Քոյր Մարօ Քէշիշեան Եւ Եղբ. Շահէ Ենիգոմշեան Կ’արժանանան ՀՄԸՄ-ի «Արժանեաց» Շքանշանին

ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովի աշխատանքներուն առընթեր, Չորեքշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2023-ի կէսօրին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը պարգեւատրեց վաստակաշատ երկու միութենական։

Սկզբունքով, պարգեւատրումը տեղի պիտի ունենար Պատգամաւորական Ժողովի բացման հրապարակային պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին, սակայն պայմաններու բերումով, բացման հանդիսութեան ջնջումէն ետք, կատարուեցաւ ներքին հանդիպումով մը, Պատգամաւորական Ժողովի մասնակիցներու ներկայութեամբ։

ՀՄԸՄական իրենց երկարամեայ վաստակին եւ անմնացորդ նուիրումին համար, միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին արժանացան Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանէն քոյր Մարօ Քէշիշեան եւ եղբ. Շահէ Ենիգոմշեան։ Այս առիթով խօսք առաւ եւ վաստակաւորները պարգեւատրեց ՀՄԸՄ-ի ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան։

Սրտի խօսքեր արտասանեցին պարգեւատրեալները։ Քոյր Մարօ Քէշիշեան եւ եղբ. Շահէ Ենիգոմշեան իրենց երախտապարտութիւնը յայտնեցին ՀՄԸՄ-ին եւ շեշտեցին, որ կեանքի մէջ շատ բան սորված են այս մեծ միութենէն, որուն անդամակցելու եւ ծառայելու պատիւը ունեցած են։

Աւարտին, պարգեւատրեալները ընդունեցին ներկաներու շնորհաւորութիւնները։

Comments are closed.