման­գաղ­ներ, ո­րոն­ցով կա­տա­րել էին այդ ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը, հա­ւա­նա­բար դրանք պէտք էր վերց­նել մեր հետ՝ որ­պէս վկա­յու­թիւն, բայց ես դա չկա­րո­ղա­ցայ: Բ­նա­կիչ­նե­րին սպան­նե­լուց յե­տոյ ադր­բե­ջան­ցի­նե­րը թա­լա­նել եւ այ­րել էին գիւ­ղը: ­Զի­նո­ւոր­նե­րից յե­տոյ յայտ­նո­ւել էին քա­ղա­քա­ցի­ներ եւ շա­րու­նա­կել թա­լա­նը: ­Մենք տե­սանք մի քա­նի լի­քը լցո­ւած պա­յու­սակ­ներ, որ դիա­կապ­տիչ­նե­րը չէին հասց­րել տա­նել»:

Ա­հա այս­պէ՛ս Ատր­պէյ­ճա­նի ցե­ղաս­պա­նա­կան վար­քա­գի­ծին զո­հը դար­ձաւ Ար­ցա­խի հա­յոց հի­նա­ւուրց ­Մա­րա­ղան։

Մա­րա­ղան հա­յաբ­նակ գիւղ էր ­Մար­տա­կեր­տի շրջա­նին մէջ, հայ­կա­կան բար­գա­ւաճ ա­ւան էր Գան­ձակ-Ս­տե­փա­նա­կերտ մայ­րու­ղիին վրայ եւ կը հան­դի­սա­նար ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի դար­պա­սը: ­Մա­րա­ղա­ցի­նե­րը ա­ւան­դա­պահ, հիւ­րա­սէր եւ հայ­րե­նի բնու­թեան կառ­չած հա­յեր էին, ո­րոնք հիմ­նա­կա­նին մէջ բրինձ կը մշա­կէին, ու­նէին թու­զի ու նու­ռի այ­գի­ներ, պար­տէզ­ներ: Մա­րա­ղան հա­յու­թեան տո­ւած է ծա­նօթ գիտ­նա­կան­ներ, ե­րա­ժիշտ­ներ, գրող­ներ: 1989ի մար­դա­հա­մա­րով՝ ­Մա­րա­ղան կը հա­շո­ւէր 4660 շունչ մարդ։ ­Մա­րա­ղան ան­ցեալ դա­րաս­կիզ­բին եր­կու ան­գամ՝ 1918ին եւ 1920-21ին գրա­ւած, սպան­դի են­թար­կած ու ա­ւե­րած են թուր­քե­րը: Այ­նու­հե­տեւ մա­րա­ղա­ցի­նե­րը միշտ ալ ապ­րած են զգու­շա­ւոր՝ ի­րենց թուրք-ա­զե­րի դրա­ցի­նե­րուն նկատ­մամբ։ Իսկ 1988 թո­ւին, ­Ղա­րա­բա­ղեան շարժ­ման ա­ռա­ջին իսկ օ­րե­րէն, Մա­րա­ղան ե­ղաւ վտան­գի առ­ջեւ կանգ­նած Ար­ցա­խի ա­ռա­ջին ամ­րոց­նե­րէն մէ­կը։ ­Մա­րա­ղան յայտ­նո­ւե­ցաւ կրա­կի մէջ: ­Թուր­քե­րը գիւղն ա­ւե­րե­լու սկզբնա­կան փորձ մը կա­տա­րած էին 1991ի Մա­յի­սին, բայց գիւ­ղի ֆե­տա­յի ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րը կրցած էին քա­ջա­բար ետ շպրտել նա­խա­յար­ձակ­նե­րը:
Սեպ­տեմ­բեր 1991ին Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը հռչա­կեց իր ան­կա­խու­թիւ­նը՝ ­Խորհր­դա­յին Միու­թեան կազ­մին մէջ մնա­լով եւ խորհր­դա­յին սահ­մա­նադ­րա­կան օ­րէնք­նե­րուն վրայ հիմ­նո­ւե­լով։ Ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան եւ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի դաշտ նե­տո­ւած Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը տեն­դա­գին լծո­ւե­ցաւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան հի­մե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու հաս­տատ­ման ու ամ­րապնդ­ման։ ­Բայց Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ընդ­հա­նուր ա­պա­հո­վու­թիւ­նը ծայր աս­տի­ճան ծան­րա­ցաւ ­Դեկ­տեմ­բեր 1991ին, երբ տե­ղի ու­նե­ցաւ փլու­զո­ւած ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան պաշ­տօ­նա­կան կազ­մա­լու­ծու­մը՝ ա­զատ ար­ձա­կե­լով եւ ան­տա­ռի օ­րէն­քի քմայ­քին յանձ­նե­լով ­Չա­րի­քի ­Կայս­րու­թեան մա­կա­նին տակ 70 տա­րի գե­րե­վա­րո­ւած ազ­գերն ու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը։

Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան այդ շրջա­դար­ձա­յին բախ­տո­րոշ պա­հուն նո­րան­կախ Ատր­պէյ­ճա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ի գործ դրաւ հա­յոց հի­նա­ւուրց հո­ղին եւ շէ­նե­րուն հա­յա­թա­փումն ու թրքա­ցու­մը ամ­բող­ջաց­նե­լու «ազ­գա­յին մաք­րազտ­ման» իր ցե­ղաս­պա­նա­կան ծրա­գի­րը։

Շու­շին դեռ ա­զա­տագ­րո­ւած չէր եւ ամ­բողջ Ար­ցա­խը, ինչ­պէս եւ մայր ­Հա­յաս­տա­նին հետ կա­պի բո­լոր անց­քե­րը են­թա­կայ էին ատր­պէյ­ճա­նեան զօր­քե­րու հա­կակշ­ռին։ ­Հա­յա­կեր թշնա­միին դէմ ապս­տամ­բած Ար­ցա­խի ա­զա­տա­մար­տիկ հա­յու­թիւ­նը ա­մէ­նուր եւ ա­մէն օր կը կրէր մա­հաս­փիւռ հե­տե­ւանք­նե­րը ան­դադ­րում հրե­տա­նա­կո­ծու­թեան։

Հա­մա­տա­րած ռմբա­կո­ծում­նե­րու եւ զրա­հա­մե­քե­նա­նե­րով ու ծանր զէն­քե­րով յար­ձա­կում­նե­րու այդ օր­հա­սա­կան պա­տե­րազ­մին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Մա­րա­ղա­յի ­Կո­տո­րա­ծը։

1992 թո­ւա­կա­նի Ապ­րիլ 10ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 5ին ­Մա­րա­ղա յան­կարծ թի­րախ դար­ձաւ ան­նա­խըն­թա­ցօ­րէն լայն ծա­ւա­լի հրե­տա­կո­ծու­թեան: ­Կէ­սօ­րուան մօտ, ատր­պէյ­ճա­նա­կան «­Գուր­թու­լուշ» զօ­րա­մա­սը (1000 զի­նո­ւոր), 20 զրա­հա­մե­քե­նա­յի հետ, մտաւ գիւղ։

Հա­յոց ­Պաշտ­պա­նա­կան ու­ժե­րը (60 ա­զա­տա­մար­տիկ) տես­նե­լով, որ ի վի­ճա­կի պի­տի չըլ­լան դի­մադ­րե­լու թշնա­միի ան­հա­ւա­սար գե­րա­զանց ու­ժին, նա­հան­ջե­ցին՝ զգու­շաց­նե­լով գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րուն, որ միա­սին նա­հան­ջեն կամ թագս­տոց­նե­րը ա­պաս­տա­նին: ­Հիմ­նա­կան բնակ­չու­թիւ­նը հե­ռա­ցաւ գիւ­ղէն: Իսկ ծե­րու­նի­նե­րը եւ հաշ­ման­դամ­նե­րը պատս­պա­րո­ւե­ցան նկուղ­նե­րը։ ­Յա­ջորդ օ­րը ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րը գիւ­ղը ետ գրա­ւե­ցին, բայց գտան 57 խա­ղաղ բնա­կի­չի դիակ.- ո­մանք գլխա­տո­ւած էին, ու­րիշ­ներ հրկի­զուած, մոր­թո­ւած կամ աչ­քե­րը հա­նո­ւած… ­Հոս ու հոն նե­տո­ւած էին մարդ­կա­յին մարմ­նի բա­ռա­ցիօ­րէն սղո­ցո­ւած մա­սեր՝ ձեռք ու ոտք եւ…

Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ ­Լոր­տե­րի ­Պա­լա­տի նախ­կին փոխ-խօս­նակ ­Լէյ­տի ­Քոք­սի փաս­տագ­րած տո­ւեալ­նե­րով՝ սպան­նո­ւած էին ոչ-պա­կաս քան 45 հա­յեր: Ըստ հայ­կա­կան ա­նո­ւա­նա­կան ցան­կին՝ զո­հո­ւած էր 57 եւ գե­րե­վա­րո­ւած 45 խա­ղաղ բնա­կիչ: ­Գե­րի­նե­րու շար­քին էին՝ 9 ե­րե­խա­ներ, 18 կին, 3 տա­րեց եւ մէկ կոյր (այս տո­ւեալ­նե­րը հաս­տա­տո­ւած են ­Մի­ջազ­գա­յին «Helsinki Watch» ի­րա­ւա­պաշտ­պան կազ­մա­կեր­պու­թեան եւ Ք. ­Քոք­սի կող­մէ):

Շա­բաթ մը յե­տոյ ­Մա­րա­ղան են­թար­կո­ւե­ցաւ նոր յար­ձա­կու­մի մը, ո­րուն հե­տե­ւան­քով բնակ­չու­թիւ­նը վերջ­նա­կա­նա­պէս հե­ռա­ցաւ իր հայ­րե­նի օր­րա­նէն։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ՝ ատր­պէյ­ճա­նեան բար­բա­րո­սա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան ­Մա­րա­ղան տո­ւաւ 90 նա­հա­տակ, տար­բեր աս­տի­ճա­նի ծանր վէր­քեր ստա­ցան 37 հո­գի­ներ, ո­րոնց շար­քին 21 կին եւ 6 ե­րե­խայ։

Այդ­պէ՛ս հա­յա­թա­փո­ւե­ցաւ եւ վերջ­նա­կա­նա­պէս ատր­պէյ­ճա­նա­կան գրաւ­ման տակ ին­կաւ Մա­րա­ղան։ Իսկ ­Մա­րա­ղա­յի կո­տո­րա­ծը ի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար «­Գուր­թու­լուշ» գու­մար­տա­կի հրա­մա­նա­տար ­Շա­հին ­Թա­լիբ օղ­լի ­Թա­գիե­ւը ստա­ցաւ «Ատր­պէյ­ճա­նի Ազ­գա­յին ­Հե­րոս»ի կո­չում:

Մա­րա­ղա­յի կո­տո­րա­ծին քա­ղա­քա­կան գնա­հա­տու­մը կա­տա­րե­լով՝ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս յայ­տա­րա­րած է եւ ա­հա­զան­գած է ա­րար-աշ­խար­հին.-
«Ադր­բե­ջա­նի տա­րած­քում հայ ազ­գաբ­նակ­չու­թեան ջար­դե­րի եւ էթ­նիկ զտում­նե­րի նկատ­մամբ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մից հա­մար­ժէք քա­ղա­քա­կան եւ ի­րա­ւա­կան գնա­հա­տա­կա­նի բա­ցա­կա­յու­թիւնն էր, որ ու­ղի հար­թեց ­Մա­րա­ղա գիւ­ղում ադր­բե­ջա­նա­կան բա­նա­կի կող­մից ռազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծութ­յան ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար:

«Այդ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րի ան­պատ­ժե­լիու­թիւ­նը բա­րեն­պաստ հող է ստեղ­ծել Ադր­բե­ջա­նում հա­յե­րի եւ ողջ հայ­կա­կա­նի նկատ­մամբ հի­ւան­դա­գին ա­տե­լու­թեան ար­մա­տա­ւոր­ման, այ­լա­տեա­ցու­թեան, ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան եւ ռազ­մա­տեն­չու­թեան սան­ձար­ձակ քա­րոզ­չու­թեան հա­մար:

«Այդ ա­րա­տա­ւոր շրջա­նա­կը ճեղ­քե­լու եւ հե­տա­գա­յում նմա­նա­տիպ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րի հնա­րա­ւո­րութ­յու­նը կան­խե­լու նպա­տա­կով՝ ­Մա­րա­ղա­յի կո­տո­րա­ծը պէտք է դա­տա­պար­տո­ւի մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մից, իսկ նրա կազ­մա­կեր­պիչ­ներն ու ի­րա­գոր­ծող­նե­րը՝ պատ­ժո­ւեն»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.