Քինկսթընի մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ 180-ամեակը եւ կայացաւ ԳՀԱԸ-ի տարեկան անդամական ժողովը
- (0)

ՔԻՆԿՍԹԸՆ.- Շաբաթ, 19 Սեպտեմբեր 2026-ին, Քինկսթընի Edith Rankin Memorial United եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ Աւետարանական օր» թեմայով միօրեայ յատուկ ձեռնարկ, որուն ընթացքին նշուեցաւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ 180-ամեակը եւ կայացաւ Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAC) տարեկան անդամական ժողովը: Միօրեայ այս միջոցառման մասնակցեցան Գանատայի զանազան շրջաններէն՝ Մոնթրէալէն, Լաւալէն, Թորոնթոյէն եւ Գեմպրիճէն Աւետարանական համայնքի հոգեւոր հովիւներ, ներկայացուցիչներ, անդամներ եւ մասնակիցներ: Այս առթիւ յատուկ հրաւէրով, որպէս օրուան պատգամաբեր Լիբանանէն ժամանած էր Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ Վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեան:
Միջոցառման բացումը կատարեց ԳՀԱԸ-ի նախագահ Հռութ Տեմիրճեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա հրաւիրեց Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վեր. Ճորճ Տապպօն, որպէսզի աղօթքով բացումը կատարէ հանդիսութեան: Տիկին Վանտա Այնթապլեան հանդէս եկաւ հոգեւոր երգերու շարքով մը, նուագակցութեամբ կիթառով՝ Տիգրան Այնթապլեանի եւ դաշնամուրով՝ Ռաֆֆի Շնորհօքեանի: Ապա Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վեր. Զոհրապ Սարգիսեան, կատարեց Աստուածաշնչական համարներու եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հանգանակի ընթերցում, ներկաներուն մասնակցութեամբ: Իր վկայութիւնը տուաւ Թորոնթոյի Հայ Եղբայրութեան Աստուածաշունչի եկեղեցւոյ եւ Գեմպրիճի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պատուելի Արա Պալըգճեան:
Օրուան պատգամաբեր Վեր. Ռաֆֆի Մսըրլեան նախ անդրադարձաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ 1 Յուլիս 1846-ին, Պոլսոյ մէջ ծնունդ առնելուն եւ անոր տուն տուող պայմաններուն, 180 տարուան գործունէութեան, իրագործումներուն եւ նպատակներուն, ապա 1918-ին Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գոյացուման եւ անոր առաքելութեան՝ նեցուկ կանգնելով Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ զանազան առաքելութեանց՝ Միջին Արեւելքի, Հայաստանի թէ այլ երկիրներու մէջ:
Վեր. Մսըրլեան իր պատգամը եզրափակեց, ըսելով. «Մեր դիմաց ունինք մարտահրաւէրներ, որոնք մեր տեսիլքը պէտք է հանդիսանան. առաջին՝ հաւատարիմ մնալ մեր կոչումին եւ ջանալ Աւետարանին փրկարար պատգամը յայտարարել քարոզութեամբ, աւետարանչութիւնով, դաստիարակութեամբ, ընկերային ծառայութեամբ, ժողովուրդին հետ հաղորդակցելով եւ այլ միջոցներով: Երկրորդ՝ «Քրիստոսի մարմնին շինութիւնը» ընթացք մըն է, որ պէտք է հետապնդուի, գիտնալով որ «հաւատարիմ է Ան որ մեզ կանչեց եւ պիտի կատարէ ալ» (Ա. Թես. 5:24): Եւ վերջապէս՝ ճգնաժամային այս օրերուն, մեզի կը մնայ հաւատքով եւ նոր ջանքով լծուիլ վերանորոգութեան գործի: Հետեւաբար գործի լծուինք Քրիստոսի մարմնին շինութեան համար, որովհետեւ «Բոլոր շէնքը մէկտեղ յարմարութեամբ կազմուած՝ կ’աճի, սուրբ տաճար կ’ըլլայ Տէրոջմով» (Եփես. 2:21)»:
Չորս հոգեւոր հովիւներուն աղօթքով աւարտեցաւ օրուան պաշտօնական յայտագիրը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն, ապա թրոլիով շրջապտոյտ՝ Քինկսթընի պատմական վայրերու:
