Քեպէգի ՀՀ նորանշանակ Պատուոյ Հիւպատոս Լեւոն Աֆէեանի ի պատիւ ընդունելութիւն

Չորեքշաբթի 16 Մարտ 2022-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Քեպէգ նահանգի ՀՀ նորանշանակ Պատուոյ Հիւպատոս՝ Լեւոն Աֆէեանի ընդունելութեան հաւաքը, ներկայութեամբ Գանատայի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր Դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի։

Ընդունելութեան ներկայ էին Մոնթրէալի եւ Լաւալի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ հոգեւոր կառոյցներու ներկայացուցիչներ: Մոնթրէալի ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ատենապետ Վիգէն Սարգիսեան խօսք առաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ Դեսպանին եւՊատուոյ Հիւպատոսին իրենց ներկայութեան համար, ապա խօսքը փոխանցեց Գանատայի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր Դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանին: Դեսպանը նախ շնրոհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ շնորհաւորեց համավարակի պատճառով երկար բացակայութենէ մը ետք կրկին անգամ համախմբուելուն առթիւ։ Ապա, նշեց հիմնական պատճառը հաւաքին, որն էր՝ ներկայացնել Քեպէգի մօտ ՀՀ նորանշանակ Պատուոյ Հիւպատոս Լեւոն Աֆէեանը։ Շարունակելով իր խօսքը, ան ըսաւ․ « Ի պաշտօնէ ասեմ, որ ինձ համար, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան համար մեծ պատիւ է, որ Լեւոն Աֆէեանի պէս հայրենասէր մարդը, իր ողջ գործունէութեամբ, իր ամբողջ կապերով, լինի դա Հայաստանի, Սփիւռքի կամ Արցախի հետ, ապացուցել է իր ավերապահ հայրենասիրութիւնն ու նուիրուածութիւնը հայապահպանութեանը եւ հայաստանի պետականաշինութեանը»։ Դեսպանը շարունակեց իր խօսքը նշելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Քեպէգի կապերը աւելի սերտացնելու կամեցողութիւնը դրդապատճառներէն մէկն էր Քեպէգի մէջ ՀՀ Պատուոյ Հիւպատոսութիւն հաստատելուն։ Ան շնորհաւորեց նորանշանակ հիւպատոսը եւ խօսքը փոխանցեց անոր։

Հիւպատոսը խօսք առնելով յայտնեց իր հպարտութիւնն ու ուրախութիւնը այսպիսի պարտականութիւն մը իրեն յանձնուած ըլլալուն համար։ Ան նշեց, որ տարիներու ընթացքին իր գաղութային յարատեւ աշխատանքն էր զինք պատրաստողը այսպիսի պատասխանատուութիւն մը յանձն առնելուն։ Ան նշեց իր անսահման ուրախութիւնը Հայաստանը ներկայացնելու քաղաքապետարանին մէջ։ Պատուոյ Հիւպատոսը հաստատեց իր պատրաստակամութիւնը օգտակար դառնալու գաղութի զաւակներուն։ Ան յատկապէս շեշտեց իր վստահութիւնը համայնքային համագործակցութեամբ խթանելու Հայաստանի եւ Քեպէգի յարաբերութիւնները։ Լեւոն Աֆէեան աւելի մանրամասնելով բացատրեց իր պաշտօնը եւ յայտնեց, որ առաջին հերթին Քեպէքի նահանգային կառավարութեան եւ քաղաքապետարանի հետ ուղիղ կապեր ստեղծելն է իր նպատակը, ինչպէս նաեւ սերտ յարաբերութիւններ ձեռք բերել տարբեր երկիրներու հիւպատոսներու հետ։

Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ նորանշանակ Պատուոյ Հիւպատոսին ուղղուած շնորհաւորական խօսքերով եւ յաջողութեան մաղթանքներով։

Շողիկ Սաֆար

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.