«Օգնենք Արցախի ընտանիքներուն». ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔԻ ԿՈՉ 

«Օգնենք Արցախի ընտանիքներուն»

ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔԻ ԿՈՉ 

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 

Արցախի ճգնաժամը ծանր և անդառնալի կորուստներ հասցուց Արցախի առիւծասիրտ ժողովուրդին:

Պատմական Հայաստանի անբաժան մէկ մասնիկը համարուող արծուաբերդ Արցախը այսօր կ՛ապրի մեր պատմութեան սեւ օրերը: Տասնեակ հազարաւոր հայ ընտանիքներ կը տարհանուին իրենց բնօրրանէն եւ ապաստան կը գտնեն Հայաստանի հանրապետութենէն ներս: 

Պարզ բառերով կարելի չէ նկարագրել ստեղծուած ծանրակշիռ իրավիճակը, որուն մատնուած են մեր հայրենակիցները: Անոնք մեր բարոյական աջակցութեան, զօրակցութեան եւ յատկապէս մեր նիւթական օժանդակութեան կարիքը ունին: 

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը կոչ կ՛ուղղէ բոլորիդ նուիրատուութիւններու միջոցաւ աջակցիլ Արցախի ընտանիքներուն: Ձեր նիւթական օժանդակութիւնը կրնաք ուղարկել.-

1) Վճարագրով՝ ARS Foundation-ին, հետեւեալ հասցէին՝

Armenian Relief Society of Canada 

3401 Olivar Asselin, Montreal, QC, H4J 1L5

2) Այցելելով ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի կայքէջը՝ https://ars-canada.ca/

սեղմելով Donate Now կոճակը, ապա ընտրելով Aid to Artsakh fund-ը՝

3) Ե-փոխանցումով (E-transfer), ՀՕՄ-ի Շրջ. Վարչութեան ե-նամակի հասցէին՝ ars-canada@bellnet.ca

 Բոլոր պարագաներուն կը խնդրենք նշել, թէ դուք ձեր նուիրատուութիւնները կը կատարէք Արցախի ընտանիքներու օժանդակութեան (Artsakh fund), որուն դիմաց պիտի ստանաք տուրքէ զերծ ստացագիր:

 ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն

 26 Սեպտեմբեր, 2023

Comments are closed.