«Օո՞ւմ ըրմեյննըս» («Ո՞ր ընտանիքէն ես»)

Ռուբէն Ճանպազեան

Ընտանիքի անդամներէն հազարաւոր քիլոմեթր հեռու ապրիլը յաճախ սիրտ կը ճմլէ. սակայն բախտաւոր եմ, որ ծնողքս գրեթէ, առանց բացառութեան, ամէն տարի Հայաստան կու գան այցելութեան: Այս տարի խելքս գլուխս հաւաքեցի, համոզեցի, որ աշնան փոխարէն` ամռան կիսուն գան, որ Օհանաւանի մեր պարտէզին անուշահամ պտուղներէն «օգտուին» (ինչպէս հոս կ’ըսեն): Մտքովս անցաւ՝ ինչպէ՞ս պիտի դիմանան առանց մեր պէսպէս կեռասներուն, ոսկեգոյն ծիրանին ու համով սալորին:

Անոնց անմոռանալի այցելութեան ուրախութեան մէջ սակայն, յանկարծ սրտաբեկ լուր մը ստացանք․ տարիներ առաջ Թորոնթոյէն Հայաստան փոխադրուած մեր սիրելի ընտանեկան բարեկամը մահացած էր: Անակնկալ կորուստը խորապէս ցնցեց մեզ՝ տխուր շուք մը ձգելով միասին անցուցած մեր ուրախ ժամանակին վրայ:

Յուղարկաւորութեան կանուխ հասանք եւ որոշեցինք քալել եկեղեցւոյ կից այգիին մէջ: Մեզմէ ոչ մէկը նախապէս եղած էր հոն ու հետաքրքրական էր բացայայտել այս նորութիւնը: Մինչ կը թափառէինք, յանկարծ մեր դիմաց բարձրացաւ հսկայ ու գեղեցիկ, Խորհրդային շրջանի յուշարձան մը՝ կառուցուած կարմիր տուֆով: Հետաքրքրուած, փնտռեցինք ցուցատախտակ մը կամ որեւէ նշան, որ կը բացատրէր թէ ի՞նչ կը ներկայացնէր յուշարձանը: Չգտանք: Անհամբեր, հեռաձայնով «Ուիքիփետիա»-ն բացի եւ սկսանք կարդալ անոր մասին: Պարզուեցաւ, որ յուշարձանը նուիրուած էր Սեբաստիոյ զաւակներուն, որոնք զոհուած էին Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին:

Մինչ կը կարդայինք, այգիին հոգատար պարտիզպանը՝ Աւետիսը, մօտեցաւ մեզի, հետաքրքրուած՝ մեր յուշարձանին հանդէպ ունեցած ուշադրութեամբ: Բացատրեց, որ իրօք ան նուիրուած էր 1915-ի ցեղասպանութեան նահատակներուն եւ, որ ճարտարապետը Ռաֆայէլ Իսրայէլեան է:
«Գիտե՞ս, Իսրայէլեան նաեւ ճարտարապետն է Սարդարապատի յուշահամալիրին եւ Մուսա Լեռան յուշարձանին», ըսաւ հայրս, Մուսա լեռական հպարտութեան երանգ մը իր ձայնին մէջ: Աւետիս խանդավառութեամբ գլուխը վեր ու վար շարժեց ու ըսաւ․ «Ճի՛շդ. գիտե՞ս, մերոնք Ճեպել Մուսայից են եկել», ու կայծակնային արագութեամբ խօսակցութիւնը փոխուեցաւ Մուսա Լեռան բարբառով:

«Վա՛յ. օ՞մ ըրմեյննես» («Ո՞ր ընտանիքէն ես»), հարցուց հայրս այն բարբառով, որմէ ես միայն պատառիկներ գիտէի…

Աւետիսը ծնած եւ մեծցած էր Հայաստան. Այնճարէն՝ հօրս ծննդավայրէն հայրենադարձներու զաւակ էր. անոնք եկած էին 1940-ականներուն, «Մեծ հայրենադարձութեան» ընթացքին: Անհաւատալի էր տեսնել այս մարդը, որ կը պահպանէր իր ժողովուրդին հազուադէպ լսուած բարբառը եւ այնքան բնականօրէն կը խօսակցէր հօրս հետ, որ այցելութեան եկած էր հազարաւոր քիլոմեթրերու հեռաւորութենէ:

Անոնց զրոյցը լսելով՝ յանկարծ մեղքի զգացում մը պատեց զիս: Ինչո՞ւ չէի սորված այս բարբառը, որ այնքան կարեւոր մաս կը կազմէր ընտանիքիս պատմութեան: Մտածեցի, թէ որքա՜ն բան կորսնցուցած եմ՝ չկարենալով լիովին հասկնալ իմ նախնիներուս լեզուն:

Այս հանդիպումը նաեւ ինծի մտածել տուաւ հայերէն բարբառներու այսօրուան վիճակին մասին: Մինչ արեւմտահայերէնը կը նկատուի վտանգուած լեզու, ի՞նչ է ճակատագիրը աւելի հազուագիւտ հնչող, խօսուող բարբառներուն: Խօսակցութիւնը նաեւ մղեց զիս մտածելու Արցախի բարբառին մասին՝ բարբառ մը բնիկ հայկական հողի մը, որ ճիշտ տարի մը առաջ «զտուեցաւ» իր հայկական բնակչութենէն: Արդեօք այդ բարբառն ալ պիտի մեռնի՞՝ ձուլուելով խօսակցական արեւելահայերէնին:

Հայրս՝ մեր յանգուցեալ բարեկամին հետ, որուն վերջին հրաժեշտը տալու եկած էինք, կը խօսէր նոյն բարբառով, որով խօսեցաւ Աւետիսին հետ. մեր յանգուցեալ ընկերը քեսապցի էր եւ կը պատկանէր համայնքի մը, որ կը խօսէր շատ նման բարբառ մը: Ու մինչ կը լսէինք յուղարկաւորութեան շարականները եւ կը դիտէինք մեր բարեկամին դագաղը, որ եկեղեցիէն դուրս կը տարուէր, անդրադարձայ, որ այս հնամենի, անհետացող բարբառը այսօր մէկ խօսող պակաս ունի:

Աւետիսին հետ այս պատահական հանդիպումը կրնար տեղի ունենալ հաւանաբար միայն Հայաստանի մէջ , ուր այսպիսի կապերը մեր առօրեային բնական մաս դարձած են: Հոս փոխադրուելէն ի վեր, վարժուած ենք հանդիպելու մարդոց, որոնք կը կիսեն մեր պատմութիւնը, մեր մշակոյթը, նոյնիսկ մեր բարբառները. այնպիսի անձերու, որոնց՝ ճամբան երբեք չենք հանդիպիր, եթէ սփիւռքի մէջ ըլլայինք։

Հայաստանի մէջ այս հանդիպումները պարզ զուգադիպութիւններէ աւելին են. անոնք կենդանի վկայութիւններ են մեր ինքնութեան: Ու մինչ կը սգանք մեր կորուստները՝ ըլլան անոնք սիրելիներ թէ բարբառներ, կը գիտակցինք նաեւ արժէքը այն անսպասելի կապերուն , զորս կը գտնենք հոս: Այս փորձառութիւնները կը յիշեցնեն մեզի մեր արմատներուն խորութիւնը եւ մեր ժողովուրդին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ցոյց տալով՝ թէ որքա՛ն դժուար, բայց եւ որքա՛ն կարեւոր է ոչ թէ պարզապէս պահպանել, այլ ապրեցնել մեր լեզուն։

***

Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ» ամսագիրի հոկտ. 2024 թիւին մէջ:

(նկար՝ «Մենք լեռն ենք տակաւին», ռխ. խառն միջոցներ, 2020. լուսանկար՝ Երեւան, Ռ. Ճանպազեան, 2024)

Comments are closed.