Քեպէգի նահանգային խորհրդարանը ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակը

Ապրիլ 26-ին, Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը ներկայ եղաւ Գանատայի Քեպէգ նահանգի խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչման, որու ընթացքին խորհրդարանին մաս կազմող բոլոր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները ելոյթ ունենալով դատապարտեցին ցեղասպանութեան արարքն ու անոր ուրացումը եւ յատկապէս շեշտեցին ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գծով միջազգային ազդու լծակներու որդեգրման անհրաժեշտութիւնը։ Նշենք, որ Քեպէգի խորհրդարանը 1980-ին յատուկ բանաձեւով ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ 2003-ին յատուկ օրինագիծով վերահաստատած է նոյն ճանաչումը։

Խորհրդարանի նիստէն ետք, Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը եւ Քեպէգ քաղաքի հայ համայնքի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան Քեպէգի վարչապետ Ֆիլիփ Քույարի եւ նախարար Քրիսթին Սէն-Փիեռի հետ, որոնց հետ արծարծուեցաւ Քեպէգ նահանգի հայ համայնքին առնչուող շարք մը հարցեր։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.