Յաջորդ օրակարգը ԳՀԱԸ-ի անդամական ժողովն էր, ժողովավարութեամբ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) Գանատայի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեանի: Ընթացքին ներկայացուեցաւ նիւթական հաշուեկշիռը՝ Տնօրէններու Խորհուրդի անդամ Ժագ Գաֆէսճեանի կողմէ, անդրադարձ կատարուեցաւ ընկերակցութեան գործունէութեանց եւ ընտրուեցաւ Ընկերակցութեան Տնօրէններու Խորհուրդի նոր կազմ: Աւարտին Վեր. Մսըրլեանի աղօթքով փակուեցաւ միջոցառումը:
Այս առթիւ «Հորիզոն Մետիա» կարճ հարցազրոյց մը ունեցաւ Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի հետ, որուն ընթացքին ան անդրադարձաւ Աւետարանչականի ծաւալուն գործունէութեան, որ կ’օժանդակէ Մերձաւոր Արեւելքի Աւետարանական համայնքի եկեղեցիներուն, անոնց յարակից կրթական օճախներուն եւ մեր ժողովուրդին, իսկ պատերազմական իրավիճակներու պարագային՝ սննդամթերք, դեղորայք, բժշկական եւ այլ ծառայութիւններ տրամադրելով: Ան նաեւ կարեւորութեամբ յիշեց երիտասարդական համագումարներու եւ ամառնային Սուրբ Գրոց վարժարաններու ծրագիրները, որոնք կը ծառայեն նոր սերունդի հոգեւոր պատրաստութեան եւ աճման:
Վերապատուելին նաեւ երկար տարիներ Այնճարի Աւետարանական վարժարանի տնօրէնը եղած է, իսկ վերջին տարիներուն Պէյրութի Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան Երկրորդական վարժարանի համատնօրէնն է: Մեկնելով կրթական մարզէն ներս տարիներու իր փորձառութենէն, Լիբանանի հայկական վարժարաններուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն անդրադառնալով ան յայտնեց, թէ ճգնաժամային այս պայմաններուն մէջ հայկական բոլոր վարժարաններուն հիմնական դժուարութիւնը գոյատեւելու հարցն է: Ան նշեց, թէ անկարելի է, որ հայկական վարժարանները կարենան ինքնաբաւ ըլլալ եւ թէ մշտական կարիքը ունին նեցուկի եւ օժանդակութեան: Կայ նաեւ գաղութին նօսրանալու հարցը, որուն որպէս արդիւնք նաեւ դպրոցի աշակերտութեան թիւի նուազումը: Որպէս օրինակ ան յիշեց, թէ Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան Երկրորդական վարժարանը այսօր կը հաշուէ 250 աշակերտ, մինչ կարելիութիւնը ունի մինչեւ 800 աշակերտ ընդունելու:
Գալով հայ գաղութին իրավիճակին, Վերապատուելին ընդգծեց դրամի արժեզրկման հարցը, որ տնտեսական մեծ տագնապ առաջացուցած էր, ինչպէս նաեւ բժշկական համակարգի պետական օժանդակութեան անբաւարարութիւնը, անկախ ելեկտրականութեան եւ քարիւղի տագնապներէն: Ան յիշեց նաեւ, որ անցնող տարուան ընթացքին լիբանանցի գաղթականներ յայտնուած էին շրջանին մէջ, որոնք քրիստոնեայ չեն եւ ունին քաղաքական այլ մտածողութիւն, «Սակայն մարդկային ծառայութեան առումով, մեր ամառնային կեդրոնին մէջ ապաստան տուինք մօտ 30 գաղթականներու, անոնց մատուցեցինք զանազան ծառայութիւններ, մանաւանդ մեր երիտասարդները մղեցինք, որ կամաւոր ծառայութեամբ օժանդակեն անոնց», ըսաւ ան:
Ինչպիսի՞ ծրագիրներ կը մշակուին այս մարտահրաւէրները դիմագրաւելու հարցումին, Վերապատուելին պատասխանեց. «Արեւային մարտկոցներու համակարգը որդեգրած ենք մեր եկեղեցիներուն եւ վարժարաններուն մէջ, որպէսզի կարենանք ելեկտրական հոսանքի եւ քարիւղի սղաճի տագնապը նուազագոյնի հասցնել, որուն մէջ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը մեծ ներդրում ունեցաւ: Ունինք նաեւ ընկերային ծառայութեան գրասենեակներ, որոնք կը զբաղին մեր հայ ընտանիքներու այլազան դժուարութեանց լուծումներ գտնելու եւ օժանդակելու հարցով»:
ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ
«Հորիզոն Մետիա»