Քսանամեայ Զինուոր Նարեկ Յարութիւնեան Նահատակուեցաւ Հակառակորդի Գնդակէն
1991
0
9 Ապրիլին, Արցախի հարաւային ճակատը պաշտպանող զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան դիրքերուն վրայ ծառայող քսանամեայ զինուոր Նարեկ Գէորգի Յարութիւնեանը թշնամիի գնդակով նահատակուեցաւ:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ իր ծանր վիշտն ու զօրակցութիւնը յայտնեց նահատակ զինուորի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: