Քեպէգի նահանգային ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են երեք հայուհիներ
Հոկտեմբեր 3-ին կայանալիք Գանատայի Քեպէգ նահանգի խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են երեք հայ թեկնածուներ՝ Միշէլ Սեթլաքուի, Սելին Հայթայեան եւ Սոնա Լախոյեան։
Սոնա Լախոյեան աւարտած է Գոնգորտիա համալսարանի քաղաքական գիտութեանց ճիւղը եւ նոյն համալսարանէն տիրացած է public administration-ի մագիստրոսի վկայականին։ Յաջորդական 7 տարի եղած է Լաւալ քաղաքի կրթական յանձնաժողովի անդամ։ Գործօն մասնակցութիւն ունի հայ համայնքէն ներս, իր ծառայութիւնները մատուցելով ՀՄԸՄ-ին եւ Հայ Դատի յանձնախումբին։ Loto Quebec-ի պաշտօնեայ է։ Իր թեկնածութիւնը առաջադած է որպէս Chomedey ընտրատարածքի Ազատական կուսակցութեան թեկնածու։
Սելին Հայթայեան տնտեսութեան զարգացման մասնագէտ է եւ Harvard Business Review-ի խորհրդատու։ Ubisoft ընկերութեան միջազգային յարաբերութեանց տնօրէնն է։ 7 տարի պաշտօնավարած է Մոնթրէալի քաղաքապետութեան մէջ։ McGill համալսարանէն ներս ուսանած է իրաւագիտութիւն։ Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտ է։ Իր թեկնածութիւնը առաջադրած է որպէս Laval-des-Rapides ընտրատարածքի Coalition Avenir Québec իշխող կուսակցութեան թեկնածու։
Իրաւաբան Միշէլ Սեթլաքուի հինգ տարի եղած է Mont Royal-ի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ 2021-ին առաջադրած է իր թեկնածութիւնը որպէս Mont Royal-ի քաղաքապետ, սակայն չէ յաջողած։ Որպէս իրաւաբան՝ իր մասնագիտական վկայականը ստացած է Մոնթրէալի համալսարանէն։ Միշէլ Սէթլաքուիի հօրեղբայրն է ծերակուտական Ռէյմոն Սեթլաքուի (1928-2021), որ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Գանատայի ծերակոյտի եւ խորհրդարանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծերու վաւերացման աշխատանքներուն գծով։ Միշէլ Սեթլաքու իր թեկնածութիւնը առաջադրած է որպէս Mont-Royal-Outremont ընտրատարածքի Ազատական կուսակցութեան թեկնածու։