Օթթաուայի մէջ ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ դեսպանատուն եւ Գանատայի խորհրդարան նշելով ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը
ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Գանատայի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Երկուշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2018-ին ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւն մը այցելեց Օթթաուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան, իսկ անոր մաս կը կազմէին Ազգային վարչութեան անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եղբայր Գառնիկ Մկրտիչեան, ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ քոյր Լիոնի Սարմազեան եւ վարչութեան անդամները, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժիրայր Զաքարեան: Հիւպատոսին հիւրընկալութեամբ պաշտօնական խօսքերու փոխանցումէն ետք եղբայր Գառնիկ Մկրտիչեան ՀՄԸՄ-ի կողմէ յուշանուէր մը փոխանցեց մեծարգոյ հիւպատոս Արա Մկրտչեանին:
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 2։30-ին, Օթթաուայի Խորհրդարանի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած պաշտօնական ընդունելութիւն, ներկայութեամբ Խորհրդարանի անդամներ Bryan May-ի, Harold Albrecht-ի, Geng Tan-ի, Bob Saroya-ի, Faycal El-Khoury-ի, Ramesh Sangha-ի, Frank Baylis-ի, Jean Yip-ի օգնականին, վերոնշեալ պատուիրակութեան, ՀՄԸՄ-ի Գանատայի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, Օթթաուայի մէջ գործող քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալներու:
Բացումը կատարեց Շրջգ Վարչութեան նախկին անդամ եղբգ Ժանօ Սարխանեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, ապա հրաւիրեց Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամ եղբ. Տանի Մարկորեանը՝ փոխանցելու Շրջանային վարչութեան խօսքը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ այս առթիւ պատրաստուած տեսերիզ մը:
Այնուհետեւ »Պանծալի« նուագախումբը հանդէս եկաւ յեղափոխական երգերու երաժշտութեամբ։ Յետոյ բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան, որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Գանատայի շրջանին մէջ տարուած աշխատանքներուն առնչութեամբ եւ քաջալերեց, որ այս թափով շարունակուի երթը՝ հայ պատանիին ու երիտասարդին տալու հոգեմտաւոր սնունդ եւ ֆիզիքական առողջ դաստիարակութիւն։
Ընդունելութեան ընթացքին խօսք առին երեսփոխաններն ու Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսը, որոնք բոլորն ալ դրուատեցին ՀՄԸՄ-ը եւ քաջալերական խօսքերով հանդէս եկան:
Շողիկ Ազարիկեան