«Քեսապի Տային»
- (0)

Մարինա Բենդէզեան-Լնդեան
«Քեսապի Տային» խորագրով հատորը կը ներկայացնէ «Տայի»-ի՝ Ովսիա Սաղտըճեանի հերոսական խոյանքներով եւ արկածախնդրութեամբ լեցուն կեանքը: Գիրքը լոյս տեսած է իր չորրորդ դուստրին՝ Մանուշակ Սաղտըճեան-Փանոսեանի հեղինակութեամբ, իսկ հրատարակութեան պատրաստած եւ խմբագրած է Կարո Յովհաննէսեան:
Տպուած է Պէյրութ, 2021-ին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մէջ:
Կողքի լուսանկարը նոյնինքն Տային է:
Հերոս մը իր ժողովուրդին մէջ կը սիրուի եւ կը փառաբանուի, երբ կը գործէ խիղճով եւ անձուրացութեամբ՝ ի նպաստ իր հողի պահպանման եւ ազգի բարւոք կեանքի ապահովման:
Իսկական հերոս կը կոչուի այն անձը, որ իր ամէնօրեայ կեանքին մէջ բարութիւն եւ քաջութիւն կը մարմնաւորէ:
Տային եղած է նման հերոսներէն մին եւ ժողովուրդին կողմէ ստացած է այս տիտղոսը, որ կը նշանակէ՝ քեռի:
Ան ծնած է 1887-ին, ապրած՝ Քեսապի պատմութեան ամենադժուարին ժամանակաշրջանը: Սրտակից հարազատներու ու բարեկամներու վկայութեամբ, ան եղած է յատուկ շնորհքներով եւ նկարագրով օժտուած անձնաւորութիւն մը՝ հայրենասէր, անձնազոհ, անշահախնդիր, համեստ, առաքինի եւ նուիրեալ ասպետը իր ժողովուրդին: Անզուգական եւ եզակի դէմք մը, որ երկա՜ր ու դժուարին ամիսներ տեւող ճամբորդութենէ մը ետք հասած է մինչեւ հեռաւոր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, սակայն չդիմանալով պանդխտութեան վիշտին եւ լսելով ծննդավայրին սպառնացող վտանգին մասին, վերադարձած է Քեսապ:
Գիրքը իր ամբողջութեան մէջ կը բաղկանայ 152 էջերէ եւ 18 ենթավեր-նագրերէ, կը խօսի Տայիի հերոսական եւ սխրագործական կեանքին մասին՝ տալով ընդարձակ տեղեկութիւններ, յօդուածներ՝ գրուած սրտակից եւ մտերիմ ընկերներու ու հարազատներու կողմէ, ինչպէս նաեւ իր մասին Հալէպի «Արեւելք» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած բոլոր գրութիւնները:
Այստեղ պէտք է հաստատել, որ գիրքի բաժանումները, նիւթերու ներկայացումը, կառուցուածքը, լուսանկարները, ոճը, պարզ ու յստակ լեզուն մատչելի կը դարձնեն ընթերցանութիւնը:
Գիրքի խմբագիր Կարո Յովհաննէսեան նախաբանին մէջ յիշած է, որ այս գիրքը ուղղուած է յատկապէս քեսապցի նոր սերունդին, ինչպէս նաեւ բոլոր հայերուն, որոնք հաւանաբար լսած են Տայիի մասին, բայց մանրամասն չեն գիտեր անոր իրագործումները: Այս հատորը Տայիի մասին կու տայ ընդարձակ տեղեկութիւններ, ստուերէն լոյս բերելով անոր տիպարը՝ իբրեւ անձնուէր յեղափոխական, զտարիւն հայ եւ լիիրաւ մարդ:
