Օնթարիոյի կառավարութիւնը 3 միլիոն տոլարի խոստում կը կատարէ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի համալիրի ընդարձակման ծրագրին
3054
0
Ապրիլ 13-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ կայացած ընդունելութեան մը ընթացքին, Օնթարիօ նահանգի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ յանձնառութիւն կը ստանձնէ 3 միլիոն տոլար նուիրելու Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի ենթակառոյցի ընդարձակման ծրագրին։ Յայտարարութիւնը կատարեց Օնթարիօ նահանգի Մանուկներու եւ Երիտասարդական հարցերու նախարար Մայքըլ Քոթօ։ Յանուն Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի շնորհակալական ուղերձով ելոյթ ունեցաւ Վաչէ Գըլըպոզեան։
Նշենք, որ Հայ Կեդրոնին կողմէ Օնթարիոյի կառավարութեան ուշադրութեան յանձնուած էր այն իրողութիւնը, որ վերջին տասնամեակին Թորոնթոյի հայ համայնքի ուռճացման պատճառով անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը կը զգացուէր Հայ Կեդրոնի համալիրի ենթակառոյցը ընդլայնելու։
Լուսանկարները՝ Իշխան Ղազարեանի։