Օսկանեան ընդդիմադիր ուժերուն կ՚առաջարկէ դիմել եւրոպացի ղեկավարներուն՝ Երեւանի մէջ սպասուող գագաթնաժողովը յետաձգելու համար
- (0)

Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան ընդդիմադիր ուժերուն կ՚առաջարկէ համատեղ նամակով դիմել Եւրոպական քաղաքական համայնքի ղեկավարութեան եւ անդամ պետութիւններուն՝ խնդրելով Երեւանի մէջ մայիսին նախատեսուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովը երկու ամիսով յետաձգել եւ կազմակերպել սպասուող խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք։
«Փաշինեան կը շարունակէ մնալ Եւրոպայի համար յարմար գործակից, մասնաւորապէս՝ նկատի ունենալով անոր պատրաստակամութիւնը իրականացնելու այն, ինչ տակաւին ամբողջացած չէ, ներառեալ սահմանադրական փոփոխութիւններ եւ Ատրպէյճանի օգտին տարածքային նոր զիջումներ Հայաստանի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հատուածներուն մէջ։ Այս քայլերը, թէեւ ժամանակաւորապէս հետաձգուած, կը կազմեն անոր հետընտրական օրակարգին առանցքը։ Վերընտրուիլը գործընթացին աւարտը չէ․ անիկա անոր շարունակման նախապայմանն է։
Եւրոպացի ղեկավարներու բարձր մակարդակի հաւաքը Երեւանի մէջ, ընտրութիւններէն անմիջապէս առաջ, անխուսափելիօրէն պիտի ներկայացուի ներքին լսարանին որպէս Փաշինեանի իշխանութեան միջազգային հաւանութիւն։ Արդէն իսկ իշխանութեան խիստ վերահսկողութեան տակ գտնուող լրատուական միջավայրին մէջ նման պատկերները պիտի օգտագործուին օրինականութիւն, անխուսափելիութիւն եւ արտաքին աջակցութիւն ներշնչելու համար։ Անկախ մտադրութիւններէն՝ այս ազդեցութիւնը պիտի հանդիսանայ արտաքին միջամտութիւն Հայաստանի ներքին քաղաքական գործընթացին։ Քուէարկութենէն օրեր առաջ Երեւանի մէջ խոշոր քաղաքական միջոցառման կազմակերպումը կը վտանգէ արդէն իսկ խաթարուած գործընթացի օրինականութիւնը։ Հետաձգումը պիտի հանդիսանայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի դրսեւորում»,– գրած է ան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ՝ նշելով, որ քաղաքական ուժերու համաձայնութեան եւ ցանկութեան պարագային պատրաստ է տրամադրելու նամակին նախագիծը։
«Հաւասարապէս կարեւոր է, որ նախաձեռնութիւնը ինքնին կրնայ դառնալ ընդդիմադիր համագործակցութեան խթան։ Միասնական նամակը պիտի ցուցադրէ լրջութիւն եւ ժողովրդավարական նորմերու վերականգնման ընդհանուր յանձնառութիւն։ Անիկա պիտի դառնայ համակարգուած ջանքի սկիզբ՝ ուղղուած ոչ միայն մէկ անձի պարտութեան, այլ իրական մրցակցային ընտրութիւններու եւ իշխանութեան խաղաղ փոխանցման երաշխաւորման։
Հայաստանի ընտրութիւնը 2026 թուականին միանշանակ է։ Ներկայ պայմաններուն մէջ շարունակականութիւնը կը տանի դէպի հաստատութիւններու յետագայ քայքայման, անդառնալի տարածքային կորուստներու եւ խորացող բռնապետութեան։ Փոփոխութիւնը կրնայ Հայաստանի համար ապահովել յոյս եւ տեսլական՝ հիմնուած կայուն խաղաղութեան, արժանապատուութեան եւ ժողովրդավարական զարգացման վրայ»,– նշած է Օսկանեան։