Արդարեւ, ան եղած է իսկական հերոս եւ ինքնակոչ ղեկավար: 1917-ին արձանագրուած է Հայկական լեգէոնին եւ եղած է անոր առաջին կամաւորներէն: Քեսապի հերոսամարտին (1919-1922), Տային եւ իր միւս ընկերները պաշտպանած են իրենց ծննդավայրը բարբարոս թշնամիէն եւ հոգ տարած են Եղեռնէն ճողոպրած թշուառ համագիւղացիներուն եւ բազմաթիւ որբերուն, որոնց հայր եղած է Տային:
Թէեւ Տայի անուս եղած է, բայց 1928-ին, երբ հիմը կը դրուի Ազգ. Միացեալ բարձրագոյն վարժարանին, ան բահն ու բրիչը ուսին, կամաւոր աշխատանքի առաջին նախաձեռնողներէն կ’ըլլայ: Ան անգրագէտ եղած է, բայց ջատագովը հանդիսացած է ուսման ու կրթութեան՝ սիրելով գրականութիւնն ու մշակոյթը, որոնք իր պարզունակ, անպաճոյճ տունը վերածած են մշակոյթի փոքր օջախի, ուր յաճախ խմբուած են շրջանի արժանաւոր ուսուցիչներն ու տնօրէնները եւ միասին անցուցած են երգի, պարի, ասմունքի անմոռանալի պահեր:
Տայի իր տան մէջ հիւրընկալած է արժանաւոր դէմքեր, ինչպէս՝ մեծ մտաւորական Նիկոլ Աղբալեանը, Համաստեղը, Արմէն Անոյշը, Եդուարդ Տարօնեանը, Անդրանիկ Ծառուկեանը, Եդուարդ Տասնապետեանը, Եդուարդ Պոյաճեանը, Բարսեղ Կանաչեանը, իսկ աւելի ուշ՝ ասմունքի վարպետ Յակոբ Կիլոյեանը եւ ուրիշներ:
Իր պարզունակ տան այցի եկած են նաեւ իր կուսակցական մտերիմ գործընկերները, որոնց հետ սրտակցած, խորհրդածած ու յիշատակելի օրեր անցուցած է: Անոնց շարքին՝ Վարդան Շահպազը, Կարո Սասունին, Հրաչ Փափազեանը, Սիմոնին, Ռուբէն Փաշան, Սօսէ Մայրիկը՝ 1934-ին, որոնք ամռան եղանակին Քեսապ գալով, վայելած են նահապետական իր տան շունչն ու ոգին:
Չարքաշ եւ ծանր կեանքը իր ծանր ու ժխտական անդրադարձը ունեցած է իր տոկուն առողջութեան վրայ: Ջիղերու եւ մկաններու երկարատեւ հիւանդութիւնը հարուածած է անոր մարմինը: Մահացած է 1953-ին: Արժանացած է ազգային թաղումի: Իր աճիւնները կը հանգչին Քեսապի Ազգային գերեզմանատան մէջ: Շիրմաքարին վրայ արձանագրուած են Դանիէլ Վարուժանի հետեւեալ տողերը.
Քեզ հայ խրճիթ մը ծնաւ,
Հայ վիշտը քեզ օրօրեց,
Ու այդ վշտին չափ եղար Մեծ…
Տառապանքով, քաջութեամբ լեցուն կեանք մը ապրած է եւ իմաստուն խոհականութեամբ բանաձեւած է իր գեղջուկի անկեղծ փիլիսոփայութիւնը, թէ՝ ԴՐԱԽՏԻ ՃԱՄԲԱՆ ԻՍԿԱՊԷՍ ԴԺՈԽՔԷՆ Կ’ԱՆՑՆԻ:
Քեսապցին շնորհալի եւ հեղինակաւոր դէմքեր տուած է իր ժողովուրդին-է, սակայն անոնք կեանքի պայմաններուն բերումով ծառայած են Քեսապէն դուրս:
Տային նախընտրած է իր ծննդավայրին մէջ ապրիլ դաժան եւ արկածախնդրութեամբ լեցուն կեանք մը, քան օտարութեան մէջ՝ խաղաղ ու ապահով:
Նոր սերունդին համար բարձրագոյն օրինակ է Տային՝ իր բոլոր յատկանիշերով: Քալե՛նք անոր ուղիէն ու ըլլա՛նք հպարտ մեր անցեալով, միասնական ուժով յաղթահարենք մեր դիմաց ցցուած բոլոր արհաւիրքներն ու դժուարութիւնները, որպէսզի մնանք հաւատաւոր քեսապցիներ: