Քոչարեան դատարանին մէջ բարձրացուց Փաշինեանի սպառնալիքներուն հարցը

ԵՐԵՒԱՆ.— Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան այսօր իր դէմ յարուցուած մարտ 1-ի գործով դատական նիստին ընթացքին քննութեան առարկայ դարձուց նախընտրական եւ յետընտրական ժամանակաշրջաններուն Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ իր հասցէին հնչեցուած սպառնալիքները՝ «կզացնելու եմ», «սատկացնելու եմ» եւ «պիտի նստի» արտայայտութիւնները։

«Սա քաղաքական պատուէր է, ուղղակի նախկինում այդ պատուէրը SMS-ով էին ուղարկում, հիմա՝ հրապարակային։ Եւ դա քաղաքական խօսք չէ․ շատ պարզ, հրապարակային ասւում է, որ ես պէտք է նստեմ»,— դատական նիստին ընթացքին յայտարարեց Քոչարեան։

Դատաւորը, սակայն, պնդեց, թէ նշեալ արտայայտութիւնները քաղաքական յայտարարութիւններ են՝ նոյնիսկ արգիլելով զանոնք բարձրաձայնել դատարանի դահլիճին մէջ։ Քոչարեան միջնորդութիւն ներկայացուցած է՝ պահանջելով դադրեցնել իր նկատմամբ իրականացուող քրէական հետապնդումը։

Մայիսին, Երեւանի Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ իրականացուող նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին, Փաշինեանի եւ քաղաքացիի մը միջեւ բուռն վիճաբանութիւն ծագած էր։ Կինը Փաշինեանը մեղադրած էր «երկիրը քանդելու» մէջ, որմէ ետք ան ըսած էր․ «Եթե Դուք Ռոբն եք, Ռոբին կզացնելու եմ, Ռոբը նստելու է, Ռոբին սատկացնելու եմ, կալուգացուն էլ եմ կզացնելու, սատկացնելու, Սերժին էլ, Գագոյին էլ»։