Օճալան. PKK-ի լուծարման առաջին փուլը աւարտած է
- (0)

Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութեան (PKK) բանտարկուած առաջնորդ՝ Ապտուլլահ Օճալան, յայտարարած է, թէ քրտական զինեալ խմբաւորման լուծարման առաջին փուլը աւարտած է։
Օճալանի հետ երեք ժամ տեւած հանդիպումէ մը ետք թրքական լրատուամիջոցներու խօսելով՝ քրտամէտ Ժողովուրդներու Հաւասարութեան եւ Ժողովրդավարութեան կուսակցութեան երեսփոխան Միթհաթ Սանճար փոխանցած է PKK-ի առաջնորդին պատգամը՝ ըսելով․ «Առաջին փուլը աւարտած է կազմակերպութեան լուծարումով եւ զինեալ պայքարի դադրեցումով»։
«Այժմ պիտի անցնինք համարկման փուլին, որ երկրորդ փուլի հիմնական առանցքն է»,– Օճալանի խօսքերը մէջբերած է Սանճար։
Անցեալ տարուան Փետրուարին PKK-ի առաջնորդը պատմական յայտարարութեամբ մը կոչ ուղղեց իր հիմնած կազմակերպութեան՝ զէնքերը վար դնելու եւ ինքնալուծարման գործընթացը սկսելու։
Օճալան նշած է, թէ զինեալ պայքարը ժամանակին անհրաժեշտ եղած էր՝ քրտական իրաւունքներն ու ազատութիւնները սահմանափակող քաղաքականութեան պատճառով։ Սակայն ան պնդեց, որ քրտական հարցերուն շուրջ թրքական կառավարութեան ձեռնարկած ժողովրդավարական քայլերը, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները կը նշանակեն, թէ զինեալ դիմադրութիւնը այլեւս անհրաժեշտ չէ։
Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, Օճալանի կոչը նաեւ ուղղուած է PKK-ի Սուրիոյ եւ Իրանի մէջ գործող դաշնակիցներուն եւ ճիւղաւորումներուն, ինչպէս նաեւ Քիւրտիստանի Համայնքներու Խմբաւորում (KCK) կազմակերպութեան, որ կը գործէ այդ երկիրներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Իրաքի եւ Թուրքիոյ մէջ։