Ֆիտան. Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը շարժին դէպի մնայուն խաղաղութեան համաձայնագիր

ԱՆԳԱՐԱ — Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը շարժին դէպի մնայուն խաղաղութեան համաձայնագիր, յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան՝ «Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին։

«Կովկասի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութենէն ետք, յոյս ունինք, որ այժմ գոյութիւն ունի հրադադար մը, որ լաւ կը գործէ», ըսած է Ֆիտան։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը շարունակած է՝ նշելով. «Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը շարժին դէպի մնայուն խաղաղութեան համաձայնագիր, եւ մենք կ՛աջակցինք այդ գործընթացին։ Աջակցելով այս գործընթացին՝ նկատի կ՛առնենք նաեւ անվտանգութեան եւ տնտեսական ճարտարապետութեան հեռանկարը»։

Անգարա բազմիցս յայտարարած է, որ պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման՝ Հայաստան-Ատրպէյճան վերջնական խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն ետք։

Թէեւ Երեւանն ու Անգարան վերջին տարիներուն յայտարարած են, որ պատրաստ են երկկողմ յարաբերութիւնները կարգաւորելու առանց նախապայմաններու, թուրք պաշտօնատարները միաժամանակ չեն թաքցուցած, որ հայ-թրքական կարգաւորման ընթացքը սերտօրէն կապուած է Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն եւ անոնց արդիւնքին հետ։