Ֆրանսայի Ծերակոյտը Կոչ Ուղղեց՝ Խաղաղութեան Համաձայնագիրին Մէջ Ներառել Արցախահայութեան Վերադարձի Մասին Կէտը
- (0)

Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբը եւ Ծերակոյտի Արցախի հարցին գծով միջազգային տեղեկատուական խումբը կոչ ուղղեցին՝ ստորագրելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը, կ՛ըսուի Ֆրանսայի Ծերակոյտին հաղորդագրութեան մէջ:
Ֆրանսա-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Ժիլպեր Լիւք Տեւինա եւ Արցախի գծով միջազգային տեղեկատուական խումբի նախագահ Էթիէն Պլան ողջունեցին Հայաստանի յանձնառութիւնը` հասնելու Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի մը: Անոնք կոչ ուղղեցին՝ շուտափոյթ ստորագրելու զայն` Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան գործընթացը յառաջ տանելու համար:
Համաձայնագիրի ստորագրութիւնը պէտք է ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու առաջին քայլը: Անոր նպատակը յարաբերութիւններու կարգաւորման հասնիլն է` յարգելով երկու պետութիւններուն գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը:
Համաձայնագիրը կնքելը պէտք է առաջնորդէ Ատրպէյճանի կողմէ անօրէն կերպով պահուող բոլոր բանտարկեալներուն ազատ արձակելուն եւ գործադրութեան Միջազգային դատարանի 17 Նոյեմբեր 2023ի որոշումին, որ կ՛ամրագրէ Արցախի հայ բնակչութեան ապահով եւ անարգել վերադարձի իրաւունքը` յարգելով անոնց իրաւունքները: