Քաղաքական նոր սահմանափակում՝ անձնանուններու կիրառումը կրնայ արգիլուիլ կուսակցութիւններու անուններուն մէջ
- (0)

Հայաստանի Ազգային ժողովը ապրիլ 7-ին պիտի գումարէ արտահերթ նիստ՝ «Ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ քննարկելու համար։
Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը կը նախատեսէ արգիլել կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու անուններուն մէջ անձնանուններու գործածութիւնը։ Ըստ հրապարակումներու, նախաձեռնութիւնը արդէն քաղաքական արձագանգ յառաջացուցած է։
Իրաւապաշտպան եւ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան անդամ Գոհար Մելոյան յայտնած է, թէ առաջարկուող փոփոխութիւնը ուղղուած է մասնաւորապէս Սամուէլ Կարապետեանի անունի կիրառման դէմ։ Ան ընդգծած է, որ իշխող ուժը կը փորձէ միջամտել ընտրական գործընթացին՝ փաստաթուղթերու ներկայացման նախօրէին փոխելով խաղի կանոնները։
Մելոյան նաեւ նշած է, որ խնդիրը չի սահմանափակուիր մէկ քաղաքական ուժով, այլ առնչուած է ընտրական իրաւունք ունեցող բոլոր քաղաքացիներուն եւ հարուած է պետութեան իրաւական ու ժողովրդավարական հիմքերուն։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները նախատեսուած են 7 յունիս 2026-ին։