Օթթաուայի մէջ հիմնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի միաւոր
ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ Կիրակի 22 Սեպտեմբեր 2024 -ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Օթթաուայի Միաւորի հիմնադրութիւնը։ Ներկայութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Գանատայի ներկայացուցիչ Քոյր Լիոնի Սարմազեանի, Գանատայի Շրջանային վարչութեան և Յանձնախումբերու , շրջանիս մասնաճիւղերու վարչութեան ներկայացուցիչներու ։ Իրենց Ներկայութեամբ միաւորի հիմնադրութեան տօնակատարութիւնը պատուեցին` Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ՝ Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան Ատենապետ, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի , Սարգիս Զէյթլեան և Վահան Յովհաննէսեան կոմիտէներու ներկայացուցիչները, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան եւ Համազգային Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները, Օթթաուայի ՀՄԸՄ-ականները եւ Տէր Դաւիթ Քահանայ Մարգարեան։ ՀՄԸՄ -ի Օթթաուայի Միաւորը նոր էջ մը կը բանայ ՀՄԸՄ-ի Գանատայի շրջանէն ներս։ ՀՄԸՄ-ի նպատակն է շարունակել սերունդներուն փոխանցել ՀՄԸՄ-ի աւանդութիւններն ու արժէքները, միեւնոյն ժամանակ համախմբել երիտասարդները՝ մարմնամարզական եւ սկաուտական ծրագիրներու միջոցաւ։
Comments are closed.