ՔԵՍԱՊԸ ՇՐՋԱՊԱՏՈՒԱԾ Է ՀՐԴԵՀՈՎ

Շուրջ ամիս մը առաջ, մեծ հրդեհի վտանգին ենթակայ էր Քեսապը: Այդ օրերուն հրդեհը Քեսապի դռներուն մօտ էր. սակայն այս անգամ անզսպելի հրդեհը մուտք գործած է Քեսապ: Էքիզոլուխը, Տիւզաղաճն ու Էսքիւրանը ուղղակի հրդեհի մէջ են։ Մեծ թիւով հայ ընտանիքներ արդէն իսկ հեռացած են իրենց տուներէն: Պետական սահմանափակ միջոցները կարող չեն զսպելու ահաւոր հրդեհին տարածումը: Կը յուսանք, որ օտար երկիրներ անմիջապէս օգնութեան հասնին՝ հակակշիռի տակ առնելու հրդեհին առաւել ծաւալումը: : Այս մասին կը յայտնէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Cilicia TV հարթակը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մնայուն կապի մէջ է Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգեշնորհ Տ. Եսային Վրդ. Էօրտէքեանի եւ այլ պատասխանատուներու հետ: Յայտնենք, որ Աստուածածնայ տօնին առիթով Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ուխտաւորներ հաւաքուած են Քեսապ՝ գլխաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի: Քեսապի հոգեւոր տեսուչ հայր սուրբին վկայութեամբ, ժողովուրդին տուները կը պայթին՝ կազի շիշերու եւ արտերուն մէջ զետեղուած ականներուն պատճառով: