Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին մէջ Արցախի ղեկավարներու ազատ արձակման վերաբերեալ բանաձեւ պիտի ներկայացուի
- (0)

Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական առաջնորդներու ազատ արձակման պահանջ ներկայացնող բանաձեւ մը պիտի ներկայացուի, կը հաղորդէ «Նուվել Տ’Արմենի»-ն։ Բանաձեւը Ֆրանսա–Հայաստան բարեկամութեան խումբին անունով պիտի ներկայացնէ Լորան Վոքիէնը այսօր յետմիջօրէին։
Բանաձեւին հիմնական դրոյթները հետեւեալներն են․
- Զօրակցութիւն Արցախի բռնագաղթուած հայ բնակչութեան, որ զրկուած է իր սեփական հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքէն։
- Ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի ամրապնդում։ Միաժամանակ կը շեշտուի միջազգային հանրութեան պատասխանատուութիւնը՝ Ատրպէյճանէն պահանջելու ապահովել վերադարձի եւ անվտանգութեան անհրաժեշտ պայմանները։
- Դատապարտում Արցախի Հանրապետութեան նախկին քաղաքական ղեկավարներուն դէմ իրականացուող դատավարութիւններուն եւ կամայական կալանքներուն, եւ պահանջ՝ անոնց անմիջական ու անպայման ազատ արձակման։
- Կոչ Ֆրանսայի կառավարութեան՝ պաշտօնապէս դիմելու Ատրպէյճանին՝ իր մօտ պահուող բոլոր հայ գերիները ազատ արձակելու պահանջով։
- Զգուշացում, որ գերիներու խնդիրը անտեսելը կրնայ վտանգել 2025 թուականի օգոստոսի 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած համատեղ հռչակագրին գործադրութիւնը։