Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն կը մասնակցին չորս հայ թեկնածուներ

Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան զոյգ շրջաններով՝ Յունիս 11-ին եւ 18-ին:
Հրապարակուած ցանկերուն մէջ մենք հանդիպեցանք հայանուն չորս թեկնածուներու: Անոնցմէ երկուքը կը ներկայանան Մաքրոնի նորաստեղծ «Les Républicains en Marche – LREM» կուսակցութեան, մէկը՝ ընկերավարական, մէկն ալ Պայրուի MoDem-ի ցանկէն: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Նոր Յառաջ»
LREM-ի ցանկէն ներկայացող Հայերէն մէկը ձեռնակատէր Տանիէլլ Ղազարեանն է, որ պիտի ըլլայ նշեալ կուսակցութեան թեկնածուն Ռոն նահանգի (69) 13-րդ ընտրատարածքին մէջ:
Իսկ միւսը Փասքալ Շամասեանն է՝ Պուշ-տիւ-Ռոն նահանգի (13) առաջին ընտրատարածքէն:
Ընկերվարականներու ցանկին մաս կազմող հայանուն միակ թեկնածուն է Ֆիլիփ Գիզիրեան, որ Լուառ նահանգի (42) թիւ 3 ընտրատարածքէն պիտի ներկայանայ:
Իսկ MoDem-ի ցանկէն ներկայացող հայանուն թեկնածուն կը կոչուի Նատիա Եսայեան: Ան, ծագումով պաղեստինցի քրիստոնեայ մըն է, որ ամուսնացած է Հայու հետ: Կը ներկայանայ Վիերզոնի մէջ (Շէր նահանգ – 18), 2-րդ ընտրատարածքէն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.