Քրիստինէ Վարդանեան․ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Հայաստանի անվտանգութեան բաղադրիչ է
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — Ազգային ժողովի «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան 13 օգոստոսի խորհրդարանական նիստին հակադարձեց իշխանական պատգամաւորներու այն յայտարարութիւններուն, թէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը այլեւս Հայաստանի առաջնահերթութիւններուն մաս չի կազմեր եւ կրնայ նոյնիսկ վտանգներ ստեղծել երկրին համար։
Վարդանեան շեշտեց, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը պէտք չէ դիտարկել Թուրքիոյ նկատմամբ ատելութեան կամ թշնամանքի համատեքստին մէջ։ Վարդանեան նշեց, որ այդ գործընթացը նախ եւ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան հետ առնչուող խնդիր է եւ կրնայ ծառայել իբրեւ նոր ցեղասպանութիւններ կանխելու զսպիչ գործօն։
Պատգամաւորը յիշեցուց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային ճանաչում ստացած է նաեւ այն ժամանակաշրջանին, երբ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն գոյութիւն չունէր։ Ան այս առումով առանձնացուց Ուրուկուէյի օրինակը՝ նշելով, որ ճանաչման այդպիսի ձեռքբերումները մեծ չափով պայմանաւորուած էին Հայ դատի կառոյցներու տասնամեակներու գործունէութեամբ։
Վարդանեան ըսաւ, որ այսօր Հայաստանի իշխանութիւնները հակադրուած են նոյն այդ կառոյցներուն, մինչդեռ անոնց աշխատանքը երկար տարիներ ուղղուած եղած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայկական ազգային շահերու պաշտպանութեան։
Անդրադառնալով Հայաստանի անվտանգութեան սպառնալիքներուն՝ ընդդիմադիր պատգամաւորը նշեց, որ իր եւ իշխանութիւններուն միջեւ հիմնական տարակարծութիւններէն մէկը կը վերաբերի նոյնինքն «սպառնալիք» հասկացութեան սահմանումին։ Հայաստանի հիմնական սպառնալիքները Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պետական քաղաքականութիւններն են, եւ երկրի սահմանափակ պաշարները պէտք է նախ եւ առաջ ուղղուին այդ վտանգներուն դիմակայելուն, ըսաւ Վարդանեան։
Վարդանեան նաեւ ընդգծեց, որ Հայաստան պէտք չէ վերածուի որեւէ աշխարհաքաղաքական կեդրոնի գործիքի՝ այլ պետութեան դէմ։ Ան նշեց, որ նոյն մօտեցումը պէտք է որդեգրել թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ՛ այլ ուժային կեդրոններու նկատմամբ։
«Հայաստանը պաշարներ չունի, որպէսզի դառնայ մի գերտէրութեան գործիքը միւսին դէմ», յայտարարեց Վարդանեան՝ շեշտելով, որ երկրի առկայ միջոցներն անգամ ամբողջութեամբ բաւարար չեն Հայաստանի անմիջական անվտանգային մարտահրաւէրներուն դիմակայելու համար։