Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքն ու Արցախի Բերձորը Բարեկամութեան Հռչակագիր Ստորագրած են

Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքի (Վալ տէ Մարնի շրջան) քաղաքային խորհուրդը, Յունիս 30-ին, որոշում կայացուցած է Բարեկամութեան Հռչակագիր ստորագրելու Բերձոր (Արցախի Հանրապետութիւն) քաղաքի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Բարեկամութեան այս Հռչակագիրը 9-րդն արցախեան եւ ֆրանսական համայնքներու միջեւ կնքուած համագործակցութեան մասին համաձայնագիրներու շարքին: Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի փոխնախագահ Ռընէ Ռուքեն, որ նաեւ երկար տարիներ զբաղցուցած է Ալֆորվիլի քաղաքապետի պաշտօնը, իր շնորհաւորական ուղերձը յղած է Ալֆորվիլի ներկայ քաղաքապետ Լիւգ Գարուունասին, ինչպէս նաեւ Բերձորի քաղաքապետին:

«Ինծի համար մեծապէս ուրախալի է Հռչակագիրի ստորագրման որոշման մասին լուրը, որ կը խորհրդանշէ յարգանքի եւ բարեկամութեան վրայ հիմնուած աւելի քան 2 տանսամեայ մեր յարաբերութիւնները»,- նշած է Ռընէ Ռուքէն` աւելցնելով. «Բարեկամութեան շրջանակի յատուկ խանդավառութեան մասին, որ Ֆրանսայի եւ Արցախի քաղաքներու միջեւ այս ձեւաչափով համագործակցութեան հեղինակն է»:

Ալֆորվիլի քաղաքապետ, նոյնպէս Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան շրջանակի անդամ Լիւգ Գարուունասը, անդրադառնալով Հռչակագիրին կողմէ հետապնդուող նպատակներուն, նշած է, «փաստաթուղթը թոյլ կու տայ համատեղ ուժերով զարգացնելու Արցախի շրջանները` հնարաւորութիւն տալով տեղի բնակիչներուն իրենց հողին վրայ կերտելու սեփական ապագան»:

Ֆրանսայի ԱԺ նոտընտիր պատգամաւոր-քաղաքապետը ընդգծած է, որ «հռչակագիրը նաեւ հնարաւորութիւն պիտի տայ աւելի խոշոր ծաւալներու հասցնել արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող համատեղ ծրագիրները»` եզրափակելով, որ «տնտեսական զարցագումն ու աշխատատեղերու ստեղծումը պատերազմի եւ բնակչութեան տեղաշարժերու դէմ լաւագոյն երաշխիքներն են» եւ որ «եւրոպական միութիւնը, որ ներկայիս կանգնած է գաղթականութեան խնդիրներու առջեւ, պէտք է իր օժանդակութիւնը բերէ Արցախի մէջ զարգացման նման ծրագիրներու իրագործման»:

Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան շրջանակը կը յիշեցնէ, որ Հռչակագիրներու ստորագրման միջոցով տարուող իր գործունէութիւնը նպատակ կը հետապնդէ Հարաւային Կովկասի մէջ վերահաստատելու խաղաղութիւն` ապահովելով բարգաւաճութիւն: Բերձոր քաղաքը (նախապէս Լաչին) կը գտնուի Արցախէն Հայաստան անցակէտին վրայ, որ կ՝ընձեռէ զարգացման բազում ծրագիրներ կեանքի կոչելու հնարաւորութիւն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.